Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեանը` Դաշնակցութեան Զինանշանը Մարմնաւորող Անկրկնելի Աձնաւորութիւնը

Դեկտեմբեր 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

«Կոչումս ի՞նչ է – ես էլ չգիտեմ. ոմանք ասում են` քննադատ եմ: Ուրիշների կարծիքով` մատենագիր եմ: Ուրիշ բաներ էլ են ասում: Իմ գիտցածովս ես էլ, շատերի պէս, ամէն բան եմ եւ ոչինչ եմ: Այս է հայ մտաւորականի ճակատագիրը: Գլխի՞ ես»

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

150 տարի առաջ, 24 մարտ 1875-ին հայաշխարհը լուսաւորուեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի ծնունդով: Գործիչ մը, որ ամէն տեղ էր, որ` ամէն տեսակի գործ կատարելու պատրաստ էր, որ` մարտական-մտաւորական ընկեր էր, որ` ժամանակի ու պայմաններուն համապատասխան կը գործէր անշահախնդրօրէն ու կարգապահօրէն:

Գործիչ մը, որուն ներդրումը մեր իրականութեան մէջ անշրջելի է, իսկ ազդեցութիւնը` անսակարկելի:

Այո՛, Նիկոլ Աղբալեանը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան մէջ ա՛յն քիչ ղեկավարներէն էր, որ կը մարմնաւորէր ՀՅԴ զինանշանը: Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին նախ սուրով պայքարեցաւ, ապա պետականութեան ստեղծումով փետուրով (գրիչը) լծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ապա սփիւռքի հանրակրթական գործերու եւ մի՛շտ «բահ»-ը ձեռքին էր` գործնապէս ծրագիրները կ՛իրականացնէր: Կամաւորական խումբերու վարիչ էր, հասարակական գործիչ էր, Հայաստանի խորհրդարանի անդամ էր, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարն էր, գրականագէտ էր ու մանկավարժ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադիրներէն էր, քննադատ էր, բանտի խուցերը «վայելած էր», եւ շարքը կարելի է երկարել…

Վերջապէս, Աղբալեանին համար զինանշանի բռունցքը ուղենիշ էր հաւաքական աշխատանքի: «Ես»-ը զոհած էր կուսակցութեան շահերուն համար, համեստ էր եւ հեռու էր տեսակաւոր վայելքներէն ու փառքերէն, որովհետեւ կը հաւատար, որ կուսակցութիւնը` «Ոչ թէ շահակից անձերի միութիւն է, այլ` արիացող տիպարների ընկերութիւն: Այստեղ ոչ թէ անձնական եւ նիւթական շահն է, որ կապում է մարդկանց, այլ` բարոյական ուխտի նոյնութիւնն է, որ դարձնում է ընկեր եւ ծրագիր-կանոնագրի միութիւնը` համընթաց»:

Աղբալեանը երբեք բաժանարար չէր եղած, երբեք մէկութիւնը կասկածի տակ չէր առած, եւ իր բոլոր գործերը կ՛ապացուցեն, որ խորհրդանիշ էր համախմբումի եւ միաւորումի, ինչպէս ինք կը գրէ. «Պէտք է խաղաղ ու սիրով անցնել կարճ ճամբան, հաշտ ու համերաշխ: Եթէ մարդիկ սովորութիւն դարձնեն վշտի, բարկութեան, սրտնեղութեան եւ սրանց նման պահերին անդրադառնալ, որ առջեւները մահ կայ, ամէն ինչ կը դիւրանայ, եւ անսահման ներողամտութեամբ կը համակուեն ու թեթեւ կ՛ապրեն այս աշխարհում»:

Նիկոլ Աղբալեան իր կեանքի վերջին հանգրուանին լծուեցաւ մարդուժի պատրաստութեան ամէնէն էական գործին: Համահիմնադիրը Համազգայինի Պէյրութի Հայ Ճեմարանին, 17 տարի հաւատքով ու նուիրումով ծառայեց կառոյցին` ծաւալելով մանկավարժական եւ հայագիտական աշխատանք: Ան գործով ապացուցեց ու շեշտեց, որ` «Ճեմարանը մի տաճար է, ուր կ’աղօթեն հայ մշակոյթի սուրբերուն»:

Դասաւանդեց գրականութեան պատմութիւն, մատենագիտութիւն եւ գրաբար` իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելով նորահաս սերունդներու կազմաւորման, որպէսզի ճեմարանականները հայերէնը պահպանեն, մշակոյթով գոյատեւեն, արուեստով զարգանան: Մէկ կողմէ Աղբալեանի ներդրումը եւ միւս կողմէ` աշակերտութեան կապը ստեղծած էին փոխադարձ շնչարար երակ: Կը հաւատար, որ երիտասարդները պէտք է բարձունք ունենան եւ գործ վերցնեն, որովհետեւ առողջ սերնդափոխութեամբ միայն կարելի է «աշխատանքը շարունակել»: Այս առնչութեամբ Աղբալեան կը գրէ. «Երիտասարդը պէտք է ոգեկան բարձունք ունենայ, զոր մագլցի ճիգով: Այդ է կոչումն այս աշխարհի մէջ, մնացածը հող է ու մոխիր: Արդ, ունի՞ք այդ բարձունքը, եւ եթէ չունիք, չէ՞ք կարծում, որ պէտք է ունենաք»:

Վերջապէս, երբեք պէտք չէ մոռնալ պոլշեւիկներու մայիսեան արկածախնդրութեան առիթով Նիկոլ Աղբալեանի պատմական ճառերէն մէկը, որ կը մարմնաւորի իր վճռակամութիւնը եւ ազգային կամքը, եւ որուն մէջ կ՛ըսէ. «Մարդկային կերպարանքը կորցրած խելագար մի ամբոխ, կանանց վարտիքները դրօշակ դարձրած, գալիս է մարելու դարերի մոխիրներից ոտքի կանգնած ազատ Հայաստանի լոյսը»:

Այսօր եւս խելագար ամբոխի վերածուած է մեր հաւաքականութիւնը, եւ այսօր ալ նոր պոլշեւիկները կ՛ուզեն մարել ազատ Հայաստանի լոյսը: Արցախը արդէն իսկ մերը չէ, մեր մէկութիւնը վտանգուած է, մշակութային ժառանգութիւնը խորտակման սեմին է, պատմութիւնն ու Դատը կորուստի եզրին են, Աղբալեանի անցեալի վտանգը այսօր ալ բոլորս կ՛ապրինք: Անցեալին պոլշեւիկները չյաջողեցան, իսկ այսօր ալ ազգակործանները պիտի չյաջողին, եթէ Նիկոլ Աղբալեանի ուղիին հետեւինք, եթէ` վերստին Դաշնակցութեան զինանշանով առաջնորդուինք, եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան ու կարողականութեան սահմաններուն մէջ իրեն վստահուած գործը առանց ակնկալութիւններու եւ լիուլի կատարէ, եթէ` մեր հայեացքը մէկզմէկու քարկոծելու փոխարէն` ուղղենք հայրենիք, եթէ` դէպի ազատ Հայաստան լոյսին առաջնորդուինք, եթէ` «Լոյսով լոյսին» անշահախնդիր եւ անկողմնակալ ծառայենք, եթէ` մէկ բռունցք ըլլանք…

Իսկ եթէ այդպէս չենք, ապա պէտք է անմիջապէս ըլլանք, որպէսզի այս անգամ իրողապէս չմարի լոյսը…

 

 

Նախորդը

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեան` Ազգային Կրթութեան Ճարտարապետ Եւ Մշակութային Միտք Կերտող

Յաջորդը

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Անցեալէն Եկող Հզօր Ձայնը` Նիկոլ Աղբալեան

RelatedPosts

Ուժգին Դղրդոցէն Ծնած Արհաւիրք Ու Յարգելի Յիշատակ
Անդրադարձ

Ուժգին Դղրդոցէն Ծնած Արհաւիրք Ու Յարգելի Յիշատակ

Դեկտեմբեր 6, 2025
303  Երեխաներու  Հովանաւորութիւն`  «Յասմիկ Ջլուտեան»  Կտակին  Միջոցով
Անդրադարձ

303 Երեխաներու Հովանաւորութիւն` «Յասմիկ Ջլուտեան» Կտակին Միջոցով

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ծախողը, Գնողը Եւ Զոհերը…
Անդրադարձ

Ծախողը, Գնողը Եւ Զոհերը…

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?