Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքահայու Տուայտանք

Օգոստոս 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Վիճակս աննախանձելի է: Աջէն, ձախէն հարուածներ կը հասնին ինծի: Այո՛, թիրախը անձնապէս ես չեմ, բայց ի՛նչ տարբերութիւն… հազարաւորներու շարքին ես ալ կը կրեմ անոնց հետեւանքները:

Հազարաւոր սփիւռքահայ եղբայրներուս եւ քոյրերուս նման կ՛ուզեմ ազգիս ու հայրենիքիս օգտակար ըլլալ: Լա՛ւ, Հայաստանի վիճակի բարելաւման ուղիներուն մասին ինձմէ խորհուրդ կամ կարծիք ուզող չկայ, նոյնիսկ ամէնէն մօտիկ ընկերներս ինծի կը հասկցնեն, թէ այնքան ատեն, որ հողի վրայ չեմ, պէտք չէ յաւակնոտ ըլլամ եւ «խելօք» առաջարկներ տալու փորձութեան ենթարկուիմ: Դժկամութեամբ, բայց եկէք ընդունինք այս կարգավիճակը, եւ բաւարարուինք մեզի վերապահուած դերով` Հայաստանին ու Արցախին նիւթական օգնութիւն տալով: Բայց այստեղ ալ կանաչ ճանապարհ չէ բացուած առջեւս: Համատարած կասկածները, անվստահութիւնը կը կրծեն հոգիս: Կը փորձեմ պայքարիլ նոյն այդ կասկածողներուն ու անվստահութիւն քարոզողներուն դէմ: Կ՛ուզեմ բան մը ընել, բան մը տալ: Սակայն, ամէն անգամ տարբեր տեղէ զգայացունց խայտառակութիւն մը դուրս կու գայ, եւ աւելի՛ կը դժուարացնէ գործս:

Այս տուայտանքէն ազատագրուելու համար, հեղինակաւոր խօսք կը փնտռեմ, հեղինակութիւն ու վարկ վայելող կը փնտռեմ, որ ինծի ճամբայ ցոյց տայ, միտքս հանգստացնէ, յուզումներս վերացնէ եւ բարոյական ամրութեան խարիսխ դառնայ ինծի ու ինծի նման բազմաթիւներու: Հոգեւոր ու քաղաքական առաջնորդներու վարկաբեկումներուն անվերջ դրուագները կը խախտեն հաւատքս` բարոյալքումի սերմերը աճեցնելով հոգիիս մէջ:

Գիտեմ, որ, հակառակ այս բոլորին, հայրենիքի մէջ ապրող եղբայրներս ու քոյրերս աւելի ծանր հոգեվիճակ ունին, եւ այդ գիտակցութիւնը անզօր կատաղութեամբ կը լեցնէ ներաշխարհս: Բայց նոյնի՛սկ այսպէս տուայտելու իրաւունքը չունիմ, որովհետեւ ինձմէ ուրիշ բան կ՛ակնկալուի:

Ինձմէ աւելի ջղուտ խօսք, ուժեղ կեցուածք, աներեր հաւատք կը սպասուի:

Դարձեա՛լ մէկ հասցէ ունիմ` անոնց ներշնչումը ստանալու… Մեր նահատակ զինուորնե՛րը, որոնց մեղադրող հայեացքները կը պարտադրեն դուրս գալ անզօրութեան զգացումի ճիրաններէն ու բան մը ընել:

 

 

 

Նախորդը

Բանակցային Գործընթացի Թեման Հողերը Չեն

Յաջորդը

Սիրիական հակամարտութիւնը տեղափոխւում է նոր հարթութիւն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?