Երեք Տարի` Առանց Խստամբերականութեան
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Այս տարի կը լրանայ փորթուգալեան նախորդ ընտրութիւններու (տեղի ունեցած` 4 հոկտեմբեր 2015-ին) քառամեակը: Այս ընտրութեանց ընթացքին պարտութեան մատնուեցաւ նախկին կառավարութեան պահպանողական դաշինքը: Պահպանողական «Յառա՛ջ, Փորթուգալ» դաշինքը կազմուած էր երկու կուսակցութիւններէ` Ընկերային-ժողովրդավար կուսակցութիւն եւ Ժողովուրդի կուսակցութիւն: «Յառա՛ջ, Փորթուգալ» դաշինքը 2015-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ստացաւ քուէներուն 36,86 առ հարիւրը. ստեղծուած կացութիւնը նկատի ունենալով` Ընկերվարական կուսակցութիւնը ոչ պաշտօնական դաշինք մը կազմեց...



















