Անդրադարձ

Հանրութեան Պառակտում` «Մեծ Սիրոյ» Փաթեթաւորմամբ

Արժէքների Պատերազմ

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՅԴ հանրային կապերի գրասենեակի պատասխանատու Հայաստանեան գործընթացները աչքի են ընկնում ո՛չ միայն աղմկայարոյց բացայայտումներով, կալանաւորումներով, դատավարութիւններով, ազատ արձակումներով, հարկային վարչարարութեան աշխուժացմամբ, հակափտածութեան եւ մենաշնորհների դէմ պայքարով, նոր ընտրութիւնների սպասումներով եւ քաղաքական ուժերի վերադասաւորումներով, այլեւ արժէքների բախմամբ: Ժողովրդական արդար ընդվզումը շարժել է նաեւ հայ հանրութեան արժէքային դաշտը, որի մի հատուածը սնւում է ոչ ազգային միջավայրից եւ ուղղուած է սպասարկելու...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով` Անոր Գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1920 – Բ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սիմոն Վրացեան կը գրէ. «18 ապրիլ 1920-ին պոյ-սկաուտներու օր էր Երեւանի մէջ: Քաղաքը ստացած էր տօնական տեսք: Փողոցներուն մէջ տուփերով հանգանակութիւն կը կատարուէր: Պոյ-սկաուտները երաժշտութեամբ կենդանութիւն կը մտցնէին ամէն կողմ: Ամառնային ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային մարզանք: Պոյ-սկաուտները, իրենց վարիչ հունգարացի Ալպերթ Սետմայի առաջնորդութեամբ, գեղեցիկ խաղեր խաղացին` արժանանալով խռնուած հասարակութեան խանդավառ ծափերուն: Սկաուտական շարժումը հանրային կրթութեան նախարարութեան գուրգուրանքի...

Խոստովանանք

Խոստովանանք

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տարեդարձս է: Արդէն հասած եմ կեանքիս աշունը: Կը զգամ: Կ՛ապրիմ: Կ՛ուզեմ ես ինծի հետ եւ իմ մասին խօսիլ ու անձս միայն ինծի պարզել: Ազնիւ, յստակ ու արդար: Մէկ բառով` խոստովանանք: Ինքնաճանաչում, եթէ կ՛ուզէք եւ կամ ալ... արժեւորում կամ... ինքնաքննադատում: Այսպէս, ըսեմ համեստօրէն: Իբրեւ հայ լեզուի աշակերտ ու մեսրոպեան բանակի յաւերժ կամաւոր` ամբողջ կեանքիս ընթացքին անկեղծութեան եւ պարզութեան դպրոցին...

Լոյս Տեսած Է «ՎԷՄ» Հանդէսի 2017 Թուականի  Վերջին` Չորրորդ Թիւը

Լոյս Է Տեսել «Վէմ» Հանդէսի 2018 Թուականի 2-րդ Համարը

Լոյս է տեսել «Վէմ» հանդէսի 2018 թուականի 2-րդ համարը` 296 էջ ծաւալով, որի ընդարձակ խմբագրականում փորձ է արուել քննական հայեացք նետել Հայաստանում տեղի ունեցած վերջին յեղափոխական իրադարձութիւնների խորքային, ոչ միշտ տեսանելի մասին` հիմնուելով դեռեւս շարունակուող քաղաքական գործընթացի եռաչափութեան փաստի վրայ: Հանդէսի նոր համարը հարուստ է ՀՅԴ պատմութեանն ու Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած նիւթերով: Թէեւ այդ կապակցութեամբ «Վէմ»-ի խմբագրութեան կողմից 2018...

Բարեբեր Դեգերումներ

Բարեբեր Դեգերումներ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Երկու տարի առաջ, երբ Լեւոն Շառոյեան լոյս կ’ընծայէր իր «Դեգերումներ»-ուն առաջին հատորը, հայ ընթերցողը, քիչ մը դժուար հաւատալով աչքերուն, աշխարհի չորս ծագերուն զայն ընկալեց իբրեւ ձիթենիի այն դալար ոստը, թէ ամէն բան կորսուած չէ մայր գաղութի ծիրէն ներս եւ իրեն կը տրուի այն պաշտօնական ու գրաւոր երաշխիքը, թէ սուրիահայութիւնը պիտի վերայառնէ իր մոխիրներէն, վերականգնի ու վերստանձնէ իր փրկարար...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Սեւրի Դաշնագիրին Հետքերով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սեւրի Դաշնագիրին Հետքերով

Սեւրի դաշնագիրի 98-ամեակը պահ մը մտածել կու տայ, թէ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ ինչպիսի՛ լծակներու օգտագործումով Հայաստան կրնայ իր քաղաքական օրակարգը ներդաշնակ դարձնել գերպետութիւններու այն շահերուն, որոնց իրականացումով կարելի կը դառնայ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ ու հողային հարցերը վերստին արծարծել: Վերջին տարիներու աշխարհաքաղաքական զարգացումները շարք մը ըմբռնումներ շրջեցին: Վերլուծաբաններ բազմիցս խօսեցան Միջին Արեւելքի աշխարհագրական փոփոխութիւններու, քարտէսագրական նոր արշաւի մը մասին,...

Նամականի

Ակնարկ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ամերիկան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Դժբախտաբար ընդհանրապէս շփոթ կայ Սեւրի դաշնագիրին պատրաստութեան, ստորագրութեան եւ ապա անոր գործադրութեան եւ Ամերիկայի` Հայաստանի հովանաւորութեան միջեւ: Որեւէ կասկած կա՞յ արդեօք, որ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն ինքնագլուխ գործեց` ղրկելով մեծաթիւ «Քինկ Քրէյն» քաղաքական, եւ «Հարպորտ» զինուորական առաքելութիւնները Փոքր Ասիա եւ Հայաստան: Շատ յստակ է, որ մինչեւ Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութիւն, ամերիկեան վարչական մեքենան` արտաքին գործոց նախարարութիւն, զինուորական եւ այլ...

Ծիրանի Ծառ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ծիրանի ծառ, բառ մի՛ տայ, Վա՜յ, Ճղներդ իրար մի՛ տայ, Վա՜յ, Ամէն մէջդ ման գալիս Ցաւերս իրար մի՛  տայ» (Կոմիտաս վարդապետ) Բարեկամի մը տունը այցելութեան գացած էի. երբ կը պատրաստուէի տուն վերադառնալ, իր տան պարտէզէն շատ փոքր, ափի մեծութեամբ տունկ մը տալով ինծի` յանձնարարեց ցանել պարտէզիս մէկ անկիւնը: - Քանի մը տարիէն պիտի վերածուի ծառի, որ պիտի յիշեցնէ...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Գուրգէն Մահարի (Աճեմեան, 1903-1969). Կրկնակի Աքսորեալ Հայուն Տաղանդաւոր Բանբերը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Օգոստոս 1-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան 115-րդ տարեդարձը իր մեծատաղանդ զաւակներէն Գուրգէն Մահարիի, որ 66 տարուան իր կեանքի ընթացքին երկու անգամ արմատախլումի դառն բախտին ենթարկուեցաւ` տեղահանութիւն եւ աքսոր ճաշակելով... Մահարի անլռելի վկաներէն է հայութեան վիճակուած կրկնակի հայրենահանման ու տարագրութեան. նախ` թրքական պետութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի հայաթափման ոճիրին, ապա` խորհրդային Չարիքի կայսրութեան ձեռամբ 1930-ականներու երկրորդ կիսուն...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Սինճարի Մէջ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան Չորրորդ Տարելիցը Եւ Հայաստանը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 3 օգոստոս 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները հիւսիսային Իրաքի մէջ պաշարեցին Սինճար լեռը եւ սպաննեցին, բռնաբարեցին եւ գերի բռնեցին հազարաւոր անմեղ եզիտիներ: Այդ օրը աշխարհի եզիտիներուն կողմէ կը յիշուի իբրեւ իրենց պատմութեան նորագոյն ցեղասպանութիւնը` յուսալով, որ վերջինը կ՛ըլլայ: Եզիտիները սատանայապաշտ չեն, ինչպէս շատերը կը կարծեն, այլ կը հաւատան, որ Աստուած աշխարհը կառավարելու համար լիազօրած է 7 հրեշտակներ, որոնցմէ ամէնէն զօրաւորը...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թուրքիա Կը Ճնշէ Ոչ Մահմետական Առաջնորդներուն Վրայ, Որպէսզի Պնդեն, Թէ Իրենք Ճնշումի Ենթարկուած Չեն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Վերջին յօդուածներէս մէկուն մէջ գրած էի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնական ազատութիւններու նուիրուած տարեկան զեկոյցին մասին, ուր նշուած էր, որ` «Թուրքիոյ մէջ բոլոր կրօնական խումբերը, բացի սիւննի մահմետականներէ, կը տառապին խտրականութենէ եւ հալածանքներէ... Կրօնական փոքրամասնութիւնները կ՛ըսեն, որ կը շարունակեն դժուարութիւններ կրել հանրային դպրոցներու մէջ` պարտադիր կրօնի դասերէ ազատ կացուցուելու, պաշտամունքի վայրերու...

Սփիւռքահայ Երիտասարդներու Սթարթափ Ծրագիր

Սփիւռքահայ Երիտասարդներու Սթարթափ Ծրագիր

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ «Հայաստանի գիտութեան եւ տեխնոլոգիաների հիմնադրամ»-ին (FAST) հետ կը կազմակերպէ «ՆերՈւժ» ծրագիրը, որուն իրականացման կ՛աջակցին նաեւ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամը, Դիլիջանի միջազգային դպրոցը (UWC), «Impact Hub Yerevan» ընկերութիւնը եւ Հայ-ռուսական համալսարանը: Ի՞նչ է «ՆերՈւժ»-ը «ՆերՈւժ» ծրագիրը նախատեսուած է սփիւռքի մէջ ապրող այն հայ երիտասարդներուն համար, որոնք կը փափաքին իրենց սթարթափ գաղափարներն...

Խմբագրական.  Իրաւապայմանագրային Բարձրակէտը Կեանքի Կոչելու Համար (Սեւրի Դաշնագիրին 98-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Իրաւապայմանագրային Բարձրակէտը Կեանքի Կոչելու Համար (Սեւրի Դաշնագիրին 98-ամեակին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումները առիթ էին եւ առիթ են վեր առնելու հանրապետութեան կարճատեւ ժամանակաշրջանին իրագործուած պատմաքաղաքական կարեւորագոյն իրադարձութիւնները եւ այժմէական կարգով զանոնք լուսարձակի տակ բերելու: Տարին դեռ յոբելենական է եւ կայ մօտեցում, որ ընթացիկ երկուքուկէս տարուան ընթացքին այս նշումները նոյն հայեցակարգային դիտանկիւնէն պիտի շարունակեն արծարծել ճակատագրորոշ խնդիրները: Այս շրջագիծին մէջ առաջին հորիզոնականին վրայ կը դիրքաւորուի Սեւրի համաձայնագիրը, որ հայկական կողմին...

10 Օգոստոս 1920. Սեւրի Դաշնագրին այժմէական արժէքն ու նշանակութիւնը

10 Օգոստոս 1920. Սեւրի Դաշնագրին այժմէական արժէքն ու նշանակութիւնը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 10 Օգոստոսին, 1920ին, հայ ժողովուրդը յաղթահասակ կանգնեցաւ միջազգային բեմահարթակի վրայ՝ անկախ հայրենիքի եւ ազատ պետականութեան տէր ազգի իրաւական կարգավիճակով նոր դարաշրջան իր մուտքը նուիրագործելով։ Օգոստոս ամսու 10րդ օրը, 98 տարի առաջ, հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ Սեւրի Դաշնագիրը, որ նուիրագործեց Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը։ Սեւրի Դաշնագիրը նաեւ եղաւ այն միակ միջազգային փաստաթուղթը, ուր Օրէնքի...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Հայաստան-Թուրքիա սահմանագծի անվաւերականութիւնը (Սեւրի Դաշնագրի Հեղինակութիւնը)

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Սեւրի դաշնագիրը քաղաքական եւ դիւանագիտական ուրոյն հեղինակութիւն պարտադրող այն հիմնական միջազգային համաձայնագիրն է, որ հետեւողականօրէն կը հաստատէ ու կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ այժմու սահմանագծին անվաւեր հանգամանքը։ 98 տարիներ առաջ, 1920 Օգոստոս 10ին ստորագրուած այս դաշնագիրը միջազգային միակ պայմանագիրն է, որ կը բացորոշէ ցարդ չգործադրուած վաւերական սահմանագծումը երկու երկիրներու միջեւ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Սեւրի դաշնագիրը տակաւին կը...

Անդրադարձ.   Հարկադիր Եւ Անախորժ Ընտրանքը

Անդրադարձ. Հարկադիր Եւ Անախորժ Ընտրանքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Պաղտատ դէմ է Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն, սակայն հարկադրուած է զանոնք կատարել: Իրաքի իշխանութիւնները, հակառակ երկրին Իրանի հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն, երկրի քաղաքական կեանքին մէջ շիիներու առաջնակարգ դերակատարութեան, Իրանի հետ 10 միլիառ տոլարի ապրանքաշրջանառութեան, դադրեցուցին Իրանի ելեւմտական հաստատութիւններուն հետ դրամատնային փոխանցումները: Բազմաթիւ երկիրներ պիտի ստիպուին հետեւիլ Իրաքի օրինակին, իմա` ընտրել չարեաց փոքրագոյնը:...

Սեւրի Դաշնագիրն Ու Մենք (10 Օգոստոս 1920)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ժամանակակից պատմութեան նոր մէկ դարձակէտին, Մեծ պատերազմի զինադադարի յիշատակելի օրերուն, երբ աշխարհի նոր քարտէսը կը գծուէր եւ ազգերու ճակատագիրը կը վճռուէր, օրուան քաղաքական պատասխանատու վարիչները Սեւրի 88-րդ եւ 89-րդ յօդուածներով պաշտօնապէս ու հանդիսաւորապէս ճանչցան հայ բազմաչարչար ազգի արդար իրաւունքը` ունենալու անկախ ու միացեալ Հայաստան: ՀՐԱՆԴ ՍԱՄՈՒԷԼ «Օրուան խօսքեր» Գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ յայտնենք, թէ Սեւրի դաշնագիրը...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Կէս Արդարութիւնը` Արդարութիւն Չէ…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Բոլորս էլ ընդունում ենք հաստատուած մի ճշմարտութիւն, որ բնութեան մէջ իշխող բնազդն է պահպանում մարդկային եւ կենդանական աշխարհը, որով եւ ուղորդւում է կեանքը: Այդ բնազդով են նրանք պահպանում իրենց ընտանիքը, իրենց երկիրը, բոյնը, իրենց սահմանները: Ազգերը, ժողովուրդները հիմնականում այդ ներքին անբացատրելի բնազդով են կապւում իրենց հողին, կեանքերը զոհելով իսկ փորձում են պահպանել այն: Կենդանական աշխարհում այդ...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Իշխան Յովսէփ Արղութեան Իշխան Յովսէփ Արղութեան. ազգային ազատագրական շարժման, ռազմական եւ պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Յեղափոխական ծածկանունով` Տաշօ եւ Երուանդ, սակայն յայտնի է նաեւ Իշխան կամ Խանասորի Իշխան մականուններով: Ծնած է 1863-ին, Լոռիի Սանահին գիւղը: Արղութեան իշխանական տոհմէն: 1879-ին անցած է Թիֆլիս, ուր կրթութիւնը ստացած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1884-ին: Ուսուցչական աշխատանք տարած է...

Դիմաւորենք Տուտուկահար Հայկ Սարիգույումճեանը Համմանայի Մէջ

Դիմաւորենք Տուտուկահար Հայկ Սարիգույումճեանը Համմանայի Մէջ

ԱՐՓԻ Մ. Կիրակի, 12 օգոստոս 2018-ին, ժամը 6:30-ին  «Համմանա արթիստ հաուս»-ը կը հիւրընկալէ հանրածանօթ տուտուկահար Հայկ Սարիգույումճեանը: Միայն տարի մը առաջ հիմնուած այս արուեստի տունը, որ ուղղակիօրէն կը վայելէ Համմանայի քաղաքապետութեան ու քաղաքապետին հոգածութիւնն ու բարերարութիւնը, գիւղին վերադարձուց մշակութային բարձրորակ ճաշակով զով գիշերներու ճոխութիւնը: Անցնող ամիսներուն այդ սիրուն տան դիմաց բացուած բակը կեանքի եկաւ արժանթինեան, պրազիլական, լիբանանեան եւ այլ մշակոյթներու...

Page 515 of 806 1 … 514 515 516 … 806

Արխիւներ