Յետմահու Հրատարակուած Արժէքաւոր Հատոր Մը` Զաւէն Խանճեանի «Մարդը Եւ Աւանդը» Գիրքը
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) հոկտեմբեր 2025-ին լոյս ընծայեց «A Man and A Legacy/Մարդը եւ աւանդը» վերտառութեամբ գիրքը` ի յիշատակ Զաւէն Խանճեանին: Սոյն գիրքը կը պարունակէ հանգուցեալ Խանճեանին անգլերէնով եւ հայերէնով հեղինակած խմբագրականներն ու յօդուածները, որոնք հրատարակուած են AMAA News պարբերաթերթին մէջ` Աւետարանչական ընկերակցութեան որպէս գործադիր տնօրէն իր պաշտօնավարած տասնամեայ (2014-2024) ժամանակաշրջանին: Այս երկլեզու հատորը...














