Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիրոյ Եւ Արդարութեան Հանճարեղ Երգիչը (Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին)

October 3, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Երկինքի աստղերուն քով երկրային աստղ մըն ալ աւելցաւ երկուշաբթի, 1 հոկտեմբերին:

Ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, դերասան, համաշխարհային երգի առասպել Շարլ Ազնաւուր պատմութեան անցաւ բազմամիլիոն մարդոց համար, որոնք անցնող 80 տարիներուն իր 1000-է աւելի երգերուն կախարդական բառերով ապրեցան ու սիրեցին, խոկացին ու մեծցան:

Մարդկային հոգիի եւ ազնիւ սիրոյ անզուգական երգիչը, իր զգայուն սիրտով, եզակի քարիզմայով եւ անկրկնելի տաղանդով կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկան հասակին, սուգի եւ վշտակցութեան հսկայ ալիք մը ստեղծելով իր ետին:

Սուգի մէջ է Ազնաւուրեան աշխարհը: Միջազգային երգարուեստի ոսկեդարու վերջին աստղին երգերը պիտի չհնչեն այլեւս բեմերէն, սակայն երգերուն բառերն ու վանկերը պիտի չհեռանան մարդոց գիտակցութենէն,  ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ փոխանցելով հանճարեղ մարդու մը թեթեւ ապրելու եւ միշտ ժպտալու առեղծուածը:

Միջազգային երգի երկրպագուները 20-րդ դարու արուեստագէտը կոչեցին զայն: Ոմանք Ֆրանսայի Ֆրանք Սինաթրան անուանեցին զինք: Ուրիշներ ֆրանսական երգի հայրն է ըսին: Իսկ շատ-շատերու համար ան եղաւ հայ ժողովուրդին դեսպանը աշխարհին:

Անուանումներն ու կոչումները փոխուեցան, սակայն պարզունակ, իւրայատուկ եւ ինքնատիպ իր երգերով, Ազնաւուր բոլորին համար եղաւ ու մնաց ամենագեղեցիկ եւ ներդաշնակ երաժշտութեան, Ազնաւուրեան աշխարհին փայլուն աստղը:

Սիրոյ եւ արդարութեան հանճարեղ այս երգիչը աշխարհին պատկանելէ առաջ, սակայն, եղաւ իր ժողովուրդին հարազատ ձայնը` միջազգային բեմերուն եւ աշխարհի մեծ ու փոքր դահլիճներուն մէջ, ամէնուրեք մարմնաւորելով հայութեան ճակատագիրը, անոր վերածնունդը, անկոտրում կամքը, աշխատասիրութիւնը եւ անպարտելիութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 60-ամեակին, Ազնաւուր «Օլիմփիա»-ի բեմէն «Անոնք ինկան»-ով մարդկութեան յիշեցուց թուրքին անմարդկութիւնը:

1988-ի երկրաշարժին, ան եղաւ Հայաստան առաջին փութացողներէն: «Քեզի համար Հայաստան» երգեց ու երգելէ ետք ալ գործեց` «Ազնաւուրը Հայաստանին համար» բարեսիրական հիմնադրամը ստեղծելով:

Իր բարութեամբ եւ լաւատեսութեամբ աշխարհը զարմացնող այս արուեստագէտը եղաւ հայութեան բախտաւոր արուեստագէտներէն մէկը, որ  իր ողջութեան իսկ գնահատուեցաւ արժանաւոր կերպով: Ան տիրացաւ Հայաստանի ազգային հերոսի կոչումին, արժանացաւ բազմաթիւ շքանշաններու եւ իր անունով հրապարակ մը կոչուեցաւ Երեւանի մէջ, իսկ արձան մըն ալ կանգնեցաւ Գիւմրիի մէջ:

Բարի՜ ճանապարհ մեծ մարդուն, հայուն եւ արուեստագէտին: Երկինքը կրնայ բախտաւոր զգալ ինքզինք, որովհետեւ Վարդան Պետրոսեանի բառերով` «հիմա արդէն սիրոյ հրեշտակներն են, որոնք կը վայելեն զինք»:

 

 

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովի Կանոնակարգ Օրէնքին Մէջ Կատարուած Փոփոխութիւնը Կ՛արժանանայ Փաշինեանի Սուր Հակազդեցութեան. ՀՅԴ-ն Կառավարութենէն Ետ Կը Կանչէ Իր Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Աբրահամ Խաշմանեան Գլխաւորեց Արարատը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.