ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հայաստանի մէջ սեպտեմբեր 23-ին տեղի ունեցան Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները, որոնց կանխող քարոզարշաւին շատ բան խօսուեցաւ ու գրուեցաւ թեկնածուներուն ու զանոնք հովանաւորող ուժերուն կողմէ: Լրատուամիջոցներու ու ընկերային ցանցերու վրայ երեւցան բազմաթիւ վերլուծումներ, կեցուածքներ ու գնահատումներ:
Այսօր ընտրութիւնները աւարտած են, եւ արդիւնքները` յստակացած:
Քաղաքական բոլոր ուժերը վստահաբար սկսած են քննել այդ արդիւնքները եւ վերլուծել անոնց պատճառները, թէպէտ այդքան ալ միամիտ պէտք չէ ըլլալ կարծելու, որ այդ ուժերէն շատեր մօտաւորապէս չէին գիտեր այդ արդիւնքները:
Անշուշտ շատ կարեւոր է, որ այդ վերլուծումները կատարուին, եւ ամէն մէկ քաղաքական կուսակցութիւն եւ ուժ որոշ եզրակացութիւններու յանգի եւ անոնց հիման վրայ որոշէ իր քայլերը, մանաւանդ` նախատեսուած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն կապակցաբար: Ընտրութիւններ, որոնք պիտի ըլլան վճռորոշ եւ անկիւնադարձային, Հայաստանի մէջ ձեւաւորուող յետթաւշեայ յեղափոխութեան, քաղաքական նոր իրավիճակին բիւրեղացման առումով:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը իր ընթացքը կը շարունակէ, եւ դրական մթնոլորտը, որ ստեղծուած է, կը շարունակէ աւելի քան յուսալի նշաններ ցոյց տալ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ:
Հայ մարդուն մէջ սկսած են աւելնալ լաւատեսական տրամադրութիւնները Հայաստանի անմիջական ապագային նկատմամբ` ի տես այս ընտրութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ դրսեւորուած դրական կեցուածքներուն` նոյնինքն այդ քաղաքական ուժերուն կողմէ, որոնք մասնակցեցան այդ ընտրութիւններուն, եւ անշուշտ նաեւ` այն գնահատականներուն, որոնք կը տրուին միջազգային շրջանակներու կողմէ:
Այս ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք անոնց մասնակից դարձած գրեթէ բոլոր ուժերը իրենց գնահատականները տուին ընտրութեան արդար ու թափանցիկ, քաղաքակրթական ըլլալուն մասին:
Կարեւորութեամբ պէտք է արձանագրել այն փաստը, որ ընտրութիւններուն ընթացքը եւ յետընտրական գնահատականները` անոնց մասնակցած քաղաքական ուժերուն կողմէ, ցոյց կու տան քաղաքացիական այն բարձր մակարդակը, որ յատուկ է քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւն ունեցող շատ մը երկիրներու:
Այս իրողութիւնը ողջունելի է եւ յուսադրիչ, կարելի չէ երեւակայել հայ մը, որ չհպարտանայ ընտրութիւններուն ազատ եւ արդար կայացումով: Այս պատուաբեր ընթացքին համար շնորհաւորելի են թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ թէ՛ այս ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական ուժերը:
Գովելի այս ընթացքով բոլորիս կը մնայ աւելի եւս ամրապնդուիլ` յանուն այն հայրենիքին, որ չի կրնար մեր բոլորիս երազանքը չըլլալ:
Մօտիկ անցեալին ոչ մէկը կրնար կանխատեսել այս բոլորը:
Դեռ երկար ճամբայ ունինք մեր առջեւ:


