Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Համաշխարհային Ճանաչելիութիւնը

Սեպտեմբեր 2, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

kevork-(1)a_90216

Կուկըլ-ի մէջ Արցախի վերաբերող փնտռտուքը հետեւեալ արդիւնքները կու տայ` «Արցախ (հայատառ)» բառին համար 3.020.000 արդիւնք, «Ղարաբաղ (հայատառ)»` 1.210.000, «Artsakh»` 3.010.000, «Nagorno Karabakh» 5.010.000, «Armenia» 349.000.000, «Azerbaijan»` 275.000. 000: Կուկըլ-ի գիրքերու բաժինին մէջ կատարուած սերտողութիւնը այս թիւերը կը պարզեն` «Artsakh»` 8460 արդիւնք, «Nagorno Karabakh»` 7600, «Armenia» 703.000, «Azerbaijan» 233.000. Իսկ նոյն ծառայութեան ակադեմական բաժինին մէջ (Կուկըլ Սքալըր)-ին մէջ որոնելու պարագային, հետեւեալ արդիւնքը կը ստանաք. «Artsakh»` 1060 նիւթ, «Nagorno Karabakh»` 15.700, «Armenia»` 377.000, «Azerbaijan»` 270.000: Այստեղ պատկերը յստակ է, համացանցի մէջ հասանելիութեան իմաստով Հայաստանը բաւական առջեւ է Ազրպէյճանէն, իսկ Արցախը, բնականաբար եւ հասկնալի պատճառներով,  բաւականին ետեւ է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի դիրքերէն: Այդ պատճառներէն կարելի է նկատել Արցախի, որպէս անկախ պետականութիւն, միջազգային ճանաչում չունենալու հանգամանքը:

kevork-(2)_90216

Բաղդատականին օղակը լայնցնելու համար, կ՛արժէ սերտել Արցախի իրաւական-գործնական կարգավիճակին մօտիկ կամ նման տարածքներուն առնչութեամբ Կուկըլ-ի մէջ ճանաչելիութեան եւ հասանելիութեան տուեալները: Օրինակ, Արցախի նման անկախութիւն հռչակած ու միայն ՄԱԿ-ի անդամ չեղող ինքնահռչակ պետութիւններու կողմէ ճանաչում ստացած «Transnistria»-ն կուկըլի մէջ ունի 4.890.000 արդիւնք, ինչ որ մօտ է նախաբանին մէջ նշուած Արցախի արդիւնքին: Իսկ, օրինակի համար, Արցախի իրաւական կարգավիճակին մօտիկ ու ՄԱԿ-ի անդամ շարք մը երկիրներու կողմէ ճանչցուած «Kosovo»-ն ունի 87.300.000 արդիւնք…: Պատկերը աւելի կը լրջանայ, երբ նոյն ցանցին մէջ հակամարտութիւններու անուններ կը փնտռուին: Այսպէս` «Nagorno karabakh conflict» միայն 507.000 արդիւնք, «Armenia Azerbaijan conflict», աւելի շատ, 873.000 արդիւնք, իսկ «South Sudan conflict»` 3.220.000 արդիւնք, «War in Somalia»` 25 100 000, «israeli-palestinian conflict»` 2.680.000, «kosovo conflict»` 10.200.000 (1). Այս թիւերը որոշ չափով երեւան կը հանեն նաեւ ընթացող հակամարտութիւններուն նկատմամբ համաշխարհային հասարակութեան կողմէ  ցուցաբերուած հետաքրքրութեան մակարդակը…:

Կարելի է վերլուծել, թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ Արցախի ճանաչելիութեան մակարդակը թէեւ այդքան ալ բացասական չէ, սակայն գոհացուցիչ ու մրցունակ ալ չէ: Պատմականօրէն նոյն ժամանակահատուածին եւ նոյնիսկ աւելի ուշ սկսած հակամարտութիւններ աւելի լայն համաշխարհային հետաքրքրութիւն կը վայելեն, քան արցախեան հիմնահարցը: Ժողովուրդներ եւ զանգուածային հասարակութիւններ լաւատեղեակ չեն Արցախի մասին ու Արցախի հակամարտութեան նկատմամբ իրենց հետաքրքրութիւնը աւելի նուազ է, քան այլ շրջաններու մէջ ընթացող հակամարտութիւններու պարագային: Եթէ ընդունինք, որ համացանցը այսօր քարոզչութեան հզօրագոյն եւ ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մէկն է, ինչպէս նաեւ տեղեկահաւաքի կարեւորագոյն աղբիւրը, ապա համացանցի վրայ Արցախի եւ արցախեան հակամարտութեան նուիրուած նիւթերու եւ աղբիւրներու զարկ տալը անհրաժեշտ է:

Միւս կողմէ, Արցախին անունը չլսած ու աշխարհի քարտէզին վրայ անոր ուր ըլլալը չգիտցող միլիոնաւոր մարդիկ կրնան ո՛չ միայն ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան ենթարկուիլ, այլ նաեւ շարք մը միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցներու անճիշդ տեղեկութիւններով գաղափար կազմել Արցախի մասին: Օրինակ, որոշ միջազգային լրատուամիջոցներ արցախեան հիմնախնդիրը կը դնեն քրիստոնեայ-իսլամ կրօնական շինծու հակամարտութեան ծիրին մէջ (2), ինչ որ ճիշդ չէ, եւ կամ արցախեան հարցը որպէս անջատողական արարք կը ներկայացնեն (3):  Վնասակար այլ երեւոյթ է նաեւ արցախեան հիմնախնդիրը Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ միջպետական տարածքային հակամարտութիւն նկատելը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արցախեան հակամարտութեան պաշտօնական բանակցութիւններէն հեռու մնալը, ինչ որ ուղղակիօրէն բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան Արցախի համաշխարհային ճանաչելիութեան վրայ:

kevork-(1)_90216

Ահա թէ ինչո՛ւ, Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ, քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքներուն կողքին, նոյնքան անհրաժեշտ են ժողովրդային-հասարակական մակարդակներու վրայ Արցախի ճանաչելիութեան բարձրացումը: Աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող հասարակ քաղաքացիները տեղեկանալու են արցախցի ժողովուրդին արդարացի ու պատմական իրաւունքներուն մասին, որպէսզի կազմուի համաշխարհային ճշգրիտ ընդհանուր կարծիք,  որ ի նպաստ Արցախի ժողովուդին ինքնորոշման իրաւունքին պէտք է օգտագործուի:

Սկսեալ Եւրատեսիլի մրցումին արցախեան դրօշը պարզած երգչուհիէն, մինչեւ ողիմպիական ոսկի մետալակիր հայ մարզիկին շապիկին վրայ երեւցող Արցախի հերոսին նկարը ճիշդ ու տեղին քարոզչութիւններ են: Ողջունելի է նաեւ Արցախ գործուղուած լրագրողներուն աշխատանքները ու Հայ դատի գրասենեակներու քարոզարշաւները: Այս բոլորին կողքին կարելի է նաեւ առաւել զարկ տալ Արցախի զբօսաշրջութեան, Արցախը ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի եւ ԵՈՒԵՍՔՕ-ի նման կազմակերպութիւններու անդամագրելու աշխատանք տանիլ, Արցախի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներդրումներն ու զարգացման ծրագիրները բազմապատկել, միջազգային երիտասարդական եւ մշակութային կազմակերպութիւններուն Արցախ հրաւիրել ու համապատասխան նախաձեռնութիւններ, ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն կարելիութիւնները լաւագոյնս օգտագործել, ինչպէս նաեւ Արցախի մասնակցութիւնն ու ներկայութիւնը ապահովել, միջազգային այն ձեռնարկներուն, փառատօներուն, ներկայացուցչական ծրագիրներուն, ուր պարտադիր չէ միջազգային իրաւական ճանաչում ունենալու հանգամանքը:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը հետեւեալը կը յայտարարէր. «Մենք միջազգային ընտանիքէն կը պահանջենք, որ Արցախի վրայ կեդրոնացնէ իր ուշադրութիւնը ո՛չ միայն պատերազմի ու զինուորական գործողութիւններուն ժամանակ…»:

Պահանջուած ուշադրութիւնը վայելելու համար, օգտագործելու ենք հնարաւոր բոլոր միջոցները ու նոյնիսկ ստեղծագործելու ենք, աւելի ճիշդ` յաղթելու ենք…: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ յաղթողն ու ուժեղը ուշադրութիւն կը վայելեն, ուստի յաղթելու համար Արցախի սահմանին կանգնած քաջարի զինուորին չափ ընելիք ունինք իւրաքանչիւրս:

Վիեննա, 28 օգոստոս 2016

———————————–

1).- Փնտռտուքը կատարուած է 28 օգոստոս 2016-ին:
2).- http://www.bbc.com/news/world-europe-18270325 եւ https://www.theguardian.com/world/2016/apr/05/death-toll-armenian-azerbaijani-talks-nagorno-karabakh-russia-us
3).-http://bigstory.ap.org/article/171399236b5648d1bfbe77dd5128248e/azerbaijan-says-separatist-clashes-no-threat-formula-one
Նախորդը

Արցախը Ամբողջ Հայութեան Ապագան Է, Անփոխարինելի Յենարանը

Յաջորդը

Պսակը Պիտի Չդառնայ Խարամ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?