Ազրպէյճանական Ծագումով Ամերիկացի Ատիլ Պակիրով 250 Հազար Տոլար Ստացած Է` Յօգուտ Ազրպէյճանի Լոպիինկ Կատարելու Համար
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ շաբթուան յօդուածիս մէջ անդրադարձած էի Միացեալ Նահանգներու մէջ յօգուտ Ազրպէյճանի լոպիինկի համար գաղտնի ֆինանսաւորման մասին. անդրադարձած էի այն վարձատրութեան, որ տրուած է «նախագահ Ալիեւի հետ սերտ կապեր ունեցող քարիւղի եւ կազի հարցերով ազդեցիկ խորհրդատուի մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ գաղթականի յաջող պատմութիւն ունեցող մը, եւ որ կ՛ապրի Օհայօ նահանգի Տէյթըն...




















