ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարեդարձս է: Արդէն հասած եմ կեանքիս աշունը: Կը զգամ: Կ՛ապրիմ:
Կ՛ուզեմ ես ինծի հետ եւ իմ մասին խօսիլ ու անձս միայն ինծի պարզել:
Ազնիւ, յստակ ու արդար:
Մէկ բառով` խոստովանանք: Ինքնաճանաչում, եթէ կ՛ուզէք եւ կամ ալ… արժեւորում կամ… ինքնաքննադատում:
Այսպէս, ըսեմ համեստօրէն:
Իբրեւ հայ լեզուի աշակերտ ու մեսրոպեան բանակի յաւերժ կամաւոր` ամբողջ կեանքիս ընթացքին անկեղծութեան եւ պարզութեան դպրոցին աշակերտեցի ու` տակաւին: Յաճախ քալեցի հոսանքէն քշուած սրտիս ու մտքիս հակառակ: Ճակատագրի բերումով ճանչցայ բազմաշերտ տառապանքին նախատինքը, մեծ ու փոքր մարդոց դիտումնաւոր անտեսումը, անգործութիւնը ու այս բոլոր անակնկալներու դիմաց թէեւ յաճախ մնացի ապշած, բայց ուսերս վեր նետեցի, կռնակս դարձուցի ու նաեւ անձայն ու լուռ յամառօրէն պայքարեցայ:
Ու այս բոլոր իրավիճակներու դիմաց ճակատաբաց ու անխռով, մինակս ճամբաս շարունակեցի:
Ճամբուս վրայ յաճախ հանդիպեցայ ատելութեան ու նոյնիսկ թունաւոր ուրախութեան, կեղծիքին ու կեղծաւորին, նաեւ, ինչ մեղքս պահեմ, սքանչելի հաւատարմութեան: Այսպէս, հանդիպեցայ անկեղծ մարդոց, ազնիւ տիպարներու, որոնց դէմքերուն վրայ հայու հոգին պայծառ ու լուսաւոր կը ցոլար:
Ի տես այս վերջիններուն` ուրախացայ: Ինքզինքս այդ պահուն երջանիկ զգացի:
Եւ ապա, քաջալերուած, շարունակեցի քալել ինծի սահմանուած օրերու շարանով, արթնցող բաբախումներով, երազներուս նկարներով, աչքերուս մէջ պահելով կեանքի թանկագին օրէնքները, ամէն մտահոգութիւն, ե՛ւ կամք, ե՛ւ անկեղծ պարզութիւն:
Միշտ կարդացի գիրերու վրայ ցատկռտող աչքերովս, կեանք ներարկող խանդավառութեամբ եւ փորձեցի յուշերս հին լարերու վրայ դարձեալ նուագել:
Սակայն ամէն անգամ ես ինծի հարց տուի, թէ ի՞նչ պիտի զգայի, եթէ հայ չըլլայի:
Այդ պատճառով, երբեմն սեւն ու ճերմակը իրար խառնեցի ու ես զիս ամէն տեղ փնտռեցի:
Յաճախ փորձեցի նոյնիսկ ի մի բերել հին ու նոր միտքերս, մաշած յոյսերս, կարկտան մտածումներս: Ապա մեծ ու լայն ախորժակով անոնց վրայ աւելցուցի յոյսերով ու լոյսերով լեցուն նորերը:
Սակայն զանոնք կարդացող չգտայ:
Զգացի, որ մարդիկ զիս չէին հասկցած: Նոյնիսկ չէին փորձած հասկնալ: Օտար մըն էի զիս շրջապատող բազմութեան մէջ: Իրենց համար` անհասկնալի եւ նոյնքան ալ անընդունելի: Այս բոլորը տեսանելի էին ու նոյնքան ալ խղճալի եւ սակայն` թունաւոր:
Ու այս հեւքոտ վազքիս ընթացքին եւ երազներուս մէջէն առաջին սէրս փնտռեցի: Մաքուր: Անմեղ: Մանկական: Ցնցուեցայ:
Օրերս, իրենց երկար ու կարճ ժամերու շարանով, յոգնեցան: Յուշերս երբեմն թէեւ ներսս տաքցուցին, բայց եւ այնպէս զիս կտոր-կտոր ալ ըրին:
Յետոյ…
Զաւակներուս եւ յատկապէս թոռներուս ներկայութեան տարիքս մոռցայ: Ու իբրեւ մտքի հոսքի անխոնջ ճամբորդ` գրիչս յաճախ դարձաւ ցանկալի տառապանք:
Բայց հակառակ այս բոլորին… չեմ մոռնար ու համեստօրէն կը բացայայտեմ, որ շնորհիւ կամքիս ու զսպուած ջիղերուս` տարիներս ոչ միայն գեղեցկացուցին կեանքս, այլ նաեւ անոր տուին մաքուր ու պայծառ արեւ մը ունենալու եւ զայն առատօրէն բաշխելու ցանկութիւնը:
Ուրախացայ, նոյնքան ալ հպարտացայ:
Թէեւ երբեմն ցաւեցայ օրերուս եւ նոյնիսկ ժամերուս չորութենէն, բայց երբեք չյուսահատեցայ, այլ, ընդհակառակն, մինակս գինովցայ լացով, խնդուքով, նախնիներուս պատմումներով ու ցաւերուս անտեսումով:
Նոյնիսկ գացի մոռացութեան եւ ցաւի աշխարհը ու ես զիս մխիթարեցի: Ու հպարտացայ:
Քաջատեղեակ ըլլալով, որ ծովերու խիճերու նման սկսած էի հիննալ, ուստի անշշուկ ու լուռ փնտռեցի կեանքիս տարբեր բանալին:
Ստիպուեցայ բազմութեան մէջ երկար լռութեամբ խօսիլ: Անտեսեցի ամէն անտեսում: Անոր համար վախիս վախէն երազներս սպաննեցի: Թէեւ յաճախ մտածումներս որբացան, բայց, հաւատացէ՛ք, հակառակ շրջապատիս այս չոր ու ցամաք անտարբերութեան, ամէն տեղ ու միշտ եւ հաստատապէս ու հպարտ, հոգիիս խորը ապրեցայ ու տակաւին կ՛ապրիմ աւելի հայ:
Աղուերան-Հայաստան
Օգոստոս 2018