Հասած ենք պատմութեան այն պահը, երբ արդարութիւնը ոչ թէ ժողովուրդները կը գրեն, այլ` շահերը: Միջազգային վարքագծի կեղծ ժպիտներով կը ծածկուին մշակոյթի դէմ կատարուող ոճիրները:
Այո՛, կ՛ապրինք ժամանակաշրջան մը, երբ դարերու ժառանգութիւնը նետուած է քաղաքական առեւտուրի սեղաններուն վրայ, ու կը խորհին, թէ աշխարհը չի տեսներ, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը չի լսեր: Բայց աշխարհը կը տեսնէ, աշխարհը կը լսէ: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը գրուած է Ջուղայի քանդուած խաչքարերով, Արցախի փոշիացող վանքերով: Այստեղ այլեւս պահելու կամ արդարացնելու ոչինչ կայ:
Եւ ահա, վերջերս միջազգային խաբկանքը հասաւ իր գագաթնակէտին: Ազրպէյճանը` այն պետութիւնը, որ պետական քաղաքականութեամբ մաքրեց, ջնջեց, փոշիացուց հայկական հազարամեայ մշակութային ժառանգութիւններ, ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Մշակութային արժէքներու վերականգնման խորհուրդ»-ի անդամ: Ընտրուեցաւ` իբրեւ հոգատար, իբրեւ պաշտպան, իբրեւ վերականգնող:
Արդեօ՞ք մարդկութիւնը կորսնցուցած է ճաշակի ու գիտակցութեան հասկացողութիւնը:
Արդեօ՞ք բարոյականութիւնը դարձած է գործածուող արժոյթ:
Արդեօ՞ք ընդունելի է, երբ աշխարհի աչքին առջեւ կատարուող մշակութային ցեղասպանութիւնը կը գնահատեն իբրեւ «վերականգնումի փորձառութիւն»:
Երբ համակարգուած քաղաքականութեամբ, շուրջ վեց հազար խաչքար կը ջնջուի Ազրպէյճանի նման հազիւ 107-ամեայ պետութեան մը ձեռքով, այդ պետութիւնը պէտք է նստի ոչ թէ «վերականգնման» խորհուրդին մէջ, այլ` մեղադրեալի աթոռին վրայ:
Եւ դառն ճշմարտութիւնը, այո՛, դառն ու ծանր ճշմարտութիւնը այն է, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան ոչ թէ գաղտնի, ոչ թէ գիշերը, այլ` ցերեկը, ուղիղ տեսախցիկներու, դիտարկող արբանեակներու, միջազգային դիտորդներու առջեւ: Ոչ ոք կը խօսի: Միջազգային ընտանիքը` լուռ: Միջազգային կազմակերպութիւնները` լուռ: Մարդկութեան խիղճը` լուռ: Հայաստանը` լուռ…
Ժողովուրդ մը չի կրնար լուռ մնալ, երբ անոր մշակոյթը կը ջնջուի ուրիշներու ձեռքով, իր` սեփական ձեռքերուն անգործութեամբ:
Ո՞ւր է Հայաստանի բողոքը: Ո՞ւր են` մեր բոցը, մեր պահանջատիրութիւնը, մեր միջազգային լեզուն: Ո՞ւր են` հրատապ հանդիպումները, յստակ յայտարարութիւնները, պահանջները, մամլոյ արշաւները: Ո՞ւր է հայ պատմաբաններու եւ մտաւորականութեան ձայնը: Ո՞ւր են` մեր դեսպանները, նախարարները, մեր դիւանագիտական կառոյցները: Վերջապէս, Հայաստանը ե՞րբ պիտի ըսէ` «Կը բաւէ՛»:
Զարմանալի է: Այն պահուն, երբ մեր խաչքարերը կ՛ոչնչանան, մեր մշակոյթը կը փոշիանայ, մեր պետութիւնը կը խօսի ելեկտրականութեան, խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ գործընկերութեան մասին, բայց` ո՛չ իրականութեան…
Դիւանագիտութիւն չէ այս: «Գործընկեր»-ի վերաբերմունք չէ, այս: Գոյութենական հարց է կատարուողը: Ժողովուրդ մը, երբ դադրի պաշտպանել է` իր մշակոյթը, պատմական կոթողները, վանքերը, խաչքարերը, եկեղեցիները, կը դադրի պաշտպանելէ իր էութիւնը: Մշակոյթը ժողովուրդի մը շունչն է: Սա պարզ ճշմարտութիւն է, որուն առջեւ լռութիւնը դատապարտելի եւ աններելի յանցագործութիւն է:
Ո՞ւր է մեր ձայնը: Պէտք է բարձրաձայնել` ոչ թէ լուռ, այլ` այնքան բարձր, որ միջազգային քարեղէն պատերն անգամ չկարենան զայն խլացնել:
Բոցավառ խօսքեր, այո՛, բայց անոնք ոչինչ են այն կրակին դիմաց, որ այրեց Ջուղայի խաչքարերը, Արցախի հոգեւոր եւ պատմամշակութային կեդրոնները: Աւելի վտանգաւորը ոչ թէ քանդումն է, այլ` անոր հանդէպ լռութիւնը: Աշխարհի աչքին առջեւ կը քանդեն, եւ մենք կը լռենք: Աշխարհը կը կարծէ, թէ համաձայն ենք:
Ժամանակն է կանգնելու ու ըսելու`
Աշխարհը չի կրնար ունենալ իր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն` առանց արդարութեան:
Աշխարհը չի կրնար արժէքներու մասին խօսիլ` առանց ճշմարտութեան:
Հայաստանը չի կրնար գոյութիւն ունենալ` առանց մշակոյթի պաշտպանութեան:
Եթէ Հայաստան չի պահանջեր արդարութիւն, ո՞վ պիտի պահանջէ:
Եթէ Հայաստան չի բարձրաձայներ ժառանգութեան սպանդը, ո՞վ պիտի լսէ:
Եթէ Հայաստան լուռ մնայ, ո՞վ պիտի խօսի անարդարութեան դէմ:
Մշակութային ցեղասպանութիւնը «սովորական քաղաքականութիւն» չէ: Անախորժ տեղեկութիւն չէ: Ան մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիր է: Ոճիր, որուն դիմաց Հայաստան պէտք է ունենայ ոչ թէ հեզ, այլ` կրակոտ ձայն, ոչ թէ բացատրող, այլ` պահանջող լեզու, ոչ թէ դիւանագիտական բարեկարգութիւն, այլ` հրապարակային բողոք, բոցավառ խօսք, բացէ ի բաց ճշմարտութիւն:



