ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2-ին կը տօնենք Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրման 25-ամեակը: Ազգային նուաճում մը, որ կը պատգամէ, թէ մենք կարող ենք ազատագրել մեր պապենական հողերը, թէ` մենք կարող ենք քայլ առ քայլ առաջ գնալ դէպի միացեալ Հայաստան: Այս նուաճումը կը պարտինք մեր արցախեան ազատամարտիկներուն: Այդ ազատամարտիկներու շարքին առաջնագոյններէն էր ԱՐԹՈՒՐ ԱՍԼԱՆԻ ՄԿՐՏՉԵԱՆ:
Արթուր Մկրտչեանը վերընձիւղումն իսկ էր Արամ Մանուկեանի: Ան դաշնակցական էր` միսը միսէն, ոսկրը ոսկրէն: Ան իր մէջ կը խտացնէր դաշնակցականի բոլոր առաքինութիւնները: Ան մտաւորական էր, ազատամարտիկ էր, քաղաքական գործիչ էր: 32 տարեկան հասակին ան Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահն էր: Այդ հանգամանքով ան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առաջին նախագահն էր:
Արթուր Մկրտչեան արցախեան ազատամարտի ու պետականութեան թէ՛ մարտական ու թէ՛ գաղափարական առաջնորդն էր: Իր տեսութիւնը շատ բիւրեղ եւ յստակ էր.
«Արցախն աղքատ բարեկամ չէ, որին պէտք է օգնել, Արցախը պէտք է նուաճել, Արցախը պէտք է գրաւել, Արցախը պէտք է մերը դարձնել»:
«Թող ոչ մէկի մտքով չանցնի, թէ Ղարաբաղում հայ չապրելով` Ղարաբաղը կարող է Հայաստանի մաս դառնալ: Հողը նրանն է, ով էդ հողի վրայ ապրում է եւ պաշտպանում է այդ հողը»:
«Առաջին հարցը կանոնաւոր բանակ ստեղծելն է, չնայած` դա շատ դժուար կը լինի, որովհետեւ համապատասխան միջոցները բացակայում են: Ամրացնել Ղարաբաղի սահմանները եւ մտածել Ղարաբաղի ներսում ժողովրդի կենսապահովման հետ կապուած հարցերը լուծելու ուղղութեամբ: Արցախի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի հետ պայմանաւորած կը լինի նրանով, թէ Ազրպէյճանը ինչքանո՞վ կը ճանաչի հայ ժողովրդի իրաւունքն Արցախում ապրելու»:
«Արցախը պէտք է մերը դարձնել: Հողը նրանն է, ով հողի վրայ կ՛ապրի եւ կը պաշտպանէ զայն: Այս նպատակին համար հրամայական է կանոնաւոր բանակի ստեղծումը»:
«Արթուր Մկրտչեանի այս պատգամները այսօր իրականութիւնն են: Մեր պարտականութիւնն է այդ իրականութիւնը յարատեւելի դարձնել` յանուն Արցախի, յանուն միացեալ Հայաստանի, յանուն արցախեան պետականութեան կերտիչ Արթուր Մկրտչեանի:
Արթուր Մկրտչեան: Ահաւասիկ` իսկական հերոսը, իրական ազատամարտիկը, արժանավայել նախագահը:
Արթուր Մկրտչեան: Ահաւասիկ` օրինակելի նախագահ մը, որու օրինակին պարտին հետեւիլ Հայաստանի Հանրապետութեան անցնող թէ գալիք նախագահները: