Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ողջո՜յն Քեզ, Հա՛յ Դպրոց

October 4, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Սեպտեմբեր ամսուան վերջ` հոկտեմբերի սկիզբը տարուան այն ժամանակաշրջանն է, երբ դպրոցները իրենց դռները կը բանան նոր տարեշրջանի մը համար: Աշակերտը, կազդուրուած` ամրան երկար արձակուրդէ ետք, վերանորոգուած կը դառնայ դպրոց: Նոր տարեշրջան, նոր հոգեվիճակ, նոր երազներ, նոր խոյանք…

Անշուշտ կարգ մը աշակերտներու համար այս վերադարձը շատ հաճելի չէ, որովհետեւ կաշկանդում մըն է իրենց սանձարձակ ազատութեան, բայց ուրիշներու համար անիկա պարզապէս լոյսի աղբիւր մըն է:

Հայկական դպրոցները տարբեր առաքելութիւն մը ունին: Անոնք ոչ միայն դպրոցներ են` պետական կրթական ծրագիրները գործադրելու, այլ անոնք մեր հայեցի դաստիարակութեան, հայկական մշակոյթ եւ կրթութիւն ջամբելու սքանչելի կաճառներ են: Բայց այսօր, դժբախտաբար, մեր հայկական դպրոցները նահանջի մէջ են: Քաջութիւնը ունենանք ընդունելու այս դառն իրականութիւնը եւ վեհօրէն դիմենք ախտաճանաչման:

Արդեօք ինչո՞ւ մեր դպրոցները կը կորսնցնեն իրենց գրաւչութիւնը, արդեօք ինչո՞ւ կը դատարկուին հայ աշակերտներէ. ինչո՞ւ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ զաւակը օտար դպրոց ղրկողներուն թիւը կ՛աւելնայ: Խնդրեմ` միայն արդար դատողութենէ ետք դատապարտենք մեր ծնողները: Կասկած չկայ, որ հայ դպրոցը հայապահպանման սուր պայքարին մէջ առաջին ամրոցն է: Կասկած չկայ, որ հայ դպրոցին մէջ է, որ հայ աշակերտը կը ծաղկի ու կը զարգանայ զուտ հայկական մթնոլորտի մէջ: Կասկած չկայ, որ հայ դպրոցը լաւագոյն հասցէն է, դարբնոցը` ոչ միայն հայոց լեզու սորվեցնելու, այլ` հայ ոգին եւ մշակոյթը սերտօրէն փոխանցելու հայ աշակերտին:

Բայց այսօր մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք երկու հիմնական հարցերու, որոնց առաջին հերթին պէտք է անդրադառնանք ողջմտօրէն եւ ապա փորձենք արդարօրէն հարցը հարթել:

Առաջին հարցը այն է, որ այսօր մեր դպրոցները ընդհանրապէս պակասը ունին պատրաստուած, մարդամշակ, հոգեբանութենէ հասկցող ուսուցիչներու: Կարիքը ունինք Աղբալեանի, Վրացեանի դաստիարակչական ոճէն ազդուած փաղանգ մը մշակներու: Հայ դպրոցը պէտք է որդեգրէ դաստիարակչական լաւագոյն մեթոտները, որովհետեւ այսօրուան մանուկը պիտի ըլլայ ապագայի ղեկավարը: Մենք ամէնէն առաջ պէտք է աշխատինք անձին վրայ, անհատին վրայ, լաւագոյն կերպով մշակենք անոր նկարագիրը, որ ապագային դառնայ ընտիր անձ մը:

Երկրորդ հարցը  այն է, որ մեր դպրոցները ընդհանրապէս շրջանի մեծ դպրոցներուն հետ չեն կրնար բաղդատուիլ իրենց ուսումնական մակարդակով: Արդեօք ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ այսօր մեր դպրոցներուն մակարդակը ուսումնական իմաստով գահավիժում մը կ՛արձանագրէ` օտար դպրոցներու հետ բաղդատած: Որեւէ պատճառաբանութիւն անընդունելի եւ անհեթեթ պիտի նկատուի: Այս մէկը ոճիր մըն է մեր զաւակներուն հանդէպ, եւ պատմութիւնը մեզ կը մեղադրէ, իսկ ապագայի սերունդները մեզ կ՛այպանեն: Մեր դպրոցներու ուսումնական մակարդակը պէտք է ըլլայ ամէնէն բարձրը` լեզուական եւ գիտական իմաստով: Ժամանակին մեր ֆետայիները միշտ կը գերազանցէին թշնամին իրենց զէնքի տեսակով եւ արդիականութեամբ: Ամէնքս ալ լսած ենք գերմանական կամ աւստրիական արտադրութեամբ մոսիններու ու մաուզերներու մասին: Արդեօք նոյնը պէտք չէ՞ ըլլայ մեր դպրոցներու պարագան: Ինչո՞ւ պիտի չզինենք մեր զաւակները ուսման լաւագոյն մակարդակով:

Հայ դպրոցը, անցեալին եւ ներկայիս, ձուլման դէմ  ամէնէն հիմնական բերդն է: Պէտք է պաշտպանենք, պէտք է գուրգուրանք անոր վրայ` դարձնելով զայն ամէնէն արդիական ոճով մարդամշակ, ապա հայամշակ, հայակերտ կաճառի, որովհետեւ մեր զաւակները մեր ապագայի երաշխիքներն են: Ցանենք այսօր մարդկայնութիւն, հայութիւն եւ մշակոյթ անոնց մէջ, որ ապագային հնձենք ընտիր ղեկավարներ, հայորդիներ: Ապրի՛ հայ դպրոցը, ապրի՛ հայ աշակերտը, ապրի՛ հայ մշակը, որպէսզի ապրի հայ ժողովուրդը:

 

 

Նախորդը

Բացուեցաւ Մեսրոպեան Վարժարանին 80-րդ Տարեշրջանը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.