Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Կը Վճարէ Ամերիկեան Հանրային Կապերու Ընկերութեան, Որպէսզի Ան Յարձակի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրայ

December 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նախորդ շաբաթ հանդիպեցայ ութ էջերէ բաղկացած մտահոգիչ փաստաթուղթի մը, որ կը ներկայացուի իբրեւ «Սպիտակ փաստաթուղթ» (White Paper) եւ վերնագրուած էր` «Հայաստանի մէջ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու պարզաբանում. հերքում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կրօնական հալածանքներու մասին պատմուածքին»: Ան 5 սեպտեմբեր 2025-ի թուագրութիւն կը կրէր:

Ասիկա Փաշինեանի վարչակազմին կողմէ բացայայտ փորձ է` արդարացնելու իր ամօթալի յարձակումները Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ` անհիմն մեղադրանքներ ուղղելով եկեղեցական առաջնորդներու եւ քաղաքական ընդդիմութեան հասցէին:

Տարօրինակ է, որ վարչապետին պատուէրով պատրաստուած այս փաստաթուղթը տեղադրուած է միայն Ուաշինկթընի մէջ գործող «Փրկեցէ՛ք հալածուող քրիստոնեաները» կազմակերպութեան կայքին մէջ: Նոյնիսկ վարչապետին կայքին մէջ չկայ անիկա: Ամենայն հաւանականութեամբ, «Սպիտակ փաստաթուղթ»-ը պատրաստած է «Մըրքըրի» (Mercury) հանրային կապերու ընկերութիւնը, զոր Հայաստանի կառավարութիւնը վարձած էր ապրիլին:

Այս քարոզչական փաստաթուղթը կը բովանդակէ շարք մը անհիմն յայտարարութիւններ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ քաղաքական ընդդիմութեան դէմ: Օրինակ` անիկա կը պնդէ, որ Փաշինեանի ընդդիմախօսները զայն կը մեղադրեն իբր թէ` «Հայաստանը «իսլամացնելու» նպատակով 300 հազար իսլամ ազրպէյճանցիներ բերելու միտումնաւոր ջանքեր գործադրելու մէջ»: Այս պնդումը ոչ մէկ աղբիւրով կը հաստատուի: Նոյնիսկ եթէ մէկը նման մեղադրանք ուղղած է, «Սպիտակ փաստաթուղթ»-ը զայն կը վերագրէ ամբողջ ընդդիմութեան: Միեւնոյն ժամանակ փաստ է, որ Փաշինեան բազմիցս զիջումներ կատարած է Ալիեւին, ներառեալ` Արցախի յանձնումը Ազրպէյճանին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի որոշ հատուածներու զիջումը, սահմանադրութեան փոփոխումը, Մինսքի միջնորդական խումբի լուծարման համաձայնութիւնը եւ պաշտպանութեան պիւտճէի կրճատումը:

«Սպիտակ փաստաթուղթ»-ը նաեւ կը պնդէ, որ` «Սադրիչ լեզուի եւ ապատեղեկատուութեան կիրարկումը կը վտանգէ ժողովրդավարական քննարկումները եւ կը շեղէ ուշադրութիւնը Հայաստանի ապահովական եւ կառավարման հրատապ հարցերէ»: Սակայն Փաշինեանն ու անոր զուգընկերուհին` Աննա Յակոբեան, ինքնին այս գործելակերպով կը զբաղին ամիսներէ ի վեր` իրենց Դիմատետրի էջերուն մէջ ամօթալի գրառումներ կատարելով: Բացի ասկէ` «Սպիտակ փաստաթուղթ»-ը կը մեղադրէ գործարար Սամուէլ Կարապետեանը «Քրեմլինի հետ անմիջական կապեր ունենալու» մէջ` այդպիսով արդարացնելով անոր ձերբակալութիւնը եւ հիմնաւորելով Հայաստանի մէջ անոր բազմամիլիոն տոլար արժող գործարարութիւններու բռնագրաւումը: Իրականութեան մէջ Կարապետեան պարզապէս իր աջակցութիւնը յայտնած էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին: Հայաստանի վարչապետը չի յարգեր խօսքի ազատութիւնը, որ ժողովրդավարական որեւէ հասարակութեան հիմնասիւնն է:

«Սպիտակ փաստաթուղթ»-ը այլ առարկելի յայտարարութեամբ մը կը քննադատէ կաթողիկոսը` հրապարակաւ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջելու համար, աւելցնելով. «Սակայն այդ յայտարարութիւններուն համար իրաւապահ մարմիններուն կողմէ որեւէ միջոցի չի ձեռնարկուիր»: Արդեօք անձնական կարծիք արտայայտելը յանցա՞նք կը նկատուի:

Աւելի կարեւոր է, որ «Սպիտակ փաստաթուղթ»-ը կը խեղաթիւրէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը` յայտարարելով, թէ` «Փաշինեանի կառավարութիւնը կը խթանէ քաղաքական օրակարգը, որ կը շեշտադրէ քաղաքացիական գերակայութիւնը եկեղեցական հաստատութիւններուն նկատմամբ` համաձայն սահմանադրական աշխարհիկ կառավարման սկզբունքներուն»: Իրականութեան մէջ սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատում, ինչ որ կ`արգիլէ կառավարութեան միջամտել Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Կը սխալին անոնք, որոնք կը պնդեն, որ Եկեղեցին կը խառնուի քաղաքականութեան: Հոգեւորականները ունին նոյն իրաւունքները, զորս ունի իւրաքանչիւր քաղաքացի`քուէարկել եւ առաջադրուիլ պաշտօնի մը համար: Աւելի՛ն. իւրաքանչիւր հայ, ներառեալ` հոգեւորականները, եթէ տեսնէ, որ քաղաքական ղեկավարները երկիրը կը տանին կործանման, հայրենասիրական պարտականութիւն ունի բարձրաձայնելու` յանուն երկրի փրկութեան:

Փաշինեան հրամայած է ձերբակալել երեք բարձրաստիճան հոգեւորականներ` իբր թէ անօրինական գործողութիւններու համար: Ան ոստիկանութիւն ուղարկած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տարածք, իր Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակած է իր սեռական օրկանին վերաբերեալ պոռնկագրական բնոյթի արտայայտութիւններ, խոստովանած, որ ո՛չ եկեղեցական, ո՛չ ալ քաղաքացիական կարգով ամուսնացած է, կոչ ուղղած է իր կողմնակիցներուն` «հաւաքուել» Էջմիածինի մէջ եւ «ազատագրել» կաթողիկոսարանը, ինչպէս նաեւ մասնակցած է պատարագին` մատուցուած կարգալոյծ «քահանաներ»-ուն կողմէ, որոնք կը պղծեն Եկեղեցին: Այս բոլորը արդէն բաւարար հիմք են Փաշինեանը Հայ առաքելական եկեղեցիէն հեռացնելու:

Միաժամանակ Փաշինեանի զուգընկերուհին` Աննա Յակոբեանը, իր Դիմատետրի էջին մէջ բարձրագոյն հայ հոգեւորականները բնորոշած է իբրեւ «երկրի գլխաւոր մանկապիղծներ» եւ «սեւ սքեմ հագնող մոլագար այլասերուածներ»: Ասիկա բացարձակապէս անպատշաճ ձեւ է  հոգեւորականներուն դիմելու` մանաւանդ այս յերիւրանքներուն վերաբերող առանց որեւէ ապացոյց ներկայացնելու: Անոր կատարած զրպարտութեան համար դատ կը բանային անոր դէմ, եթէ Հայաստանի դատաւորները Փաշինեանի վերահսկողութեան տակ չգտնուէին:

«Սպիտակ փաստաթուղթ»-ը ի զուր կը փորձէ յառաջ տանիլ այն, որ Փաշինեան կը հակադրուի կաթողիկոսին, բայց` ոչ Հայոց եկեղեցւոյ, նշելով, որ հասարակութեան վստահութիւնը բարձր է Եկեղեցւոյ նկատմամբ` «շուրջ 60 տոկոս, մինչդեռ անոր բարձրագոյն առաջնորդութեան նկատմամբ վստահութիւնը մեծապէս կը նուազի»: Թէեւ 60 տոկոսի ցուցանիշը մօտաւորապէս կը համապատասխանէ իրականութեան, սակայն «Սպիտակ փաստաթուղթ»-ը որեւէ ապացոյց չի ներկայացներ, որ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեան նկատմամբ հանրային վստահութիւնը ցած է: «Սպիտակ փաստաթուղթ»-ը չի նշեր նաեւ, որ Փաշինեանի վարկանիշը կտրուկ անկում կրած է` 2018 թուականին իշխանութեան գալէն 82 տոկոսէն այժմ հասնելով 10 տոկոսէն քիչ մը աւելիի:

«Սպիտակ փաստաթուղթ»-ի ամէնէն անհանգստացնող տուեալը այն է, որ անիկա, ամենայն հաւանականութեամբ, պատրաստուած է Ուաշինկթընի մէջ գործող «Մըրքըրի» հանրային կապերու ընկերութեան կողմէ: Փաշինեանի կառավարութիւնը այդ ընկերութիւնը վարձած է տարեկան 600 հազար տոլարով` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ վարչակազմին մէջ Հայաստանի շահերը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ կողմէ վարձուած լոպիական ու հանրային կապերու կազմակերպութիւններուն հակազդելու նպատակով: Ես կ՛ենթադրեմ, որ «Մըրքըրի»-ն ներգրաւուած է այս գործին մէջ, որովհետեւ ստորագրուած պայմանագիրին մէջ կը նշուի, որ անիկա վարձուած է` «Յաճախորդին (Հայաստանի Հանրապետութիւն) ռազմավարական հաղորդակցութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն ծառայութիւններ տրամադրելու համար»:

Սակայն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարելու կամ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի շահերը պաշտպանելու փոխարէն` Փաշինեան նախընտրած է հանրային կապերու ընկերութեան մեծածախս ծառայութիւնները օգտագործել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ անոր առաջնորդութեան վրայ յարձակելու համար:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Բաժանումներ Եւ Միութեան Երազանք

Յաջորդը

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեան` Ազգային Կրթութեան Ճարտարապետ Եւ Մշակութային Միտք Կերտող

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.