ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Սիմոն Վրացեան կը գրէ. «18 ապրիլ 1920-ին պոյ-սկաուտներու օր էր Երեւանի մէջ: Քաղաքը ստացած էր տօնական տեսք: Փողոցներուն մէջ տուփերով հանգանակութիւն կը կատարուէր: Պոյ-սկաուտները երաժշտութեամբ կենդանութիւն կը մտցնէին ամէն կողմ: Ամառնային ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային մարզանք: Պոյ-սկաուտները, իրենց վարիչ հունգարացի Ալպերթ Սետմայի առաջնորդութեամբ, գեղեցիկ խաղեր խաղացին` արժանանալով խռնուած հասարակութեան խանդավառ ծափերուն: Սկաուտական շարժումը հանրային կրթութեան նախարարութեան գուրգուրանքի առարկան էր եւ շուտով լայն ծաւալ ստացաւ Հայաստանի մէջ, մանաւանդ երբ արտասահմանէն հասան փորձուած ղեկավար մարզիկներ` Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան եւ այլն (Օննիկ Եազմաճեան)» (3):
«Չերազի ու միւս սկաուտներուն աշխատանքը, մարզահանդէսները մեծ տպաւորութիւն գործած են հասարակութեան վրայ ու «նորազատ Հայաստանի մէջ» հիմքը դրած` մարզական շարժումին» (20):
28 ապրիլ 1920 թուակիր հետեւեալ նամակը կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանատունը.
«ՀՀ մինիստրութիւն հանրային կրթութեան եւ արուեստի
Թիւ 145/1789
28 ապրիլ 1920
Երեւան
Կոստանդնուպոլսոյ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական միսսիային (առաքելութեան)
Ի լրումն մինիստր Աղբալեանի հեռագրի (այս հեռագիրը կարելի չեղաւ գտնել), որով խնդրում է երկու մասնագէտ սկաուտ պետեր յղել Երեւան, պատիւ ունիմ տեղեկացնելու, որ մինիստրութեան ծրագիրն է Հայաստանի մէջ ամենալայն չափով տարածել սկաուտութիւնը, բայց դրան արգելք է հանդիսանում հմուտ մասնագէտների բացակայութիւնը: Ուստի, եթէ տակաւին չէք ղրկած մարզիչներ, խնդրում եմ բարեհաճէք առանց յապաղելու կատարել պ. մինիստրի խնդիրքը, որովհետեւ ժամանակն անցում է եւ կարիքը ահագին է:
Հանրային կրթութեան եւ արուեստի մինիստրութեան
Բժշկա-առողջապահական բաժնի վարիչ
Բժիշկ Վ. Արծրունի» (4), (11):
5 մայիս 1920-ին նոր կառավարութեան մէջ Գէորգ Ղազարեանը կը փոխարինէ Նիկոլ Աղբալեանը` իբրեւ կրթութեան նախարար:
Մինչ այս, Եզնիկ Քաջունի 27 մայիս 1920-ին «Հայ Սկաուտ»-ին իր երկրորդ նամակը կը յղէ (յապաւուած).
… «Խառնակ է մեր դրութիւնը, հիմա զինուոր եմ (նաեւ). Մարզանք կ՛ընեմ ամէն առաւօտ. իմ թաղի շուրջ 200 երիտասարդներու մարզանքի դասը ինծի յանձնուած է: Յունիսի 1-ին արդէն դպրոցները կ՛աւարտին, որմէ ետք ես բոլորովին պիտի նուիրուիմ աշակերտուհիներուս, սկաուտական խումբին եւ զինուորներու մարզումին:
«Իմ սկաուտներուս «Արծուիկ» գունդը կը բաղկանայ «Աղեքսանդրեան» եւ «Գայեանեան» աղջկանց երկրորդական վարժարաններու 12-18 տարեկան շուրջ 200 աղջիկներէ: Վերջին ծայր ծանրաբեռնուած եմ: Արդէն մէկ ու կէս ամիս է սկսած եմ կազմակերպութեան, 80 հազար ռուբլի դրամ ճարած եմ, ունինք 4 թմբուկ, 12 սրինգ, եռագոյն ժապաւէններ, ազգային դրօշակներ` մեծ ու փոքր 25 հատ: Այդ դրամով անմիջապէս միատեսակ գլխարկներու պատրաստութեան սկսայ տեղական միջոցներով: Երեք սրահ լեցուն շերամ կը պահենք, շուտով կը ստանանք անոնց արդիւնքը (մետաքս) եւ անմիջապէս կը սկսինք կօշիկներուն ծախսել, ամենադժուարը տարազներն են, բայց պիտի աշխատինք:
«… Շատ ցաւալի է միայն, որ այստեղ տղոց գլխաւոր եւ միակ դպրոցը յանձնուած է հունգարացիի մը, որ «սկաուտ» անունը միայն մէջտեղ նետած է, բայց իրականութիւնը հակառակն է… միայն ռուսերէն կը խօսի եւ ռուսերէն չգիտցողները չ՛ընդունիր…
«Այստեղ կազմեցի նաեւ լաւ խաղացող սպաներէ եւ կիմնազիայի (միջնակարգ վարժարան) մեծ աշակերտներէն ֆութպոլի ուժեղ խումբ մը» (4), (13):
Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչի հանգամանքով Ալեքսանդր Խատիսեան արտասահման կ՛ուղղուի սփիւռքահայութենէն փոխառութիւն ապահովելու: 10 յուլիս 1920-ին կը հասնի Կոստանդնուպոլիս, ուր եօթը հանդիպումներ կ՛ունենայ հայ համայնքի զանազան խաւերու հետ: Բերայի «Սիլլողոս» սրահին մէջ (ըստ Տիգրան Խոյեանի` 3 յուլիսին, որ վրիպում է, հաւանաբար 13 յուլիս պէտք է ըլլայ) խուռներամ ներկաներուն կ՛ըսէ. «Դուք այստեղ պետական ամէն յարմարութիւն ունիք աւելի քան մենք եւ շքեղօրէն, մինչեւ իսկ` համազգեստաւոր նուագախումբ («Քնար ֆանֆառ») եւ պատշաճօրէն հագուած ու մարզուած փոքրիկ աշխուժ սկաուտ-զինուորներ» (13), (14): (Պոլսոյ հայերը 2 միլիոն ֆրանքէն աւելի խոստացան, եւ այդ գումարները հետագային վերադարձուեցան իրենց տէրերուն): Խատիսեան կը գրէ. «Նախարարութիւնը (կրթութեան) կը հովանաւորէր «պոյ-սկաուտներու» մասնաւոր ընկերութիւնները, այդ նպատակով հրաւիրուած էին յատուկ ուսուցիչներ Պոլիսէն» (16):
26 յուլիս 1920
Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՄԸՄ-ի յղած հրաւէր նամակին կցուած էր եօթը հոգինոց ցանկ մը, որոնցմէ միայն Վահան Չերազը եւ Տիգրան Խոյեանը (ապա` քահանայ) կ՛ընդառաջեն, իսկ Օննիկ Եազմաճեանը կամաւոր կերպով կը միանայ, եւ այս եռանդամ պատուիրակութիւնը 26 յուլիս 1920-ին ֆրանսական «Սեմիրամիս» շոգենաւով կ՛ուղղուի դէպի Հայաստան` Ինեպոլու, Սամսոն, Կիրասոն եւ Տրապիզոն նաւահանգիստներ կանգ առնելով, եւ վերջապէս, չորս օրէն` 30 յուլիս 1920-ին կը հասնի Պաթում:
Պաթումի մէջ կը հանդիպին Եզնիկ Քաջունիին, որ նոյն օրը Երեւան պիտի վերադառնար, եւ` 20 հայ սկաուտներու, որոնք ռուսական խումբի մը մաս կը կազմէին: Թելադրելով անոնց կազմել հայկական սկաուտական խումբ, Հայ ազգային միութեան նախագահ պարոն Մնտօեանի հաւանութեամբ կը հիմնեն ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ` անոնց տրամադրելով անհրաժեշտ գրականութիւն եւ կապ` Պոլսոյ կեդրոնին հետ: Այս ուղեւորութեան բազում դրուագներէն էր նաեւ, Պաթումի փողոցի մը մէջ անակնկալ հանդիպումը արդարահատոյց ահաբեկիչ Արշաւիր Շիրակեանին, որ 27 մարտ 1920-ին Պոլսոյ մէջ դաւաճան Վահէ Իհսանի դէմ արձակուած Դաշնակցութեան մահապատիժը գործադրած էր, կ՛որոշէ դէպի Երեւան ուղեւորութեան իրենց ընկերակցիլ: Պաթումէն Վաչագան անունով եւ Սանահինէն` 13 տարեկան Տիգրան եւ Արամ անտէր որբերը իրենց հետ Երեւան կը տանին:
13 օգոստոս 1920-ին կը հասնին Ալեքսանդրապոլ` Գիւմրի, ուր արի-արենուշ սկաուտներ զիրենք կը դիմաւորեն գլխարկէն մինչեւ գուլպան սեւ տարազով… վերջապէս, Պոլիսէն 21 օր ետք` կիրակի 15 օգոստոս 1920-ին կը հասնին Երեւան:
Պատուիրակութիւնը, իբրեւ ապագայ պաշտօնեաներ կրթութեան նախարարութեան, յաջորդ օրն իսկ` 16 օգոստոսին հանդիպում կ՛ունենան նախարար Գէորգ Ղազարեանին հետ: Սիրալիր ընդունելութենէն ետք անոր պահանջին վրայ մանրամասն ծրագիր-զեկուցում կը պատրաստեն եւ յաջորդ օրը կը յանձնեն նախարարին:
Ապա «չափազանց լաւ» հանդիպում կ՛ունենան պատերազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանին հետ, որ կը հետաքրքրուի սկաուտական ոգիով ու անոնց տրուած դաստիարակութեամբ, մարզանքներով, դրօշախօսութեամբ, հետախուզական վարժութիւններով եւ մեր հայերէն հրամաններով: Ան բարձրօրէն կը գնահատէ նոր, մատղաշ սերունդին տրուած այդ դաստիարակութիւնը եւ կը խոստանայ ամէն դիւրութիւն ընձեռել:
Երրորդ պաշտօնական տեսակցութիւնը կ՛ունենան ներքին գործոց նախարարին հետ, որուն օգնական Քրմոյեանը կ՛ընդունի զիրենք եւ կը խոստանայ ամէն կարելի աջակցութիւն: Նախարարութեան կողմէ, 28 օգոստոս 1920 թուակիր, ազատ շրջագայութեան հաստատագիրներ կը տրուին պատուիրակութեան անդամներուն:
23 օգոստոս 1920-ին կրթութեան նախարարութեան առողջապահական բաժնի վարիչ բժիշկ Վ. Արծրունիի հետ կ՛ունենան մարմնակրթանքի մասին մասնագիտական ոչ հեզասահ աշխատանքային երկրորդ հանդիպում մը, որմէ ետք կ՛անցնին աշխատանքի:
Նախարարութիւնը հետեւեալ վկայագիրը կը շնորհէ անոնց` պաշտօնականացնելով ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը (17):
«Հ.Հ.
ՄԻՆԻՍՏՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ
No. 206
23 օգոստոս 1920 թ.
Վկայագիր
Տրւում է սոյն վկայականը սկաուտ մարտիկներ պ.պ. Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան, Օննիկ Եազմաճեան, Եզնիկ Քաջունիին առ այն, որ նրանց յանձնուած է մարմնակրթական գործը ընդհանրապէս եւ յատկապէս սկաուտական շարժման կազմակերպումն ու վարումն Հայաստանի մէջ` նախարարութիւնից նրանց տրուած հրահանգի համաձայն: Տեղական բոլոր մարմնակրթական հիմնարկութիւնները` բազէ սպօրտային եւ նման ընկերութիւններ պիտի գործեն նրանց ղեկավարութեամբ, իսկ յատկապէս սկաուտական շարժումը իբրեւ համապետական գործ պիտի կազմակերպուի եւ վարուի նրան եւ տեղական սկաուտական մարմինների փոխադարձ համաձայնութեամբ, համերաշխաբար` նոյնպէս համաձայն մշակուած կանոնների:
Յայտնելով այդ մասին Հայաստանի բոլոր մարմնակրթական հիմնարկներին` նախարարութիւնս խնդրում է այդպիսիներին ամէն տեսակ աջակցութիւն ցոյց տալ, որտեղ էլ ուղարկուած լինեն նրանք յիշուած առաքելութեամբ եւ հետեւին նրանց ցուցմունքներին եւ հրահանգներին, որոնք բխում են նախարարութիւնից:
Հանրային Կրթութեան
Եւ Արուեստի Նախարար (ստորագրութիւն)
Բժշկա-առողջապահական բաժնի վարիչ
Գործավար (ստորագրութիւն)»
«Հայ Սկաուտ»-ի 1 ապրիլ 1920-ի խմբագրականը կը շեշտէ ներգաղթի անհրաժեշտութիւնը. «ՆԵՐԳԱՂԹՆ է այս: Ոչ մէկ առթիւ, մենք` սկաուտական կազմակերպութիւններս, այնքան օգտակար պիտի կարենանք ըլլալ, որքան մեր ժողովուրդին մնացած բեկորները ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ առաջնորդելու պարագային:
Շատ լուրջ, շատ ծանր գործ է այս, տեղափոխել ժողովուրդ մը, ազգ մը, գերութեան երկրէն դէպի անկախ հայրենիքը, այն ալ` այնպիսի ժողովուրդ մը, որ դարերով ստրկութեան մէջ տիրացած է կարգ մը թերութիւններու:
Հայ հանրապետական կառավարութիւնը ամենամեծ բեռը ունի իր ուսերուն վրայ այս տեսակէտով: Ան պէտք ունի աջակիցներու, որոնք պիտի դիւրացնեն իր գործը» (14): Եւ ահա ՀՄԸՄ-ը հայրենադարձութեան գործին կը ձեռնարկէ:
Օգոստոս 1920-ի վերջաւորութեան Արմաշի վանքին մէջ հողագործութիւն ուսանած 200 որբ սկաուտներէն 126-ն ներգաղթեցին Հայաստան: Երեւանի կայարանէն դէպի կեդրոն հպարտ ու յաղթական քայլերով կը տողանցեն` իրենց փողերախումբին «Արեւ ծագեց զէյթունցիներ» եղանակի ընկերակցութեամբ: «Երեւանի բնակիչները յանկարծակիի եկած էին: Ամէն կողմէ կը վազէին դէպի մեզ` հայեր են, հայեր են բացագանչելով: Այո՛, հայեր էինք եւ կ՛երթայինք մեր հարազատ կառավարութեան հպատակութիւն յայտնելու:
«Վերը պատշգամին (կառավարութեան շէնք) վրայ հայ նախարարներ` գլխաւորութեամբ վարչապետին, կ՛ունկնդրեն սկաուտական մեր երդումը` «Կ՛երդնունք հաւատարիմ մնալ ազգիս ու հայրենիքիս»: Վարչապետ Համօ Օհանջանեանը արտասուախառն աչքերով կը շնորհաւորէ ազգին հարազատ զաւակները: Հայաստանի քաղաքացիներ էինք այլեւս: Այս առիթով նախարարութեան պատրաստած բացօթեայ հանդիսութեան` «յայտնութիւն էր 250 աղջիկներու հպարտ, ուղիղ քայլերով, գեղեցիկ մարզական շարժումներով մուտքը» կը պատմէ Հայկ Սէրէնկիւլեանը (4): Ափսո՜ս, որ Հայաստանի խորհրդայնացումին պատճառով, հազիւ ամիս մը ետք, այս որբ սկաուտները Պոլիս կը վերադառնան…
15 յուլիս 2018
Պատրաստուած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի գիտաժողովին համար
(Շար. 2)
2.- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Արեւմտահայոց գործերը» գլուխ, էջ 30:
3.- Նոյնը «Շինարարական վերելք» գլուխ էջ 367:
4.- «Յուշամատեան ՀՄԸՄ-ի 1918-1958», Ներսէս աբեղայ Բախտիկեան, Պէյրութ, 1958, տպարան «Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, էջ 73-85:
5.- ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ` «Հայ Սկաուտ», թիւ 3, Կոստանդնուպոլիս, 1 դեկտեմբեր 1919, էջ 33:
11.- Նոյնը, թիւ 16, 16 յունիս 1920, էջ 249` կողքի էջ:
13.- Նոյնը, թիւ 19-20, օգոստոս 1920, էջ 304-305:
14.- Նոյնը, թիւ 11, 1 ապրիլ 1920, էջ 169:
16.- «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը» Ալեքսանտր Խատիսեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1968, տպարան Համազգային, էջ 139, 227-228:
17.- «Նահատակ ցեղի անմահներ», Տիգրան քահանայ Խոյեան, տպարան «Ալթափրէս», Պէյրութ:
20.- «Կեանքի Ուղիներով. Դէպքեր, Դէմքեր, Ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Ա. Հատոր, Գ. տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007: