Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակցային Գործընթացի Թեման Հողերը Չեն

Օգոստոս 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0221garoarmenian1ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն կապակցութեամբ վերջերս շրջանառուող տարաձայնութիւնները գլխաւորաբար կը վերաբերին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն կողմէ առաջարկուած լուծման այն կերպարին (model), որ յայտնի է Մատրիտեան սկզբունքներ յորջորջումով եւ որ Քազանի գագաթաժողովի վերատեսութիւններէն անցնելէ ետք, այժմ ի նորոյ կը հրամցուի հայկական կողմին` իր վերջին (Լաւրովեան, իմա՛ ռուսական) տարբերակով:

Այս փաստաթուղթը պաշտօնապէս չէ հրապարակուած, սակայն, քաջատեղեակ բոլոր աղբիւրներուն վկայութեամբ, ան պայման կը դնէ, որ 1994-ի Պիշքեքեան զինադադարի պայմանագիրով հայկական ուժերու իրաւասութեան տակ գտնուող եօթը ազատագրուած շրջաններէն հինգը անմիջապէս վերադարձուի Ազրպէյճանի իրաւասութեան, ի դիմաց անորոշ եւ անբովանդակ խոստումներու…

Առաջարկուող այս անհեթեթութիւնը գլխիվայր կը շրջէ բանակցային գործընթացի ցարդ նուիրագործուած սկզբունքները եւ կ՛աղաւաղէ գործընթացի տառն ու ոգին: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահներու յստակ հաւաստիացումները արդէն իսկ կը խօսին այն մասին, որ հայկական կողմը կը մերժէ առաջարկուող այս իրողական անձնատուութիւնը` վերջ դնելով Ազրպէյճանի յաւակնութիւններուն:

Պէտք է յիշեցնել բոլորին, որ 1993-ին Ազրպէյճանի նախայարձակումով ստեղծուած այն պատերազմական պայմանները, որոնք անհրաժեշտ դարձուցին հայկական ուժերու մուտքը եօթը շրջաններ, այսօր եւս կը մնան անփոփոխ: Անոնք կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ ազրպէյճանական շատ աւելի մեծ  սպառազինումով: Ազրպէյճանական սպառնալիքը շատ աւելի յստակ եւ անմիջական բնոյթ ունի այսօր: Ազրպէյճան իր յարձակողական քաղաքականութեամբ չէ դադրած ապացուցելէ, որ յիշեալ եօթը շրջանները բանալի՛ն իսկ են Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան: Եւ անոնց վերադարձը Ազրպէյճանի` բացարձակապէս անպաշտպանելի կը դարձնէ Արցախն ու Հայաստանը, հետեւաբար կ՛ապակայունացնէ ամբողջ տարածաշրջանը: Այդ տարածքները չեն պատկանիր Ազրպէյճանին: Անոնք կը պատկանին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:

Բանակցային գործընթացի օրակարգը հողերը չեն: Բանակցային գործընթացի թեման Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնն է եւ Ազրպէյճանի պարտաւորութիւնը` իր յարձակողական քաղաքականութեան վերջ տալու:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ մէջ Պայտըն աճուրդի հանեց ժողովրդավարութիւնը

Յաջորդը

Սփիւռքահայու Տուայտանք

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?