Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Օգոստոս 1-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան 115-րդ տարեդարձը իր մեծատաղանդ զաւակներէն Գուրգէն Մահարիի, որ 66 տարուան իր կեանքի ընթացքին երկու անգամ արմատախլումի դառն բախտին ենթարկուեցաւ` տեղահանութիւն եւ աքսոր ճաշակելով…
Մահարի անլռելի վկաներէն է հայութեան վիճակուած կրկնակի հայրենահանման ու տարագրութեան. նախ` թրքական պետութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի հայաթափման ոճիրին, ապա` խորհրդային Չարիքի կայսրութեան ձեռամբ 1930-ականներու երկրորդ կիսուն գործադրուած հայ մտաւորականութեան անճիտման պատճառով:
Իբրեւ այդպիսին` քսաներորդ դարու հայ գրականութեան արժէքաւոր դէմքերու փաղանգին մէջ իր ամրակուռ պատուանդանը նուաճած գրողն է Մահարի:
Տաղանդաւոր ձայնն է խորհրդահայ գրականութեան հիմնադիր սերունդին, որ դրօշակիրը դարձաւ «կարմիր արեւ»-ին` «մուրճ ու մանգաղ»-ի ներբողանքին, բայց որ դառնութեամբ ցմրուր ճաշակեց ահաւոր բաժակը նոյնինքն խորհրդային Չարիքի կայսրութեան եւ այսպէս կոչուած` «ստալինեան մաքրագործումներ»-ուն…
Մահարի կրտսեր գործակիցն ու գաղափարակիցը եղաւ Չարենցի եւ Բակունցի, որոնք իրենց արեամբ վճարեցին ծանրագոյն գինը խորհրդային «այգաբաց»-ին հաւատալու եւ զայն գովերգելու գաղափարական մանկամտութեան…
Մահարի իր կարգին հալածուեցաւ ու բռնադատուեցաւ, բայց Չեկայի բանտերուն մէջ ֆիզիքապէս չսպաննուեցաւ, այլ դատապարտուեցաւ ցմահ աքսորի…
Այդուհանդերձ, իր ապրած դառնագոյն աքսորի խոր ցաւը սրտին, Գուրգէն Մահարի իր մահուան սնարին մէջ իսկ գաղափարական իր լաւատեսութիւնը բնաւ չկորսնցուց եւ մարգարէական շունչով պատգամեց հայոց սերունդներուն.
«Այս բռնութիւնը երկար չի տեւի, ԽՍՀՄ-ը լի է բանտերով եւ ճամբարներով, այն դատապարտուած է կործանման: Չարութեան կայսրութիւնը վերջապէս կը քանդուի: Իշխանութիւնը, որը պահւում է դաւաճանների միջոցով, գոյութեան իրաւունք չունի: Կը գայ նոր դարաշրջան, եւ հայը նորից կը դառնայ իր երկրի տէրը: Ճշմարտութիւնը կը յաղթի, եւ ինձ վերջապէս կը հասկանան, բայց, ցաւօք, ես արդէն չեմ լինի»:
Մահարի կրցաւ գոյատեւել աքսորի դաժան պայմաններուն մէջ եւ, վերջապէս, Խրուշչովի օրով «անպարտ» արձակուեցաւ եւ վերադարձաւ հայ գրականութեան, որպէսզի կարենայ վկայել խորհրդային «դրախտ»-ի էութեան` հոգեբարոյական արհաւիրքին մասին:
Մահարի միշտ հաւատաց, որ` «Ամէն մէկի կեանքում պէտք է մի փոքր անձրեւային եղանակ լինի, որպէսզի յետոյ լաւ փայլատակի արեւը»: Իր ամբողջ գրականութիւնը կիզակէտ ունեցաւ այդ հաւատքն ու սպասումը: Բայց յատկապէս անձնական իր կեանքին ու իր պաշտած ժողովուրդին ու հայրենիքին չար բախտէն Մահարի ապրեցաւ ու վայելեց միայն կարճատեւ արեւոտ եղանակ, որովհետեւ շարունակ անձրեւ ու մշուշ, արիւն եւ ցաւ «տեղաց» իր ճամբու ընթացքին…
Իր սերունդին վիճակուած Մեծ աքսորէն վերապրելով` Մահարի իր յետաքսորեան ստեղծագործութիւններով հետեւողականօրէն վկայեց խորհրդային «դրախտ»-ի բո՛ւն էութեան` խորհրդային հոգեմտաւոր հեղձուցիչ Արհաւիրքին մասին:
Ինչպէս որ հետագային Մահարի պիտի վկայէր Շահան Շահնուրի ուղղուած իր նամակներէն մէկուն մէջ, աւելի քան 17 տարի սիպիրեան աքսորավայրները «ճաշակած» Մահարիին համար գաղտնիք չէր, թէ ո՛վ էր այդ` մարդկային մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկուն պատասխանատուն.
«… մեծ ոճրագործ, դահիճ եւ սինլքոր վրացի Ստալինի գործերն էին, կատարողները` նրա դրածոները, Հայաստանի մէջ հայը, Ռուսաստանի մէջ ռուսը, Պիելոռուսիոյ մէջ պիելոռուսը…» («Շ. Շահնուրին», 28 յունիսի 1962 թ.):
Գուրգէն Գրիգորի Աճեմեանը ծնած էր 1903 թուականի օգոստոս 1-ին, Վան, Արեւմտահայաստանի պորտը հանդիսացող քաղաքին մէջ: Արեւմտահայու իր կազմաւորումը եւ մանկութեան ու պատանեկութեան իր յիշողութիւնները վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան անոր հետագայ կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին համար:
Վանեցիի իւրայատուկ կազմաւորումով Մահարի մշակեց թէ՛ իր ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը, թէ՛ իր գեղարուեստական գրականութիւնը: Պատահականօրէն չէր, որ Մահարիի արձակին մնայուն նուաճումները եղան իր «Մանկութիւն» (1929) եւ «Պատանեկութիւն» (1930), «Երիտասարդութեան սեմին» (1955), «Ծաղկած փշալարեր» (1950-ականներու վերջը) ու «Այրուող այգեստաններ» (1966) ինքնակենսագրական գործերը, որոնց տիրական գիծը մէկ կողմէ համով ու հոտով պատումն ու ստեղծագործական թարմ շունչն էին, իսկ միւս կողմէ` դառն եւ թունաւոր տպաւորութիւններն ու համոզումներն էին` մահարիական բուռն յուզաշխարհէն յայտնաբերուած:
Թէեւ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի բռնկումը, ինչպէս որ ինք կը վկայէ, Մահարի ապրեցաւ «քիչ թէ շատ անհոգ» մանկութիւն ու պատանեկութիւն, բայց այդ շրջանին իր ապրած թէ՛ անձնական, թէ՛ ազգային ողբերգական իրադարձութիւնները մինչեւ մահ ծանր մղձաւանջի մէջ պահեցին անոր ողջ էութիւնը: Մանաւանդ որ նախախորհրդային հայ իրականութեան ազգային-քաղաքական խմորումներուն` յատկապէս Դաշնակցութեան սերմանած ազատագրական եւ յեղափոխական արժէքներուն ու աւանդներուն հանդէպ անհաշտ հակադրութիւն մը շարունակ կրծեց Մահարիի գաղափարական էութիւնը: (Համոզուած հակադաշնակցական էր եւ միշտ մոլուցքով կը պատմէր, թէ սեփական մօրեղբօր ձեռքով հօրը սպաննել տուած էին, Վանի մէջ, Արամ Մանուկեանն ու Իշխանը)…
Նոյն այդ էապէս հակադաշնակցական բարդոյթով Մահարի անհիմն ու «ինքնասպանական» պաշտամունք մը զարգացուց այսպէս կոչուած «խորհրդային դրախտ»-ին նկատմամբ, որուն համար ծանրագոյն գին վճարեց` երկար տարիներ հայրենի հողէն ու հայ գրականութենէն զրկուած, հեռաւոր աքսորավայրերու մէջ ապրելով:
Մահարի գրչանունով անմահացած Գուրգէն Աճեմեանի գաղափարական աշխարհին անյաղթահարելի վէրքը եղաւ ու մնաց ընտանեկան ողբերգութիւն մը, որ պատահեցաւ իր մանկութեան տարիներուն: Արմենական կուսակցութեան պատկանող հայրը սպաննուեցաւ իր սեփական մօրեղբօր կողմէ, որ դաշնակցական էր: Մահարի մինչեւ մահ չկրցաւ հաշտուիլ այդ ողբերգութեան հետ եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի անցած ուղին դիտեց ու արժեւորեց թունաւոր այդ հոգեվիճակով` միջկուսակցական վէճերով ու սուր հակադրութիւններով արատաւորել փորձելով հայ ազգային գաղափարաբանութեան անկորնչելի հարստութիւնը:
Չափազանցութիւն չէ այն ընդհանրացումը, որ Գուրգէն Մահարի գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը եղաւ մինչեւ մեր օրերը հայրենաբնակ հայութեան որոշ շերտերուն մէջ «վերապրող» հակակուսակցական եւ յատկապէս հակադաշնակցական գաղափարական մաղձին:
Կենսագիրները իրաւացիօրէն կը նշեն, որ Սիամանթոյով եւ Վարուժանով, Թէքէեանով ու Մեծարենցով սնանած ու գրականութեան փարած Մահարիի կեանքը հիմնովին գլխիվայր շրջուեցաւ, երբ պայթեցաւ Ա. Աշխարհամարտը: Պատանիի զարհուրած աչքերով ան հետեւեցաւ ու սեփական մորթին վրայ զգաց ահաւորութիւնը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան, եւրոպական մեծ տէրութեանց պիղատոսեան ձեռնածալութեան, դիւանագիտական կեղծիքին ու մաքիաւելական պատեհապաշտութեան: Տեսաւ մանաւանդ հերոսական խոյանքը սեփական ժողովուրդին, որ Վանի ինքնապաշտպանութեան օրինակով` արեւուն տակ յաղթահասակ կանգնելու մեր ազգային արժանաւորութիւնը նուաճեց:
Բայց որովհետեւ հայութիւնը իր մեծ տոկոսով քաղաքական իր ապագան կապած էր Ռուսիոյ, այդ պատճառով ալ Վանի հերոսամարտին յաղթանակած մեր ժողովուրդը, երբ ռուսական զօրքերը յանկարծ սկսան նահանջել, բիւրաւոր գաղթականներով անցաւ Արեւելահայաստան, նաեւ` թրքական վրէժխնդրութենէն խուսափելու մտասեւեռումով:
Գուրգէն Աճեմեան մեծ գաղթի ժամանակ կորսնցուց մայրն ու հարազատները. իր սերնդակիցներուն մեծ մասին պէս, պատսպարուեցաւ որբանոցներու մէջ: Տարիներ ետք Մահարի վերագտաւ իր մայրը եւ հարազատները: Իր մանկութեան այնքան պաշտելի «տատիկ»-ը արդէն մահացած էր գաղթի ճամբուն վրայ: Թէեւ Թիֆլիս, Ալեքսանդրապոլ թէ Երեւան, որբանոցներու մէջ, նախնական կրթութեան ու կտոր մը հացի եւ պնակ մը կերակուրի հնարաւորութիւնը ունեցաւ, բայց որբի կեանքը շատ ծանր տարաւ Մահարի, խոր դառնութիւն եւ անսահման ցասում ապրեցաւ, որոնք երիտասարդութեան սեմին կանգնած հայ որբը մղեցին դէպի պոլշեւիկեան «արեւածագ»-ին ինքնախաբ պաշտամունքը: Որբանոցի տարիներուն Մահարի ծանօթացաւ Չարենցի հետ եւ ուղղակի, իբրեւ ուսուցիչի, կապուեցաւ անոր: 1922-ին լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը` «Արտամետեան գիշերներ» խորագրով: Երկրորդ հատորը բանաստեղծութեանց` «Մրգահաս» խորագրով, լոյս տեսաւ 1932-ին, «Ձօն` Եղիշէ Չարենցին» ներածական վերտառութեամբ: Աւելի ուշ, աքսորէ վերադարձին, լոյս տեսան Մահարիի բանաստեղծական միւս ժողովածուները` «Ծովի երգեր»-ը, «Հնձաններ»-ը, «Անդունդն ի վեր»-ը, «Անանձնական»-ն ու «Պոէմներ»-ը:
Բանաստեղծական իր գործերուն մէջ, մանաւանդ` սկզբնական շրջանին, մեծապէս զգալի են ոչ միայն արեւմտահայ գեղապաշտ սերունդին, այլեւ Տէրեանի ու Չարենցի ազդեցութիւնները:
Մահարիի գրական-գեղարուեստական եւ ազգային-գաղափարական հետագայ ուղիի հունաւորման մէջ մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Ակսէլ Բակունցի: Մահարի մեծ խանդավառութեամբ նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց իր «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» գործերը, որոնք լայն ժողովրդականութիւն գտան եւ մեծ հռչակի արժանացուցին զինք:
Բակունցի ներշնչումով, Մահարի իւրովի վերանայման ենթարկեց հայ ժողովուրդի մօտաւոր անցեալին վերաբերեալ իր տեսակէտները եւ սկսաւ վերարժեւորել ազգային-ազատագրական պայքարին գաղափարական աւանդները` համապատասխան թարմացման ենթարկելով իր ստեղծագործութիւնները: Մահարիի գաղափարական հասունացման այդ ուղին բաւարար հիմք նկատուեցաւ խորհրդային իշխանութեանց համար, որպէսզի նաեւ Մահարին ենթարկեն 1936-ի համատարած հալածանքին ու բռնադատութեանց: Թէեւ մահապատիժ չստացաւ, բայց մինչեւ Ստալինի մահը աքսորի դատապարտուեցաւ նաեւ Մահարի:
Աքսորի մէջ ալ ամուսնացաւ լիթվացի Անտոնինայի հետ: 1953-ին Երեւան վերադարձաւ աքսորէն` հիւծած ու քայքայուած առողջութեամբ:
Թափով վերսկսաւ ստեղծագործական աշխատանքի: 1950-ականներու վերջերուն լոյս տեսաւ իր «Ծաղկած փշալարեր» վիպակը, որ աքսորի տարիներուն կը վերաբերի: Իբրեւ «խորհրդային կուլակ»-ի խորհրդանշած մարդկային ողբերգութեան ու գաղափարական արհաւիրքին նուիրուած ցնցիչ գրականութիւն` Մահարիի այս գործը իր տեսակին մէջ միջազգային մեծ արժէք կը ներկայացնէ. այդ պատճառով ալ շուտով արժանացաւ ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն թարգմանութեան:
Գուրգէն Մահարիի գրական ժառանգութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն իր նամակները, որոնք երկար տարիներու վրայ գրուած եւ ուղղուած են քսաներորդ դարու մեր գրականութեան մեծարժէք դէմքերուն եւ կը շօշափեն ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ ազգային մեր կեանքին հրատապ խնդիրները:
Գուրգէն Մահարի վախճանեցաւ յունիս 17-ին, 1969 թուին, Պալանգա (Լիթվա) եւ թաղուեցաւ Երեւան:
Ուշագրաւ է, որ Մահարի, այդքա՜ն բազմաչարչար կեանք ապրելով հանդերձ, խոր համոզումով տէր կանգնեցաւ իր կտրած ուղիին: Ինչպէս որ իր ինքնակենսագրականի աւարտին կ՛ընդգծէ.
«… Եթէ այս րոպէին ներս մտնէր ահեղ եւ ամենակարող Եհովան, նստէր իմ դիմաց, մի ծխախոտ վառէր եւ ասէր. «Տալիս եմ քեզ երկրորդ կեանք, գծիր քո երկրորդ կեանքի ուղին օրօրոցից մինչեւ գերեզման, ինչպէս որ ցանկաս, եւ կը կատարուի քո կամքը… ինչպէ՞ս կ՛ուզէիր ապրել: Ես նրան կը պատասխանէի, առանց վարանելու. «Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ապրեցի»:
Մեծ գրողի ծնունդը շնորհաւորող ծաղկեփունջ թող ըլլայ հետագայ քերթուածը Մահարիի գրականութենէն.
ՎԵՐԱԴԱՐՁ
Ծիծեռնակներն եկան աշխարհներից հեռու,
Ճամբաներով երկար, ճամբաներով անտես,
Ծիծեռնակներն եկան ճիչով եւ երգերով,
Իմ աշխարհում բացին երգի, գարնան հանդէս:
Եկան ծիծեռնակներն, թեւին տուին, իջան
Կտուրներին ծանօթ ու ծառերին,
Աւերել էր ոմանց բոյները հողմը չար,
Ոմանք էլ չգտան իրենց տները հին:
Ու թռչում են նրանք, կանչում տագնապահար,
Որոնում են յարմար նոր քիւեր ու սարքեր,
Ու կրում են սէզեր ու հիւսում են յամառ
Օթեւաններն իրենց անձեռակերտ:
Ու հնչում է նրանց երգը զուարթ, վառման,
Հիւսում են բոյները մամուռից ու երգից…
– Ծիծեռնակնե՛րն եկան, կարապետնե՛ր գարնան,
Հեռու աշխարհներից վերադարձան երկիր…