Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Սուրի Ու Երգի Համաստեղութիւն Մը. Նիկոլ Աղբալեան

November 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հատորներէն Անդին

Եթէ քառահատորը ընդհանուր լոյս կը սփռէ հմուտ գրականագէտին ու հայութեամբ ապրող դաշնակցական գործիչին միտքի աշխարհին վրայ, անկէ անդին, կան համաստեղութիւնը կազմող այլ աստղեր, որոնք կը լուսաւորեն ո՛չ միայն իր կենսագրութիւնը, այլ նաեւ` իր դարը, կը հասնին մեզի:

Հոս ալ պէտք է աչքի առջեւ ունենալ Ն. Աղբալեանի բազմերես իրագործումներն ու վաստակին անհամար երեսները: Հպանցիկ արձանագրենք մէկ քանին:

Ինչպէս վերը տեղ մը նշեցինք, Ն. Աղբալեան գրականագէտը կարեւոր դեր ունեցած է նորածիլ գրողներու յայտնաբերման ու զանոնք գործնապէս քաջալերելու, անոնց ստեղծագործական երթը դիւրացնելու իմաստով: Այս ծիրին մէջ յատուկ տեղ ունի (եւ կ՛առանձնացնենք) Եղիշէ Չարենցը, որուն առաջին գրածները տեսնելով` Աղբալեան աւետած է տաղանդաւոր բանաստեղծի մը ծնունդը: Նախարարի իր օրերուն ան պաշտօնի կոչած է երիտասարդ Չարենցը (որ հազիւ 20 տարեկան էր), անոր տրամադրած է գրասեղան մը եւ յանձնարարած է, որ… միայն գրէ, զայն դարձուցած է արհեստավարժ գրող: Գործակիցներ սրտնեղած են, որ Աղբալեան կը շփացնէ Չարենցը, որովհետեւ ան գրասենեակին մէջ ընդհանրապէս որեւէ գործ չէր ըներ, սակայն ան լռեցուցած է բոլորը` անոր մէջ տեսնելով մէկը, որ Դ. Վարուժանի հետեւողութեամբ, օր մը ըսել պիտի տար, որ ազգը հպարտ պիտի ըլլայ զինք ծնած ըլլալով…

Դաշնակցական Աղբալեանի եւ համայնավար Չարենցի յարաբերութիւնները անցած են փոթորիկներէ, ո՛չ թէ անձնական հակադրութեան, այլ` Չարենցի հակադաշնակցական մոլուցքներուն պատճառով: Ժամանակի հովերուն դիմաց իր առագաստները լայն բացած` Չարենցն ալ միացած է հակադաշնակցական քարոզչութեան, մինչեւ իսկ հայհոյախառն պատկերներով հրապարակ եկած է` ստիպելով Աղբալեանը, որ սաստ ուղղէ անոր, որպէսզի զսպէ իր լեզուն (հոն ուրիշ բան զսպելու սաստ ալ կայ…): Աւելի քան տասնամեակ մը ետք Չարենց անշուշտ զգաստութեան եկած է` ու իր կարգ մը հաւատալիքներուն եւ իր միջեւ տարածութիւն բացած (նոյնը ըրած է, օրինակ, Տէրեանը` քննադատողի իր սկզբնական տեսակէտներուն մէջ), իր գաղափարակիցները զինք ալ տարած են սպանդանոց, սակայն բազմաթիւ վկայութիւններ կան, որ ան Աղբալեանի հանդէպ սէրն ու յարգանքը մէկդի չէ դրած, փորձած է կապ պահել եւ երախտագիտական զգացումները հաղորդել անոր, երբ Աղբալեան արդէն աքսորական էր: Աղբալեանի յայտնագործած գրողներու պատմութիւնը այլապէս արժանի է առանձին ուսումնասիրութեան:

Երբ կը խօսինք գրականութեան հետ Աղբալեանի կապերուն մասին, անպայման պէտք է արձանագրենք, որ ան եղած է Յովհաննէս Թումանեանի նշանաւոր «Վերնատան» (Թիֆլիս) անդամներէն, ամէնէն երիտասարդ անդամներէն: Նահապետն էր Ղ. Աղայեան, իսկ Թումանեանի կողքին հոն էին` Լ. Շանթ, Դ. Դեմիրճեան եւ գրողներու ու մտաւորականներու ամբողջ հոյլ մը:

Գրաւոր ժառանգութեան մէջ որոշ հետքեր կան Աղբալեան-պետական մարդու գործունէութեան մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդէն առաջ, բայց մանաւանդ հանրապետութեան օրերուն ան եղած է հեղինակաւոր ու բանալի անձնաւորութիւն ո՛չ միայն նախարարի պաշտօն վարած ըլլալուն, այլ նաեւ պետական մակարդակի վրայ բազմաճիւղ գործ տարած ըլլալուն համար: Գաղթականներու հոգածութիւնը, Հայաստանի հայացումը (մաքրագործումը) եւ նման տարողութեամբ աշխատանքներ չէին կրնար անտարբեր ձգել զինք:

Սփիւռքի Մէջ Դերը

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք Աղբալեանն ալ, բազմաթիւ սերնդակիցներու եւ գործակիցներու հետ, ստիպուած էր հեռանալ մայր հայրենիքէն, որուն հողին վրայ եղած էր թէ՛ մարտիկ, թէ՛ աշուղ` վերը մեր ներկայացուցած վաստակին ճամբով:

Աղբալեան ո՛չ միայն ետին թողած է հայրենի հողն ու անոր վրայ արարելու իր տենդը, այլ նաեւ… ընտանիքը (այս մասին աւելի ուշ):

Հայութեան վերակենդանացումն ու մեր մշակոյթի պահպանումը, հարստացումը դարձած են հայրենակորոյս մարդուն հիմնական մտասեւեռումը: Սա մտասեւեռումն էր իր բազմաթիւ գործակիցներուն, որոնք նախ Պարսկաստանի, ապա Գահիրէի, ու, վերջապէս, Պէյրութի մէջ աշխատած են «հայրենի հող» արարել նորահաս սերունդներու ոտքերուն տակ:

45 տարեկան հասուն մարդ եւ գործիչ էր Ն. Աղբալեան, երբ հեռացաւ հայրենի հողէն (սերնդակիցներն ալ քիչ թէ շատ հասակակից էին իրեն): Տեսանողները անդրադարձած էին, որ եթէ շօշափելի հողը բացակայ է հայուն ոտքին տակ, պէտք է զայն փոխարինել ոգեղէ՛ն հողով, այսինքն` ՄՇԱԿՈՅԹով: Նման աշխարհահայեացք նորութիւն չէր մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Մեծն Մաշտոցն ու ժամանակակիցներն ալ դարեր առաջ զգացած էին ոգեղէն հողին կարեւորութիւնը, թէեւ այդ օրերուն սփիւռք եւ հողի բացակայութիւն հասկացողութիւնները նման չէին մեր օրերու պատկերին: (Շապուհի պալատին մէջ, Արշակ թագաւորի ոտքին տակ հայրենի հողին պատմութիւնը այլ տարածք ունի): Ոսկեդարու կերտիչներուն համար կար միայն անկախ պետականութեան տկարացում, կորուստ: 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները չէին կրնար հրաժարիլ Ոսկեդարու սերունդին հաւատարմութենէն: (Հիմա՞…):

Ն. Աղբալեանի կեանքին մնացեալ 27 տարիները լուսաւորուած են ի՛ր մասնակցութեամբ վառած բազմաթիւ փարոսներով, աստղերո՛վ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պատմութիւնը, որ խորքին մէջ կ՛ամփոփուի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի արարումի եւ գործունէութեան պատմութեան մէջ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ անունը, ըստ էութեան, հոմանիշ է Աղբալեանի, Շանթի, Իփէկեանի, Վրացեանի ու հոյլին միւս անդամներուն, իսկ անդամներէն իւրաքանչիւրը հոմանիշ է միւսներուն:

Վիթխարի է այդ փաղանգի արգասիքը. պետական հնարաւորութենէ զուրկ` պետական, կառավարութեան մը մշակոյթի նախարարութեա՛ն գործին համազօր իրագործում կատարած է ան (չենք անտեսեր քաղաքական զուգահեռ աշխատանքը` Հայ դատի հետապնդման ճամբով):

Համազգայինի Ճեմարանին հիմնադրութիւնը ունէր բազմաթիւ նպատակներ ու հեռանկարներ: Ո՛չ միայն ուսում ջամբել սփիւռքացած սերունդներուն, այլ նաեւ` պատրաստել մտաւորականներու, գրողներու, դաստիարակներու, մամուլի եւ մշակոյթի գործիչներու բանակներ: Այդ բոլորը երկինքէն պիտի չիյնային մանանայի պէս, այլ պէտք ունէին բազմաթիւ յենարաններու: Եւ ահա ճամբայ ելաւ հրատարակչական աշխատանքը. մամուլը (Համազգային տպարանին մէջ կայ «Աղբալեանի մամուլ»-ը` թանգարանային տպիչ մը), որ առաջին հերթին լծուեցաւ դասագիրքերու հրատարակութեան առաքելութեան: Դասագիրքերը պատրաստուեցան նոյնինքն Աղբալեանի, Շանթի եւ գործակիցներու կողմէ: Դասագիրքերուն զուգահեռ, ճամբայ ելաւ մանկապատանեկան գիրքերու շարքը, կարճ ատեն ետք` նաեւ գրողներու ստեղծագործութիւններու հրատարակութիւնը:

Նման հսկայական աշխատանք կը կարօտէր նիւթական լայն միջոցներու: Աղբալեան եւ ընկերներ ձեռնարկեցին հանգանակային արշաւներու, ընդհանուր աւազանին մէջ նետեցին նաեւ իրենց ամսականներէն կաթիլներ (սուտ եւ զրպարտութիւն էին համայնավարներու եւ այլոց այն յերիւրանքները, թէ դաշնակցական կառավարութեան անդամները Հայաստանի գանձատունը իրենց հետ տարած էին արտերկիր. սա ուրիշ պատմութիւն է, մէկ երեսին կ՛անդրադառնանք, երբ հասնինք Աղբալեանի ընտանիքին ապրած ողբերգութեան):

Դպրոցի ու տպարան-հրատարակչատան կողքին, մշակոյթի պահպանման եւ ստեղծման կարկինը պէտք էր տարածել այլ դաշտերու մէջ: Ու մարմնաւորուեցան` թատերախումբը, երգչախումբը, պարախումբը: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը դարձաւ մէկական դպրոց, ստեղծեց դրօշարշաւը շարունակող վաստակաւորներ: Չենք կրնար մոռնալ Համազգայինի Հայագիտականը… Հիմնադիր սերունդը ո՛չ միայն ունեցաւ արժանաւոր աշակերտներ, այլ նաեւ զանոնք իր կողքին բերաւ աշխատանքի յիշեալ ու այլ դաշտերուն մէջ: Դրօշարշաւը շարունակուեցաւ (ու կը շարունակուի) աղբալեաններու մեկնումէն տասնամեակներ ետք. Պէյրութի եւ այլ գաղութներու մէջ հասակ առին երաժշտութեան ու արուեստներու դպրոցներ, որոնք Հայաստանի վերանկախացումէն ետք վերածուեցան նա՛եւ հայրենիք-սփիւռք կամուրջներու: Մէկ խօսքով, ստեղծուած աւանդը կը պահպանուի, կը հարստանայ, կը բաշխուի նոր սերունդներուն:

Ընտանիքին Ողբերգութիւնը

Ն. Աղբալեանի կեանքին` գործիչի, դաստիարակի եւ մտաւորականի կեանքին պատմութիւնը աւելի՛ ծանօթ է, քան` անձնական կեանքի կարգ մը երեսները: Մեր այս արագ ակնարկին մէջ կանգ չառինք կենսագրութեան մանրամասնութիւններուն վրայ, որովհետեւ, ըստ ամենայնի, անիկա միաձուլուած է հանրային ծառայողին կեանքի պատմութեան հետ:

Մեր այս սիւնակը փակելէ առաջ կ՛արժէ, որ հպանցիկ ակնարկութիւն մը ընենք նաեւ անոր անձնական կեանքի մէկ քողարկեալ երեսին, որ իր օրերուն ծանօթ էր մտերիմներու եւ շրջապատէն քիչերու: Այս երեսին վրայ աւելի լոյս սփռուեցաւ Հայաստանի վերանկախացումէն կարճ ատեն մը ետք, երբ Պէյրութ այցելեց Ն. Աղբալեանի դուստրը եւ «Ազդակ»-ի յարկին տակ պատմեց դառն յիշատակներ:

Ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ, Ն. Աղբալեան Հայաստանէն հեռացած էր` ետին ձգելով ընտանիքը (ինք ու ամբողջ սերունդը կը հաւատար, որ հեռացումը ժամանակաւոր է, պիտի ստեղծուին աւելի՛ նպաստաւոր պայմաններ, ու հայրենադարձութիւն տեղի պիտի ունենայ: Այդ հաւատքը չխամրեցաւ մինչեւ իսկ համայնավարներու բազմափուլ հալածանքերուն ու հայրենիքը սփիւռքէն խզելու քաղաքականութեան պատճառով: Հիմա պատմութիւնը կը կրկնուի ուրիշ տարազումներով…):

Ինչպէս դաշնակցական ճանչցուած բազմաթիւ ընտանիքներ, նոյնպէս ալ Ն. Աղբալեանի ընտանիքը ըմպած է հալածանքի եւ զրկանքի դառնագոյն բաժակները: Զրկանքը սկսած է… գործազրկումով: Ո՜վ կը համարձակէր դաշնակցական գործիչի մը, հոգ չէ թէ Հայաստանի լուսաւորութեան գործին մէջ հսկայ ներդրում ունեցողի մը ընտանիքի անդամները գործի հրաւիրել: Բնական հետեւա՞նք. ընչաքաղցութիւն, անհաշտ վերաբերմունք` շրջապատին կողմէ եւ մասամբ նորին: Ակամայ պանդուխտը լուռ մասնակից եղած է ընտանիքի տառապանքներուն եւ անկարելին կարելի դարձուցած` օգնութեան հասնելու կնոջ ու զաւակներուն: Մէկ կողմէ պէտք էր հոգալ Ճեմարանն ու հրատարակչական գործը, իսկ միւս կողմէ` սահմանափակ եկամուտէն (ամսական թոշակ) բաժին մը հասցնէր ընտանիքին: Սակայն ինչպէ՞ս. ամէն տեղ… կարմիր լոյսեր վառած էին: Պէտք էր գտնել գաղտնի ճամբաներ: Եւ ահա այդ դժուարին պայմաններուն մէջ է, որ ազգին ու հայրենիքին այս նուիրեալը Պուլկարիոյ եւ այլ երկիրներու ճամբով յաջողած է գումարներ հասցնել ընտանիքին, ապահովել անոր ապրուստի տարրական պահանջները:

Կարելի չէ եզրափակիչ տողեր արձանագրել այստեղ, որովհետեւ համաստեղութիւն մը անպարագիծ կ՛ըլլայ. մեր այս սիւնակը կը նմանի անջրպետին մէջ հեռաւոր համաստեղծութիւն մը աստղադիտակով տեսնելու փորձի: Բազում փայլուն աստղեր աւելի՛ տեսանելի են, իսկ բազմաթիւ այլ աստղեր նուազ տեսանելի կը մնան: Համաստեղութիւնները քննարկման, ուսումնասիրութեան նիւթ են գիտնականներու համար: Աղբալեանի եւ սերնդակից համաստեղծութիւններու պարագան տարբեր չէ: (Այլ հարց, թէ Նիկոլ անունը կրող մը ի՛նչ արժանիքներու կը կարօտի…):

(Շար. 2 եւ վերջ)

—

(Շար. 1)

 

 

Նախորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Յաջորդը

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեան` Հայ Գիրի Ու Մշակոյթի Ջահակիրը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.