Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ժամանակի Ճշդումը՝ Ընդհանուր Յայտարարով

Հոկտեմբեր 2, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու ընդհանուր համապատկերէն ետք աւելի պարզ կը դառնայ, որ կայ շտապողականութիւն` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները կազմակերպելու:

Սահմանադրական կարգը արտահերթ ընտրութիւններու որոշման համար ներառած է հետեւեալ յօդուածը

Յօդուած 92. Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը.

  1. Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածին 3-րդ մասով, 151-րդ յօդուածին 3-րդ եւ 4-րդ մասերով սահմանուած պարագաներուն Ազգային ժողովի արձակուելէն ետք:
  2. Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ազգային ժողովի արձակուելէն ոչ շատ շուտ, քան երեսուն, եւ ոչ ուշ, քան քառասունհինգ օր ետք:

149-ի 3-րդ մասը կ՛ըսէ.

  1. Վարչապետ չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթը օր ետք տեղի կ՛ունենայ վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունքը ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով:

151-ի 3-րդ եւ 4-րդ մասերը հետեւեալն է.

  1. Եթէ Ազգային ժողովը հաւանութիւն չտայ կառավարութեան ծրագիրին եւ Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն համապատասխան չընտրէ նոր վարչապետ, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով: Եթէ Ազգային ժողովը ընտրէ վարչապետ, սակայն կրկին հաւանութիւն չտայ կառավարութեան ծրագիրին, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով:
  2. Սոյն յօդուածին 3-րդ մասը չի տարածուիր Սահմանադրութեան 115-րդ յօդուածին համապատասխան կազմաւորուած կառավարութեան ծրագիրին վրայ: Եթէ այդ կառավարութեան ծրագիրը հաւանութեան չարժանանայ, ապա Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով:

Հիմա պէտք է ըսել, որ այժմ ներկայ անմիջականութեամբ 151-րդ յօդուածի կիրարկելիութեան խնդիր չկայ: Սահմանադրական այս կարգը նոր իրավիճակին համար իրաւականօրէն հիմնական մէկ ելք ունի: Վարչապետը հրաժարական կու տայ, երկու անգամ Ազգային ժողովը չ՛ընտրեր վարչապետ եւ բնականաբար այդ քայլով խորհրդարանը կ՛երթայ ինքնալուծարման, այլ խօսքով` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացման:

Հիմնախնդիրներու հանգուցալուծումը մինչ այժմ շարունակած է մնալ իրաւական հարթութեան վրայ. ինչ որ նաեւ նորահաստատ գործադիր իշխանութեան ապահոված է իշխանութեան օրինականութիւն: Միւս կողմէ եւս թաւշեայ յեղափոխութեան նման խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ կայ թաւշեայ ընդդիմութիւն: Ճիշդ է, որ համաժողովրդային շարժումի ալիքը հիմնովին նկատի կ՛առնուի եւ փաստօրէն առնուեցաւ գործող մեծամասնութեան կողմէ: Այսպէս, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը թէ՛ մասնակցեցաւ վարչապետի ընտրութեան, թէ՛ դերակատար դարձաւ, որպէսզի ընտրուի ժողովուրդի թեկնածուն եւ թէ՛ վաւերացուց կառավարութեան ծրագիրը: Փաստօրէն նախորդ վարչապետի հրաժարականէն մինչեւ քաղաքապետի հրաժարական, անցնելով խորհրդարանի նիստերուն մեծամասնական օրինականութիւնը գոյացնելէն, վարչապետ ընտրելէն եւ կառավարութեան ծրագիր վաւերացնելէն` խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ընդառաջ գնաց ժողովուրդի պահանջներուն: Կարելի է հետեւցնել, որ այս վարքագիծէն չի շեղիր նաեւ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու պահանջէն:

Այսօր, քաղաքագիտական առումով խորհրդարանական համակարգով ղեկավարուող երկրի մէջ կայ գործադիր-օրէնսդիր մարմիններու  ո՛չ միայն աններդաշնակ, այլ նաեւ հակոտնեայ պատկեր: Մինչդեռ գործադիրը, յատկապէս խորհրդարանական հանրապետութեան մէջ մնայուն անհրաժեշտութիւնը ունի խորհրդարանի հաւանութեան` իր ծրագիրները իրականացնելու ամէն կարեւոր քայլափոխի:

Բնական է նաեւ, որ միայն գործադիր բաժինը ստանձնելով համակարգային փոփոխութիւն չ՛իրականացուիր: Այսօր վարչապետին եւ կառավարութեան համար անհրաժեշտ է արմատապէս փոխել խորհրդարանն ու արդարադատութիւնը ընդհանրապէս: Արդարադատութեան համար նոյնիսկ անցումային դրութիւնը գործարկելու համար կառավարութիւնը պէտք ունի խորհրդարանի հաւանութեան:

Խորհրդարանական մեծամասնութեան ցարդ որդեգրած վարքագիծին պահպանման տեսութիւնը հիմնաւորելու համար պէտք է մէջբերել նաեւ խորհրդարանի վաւերացուցած կառավարութեան ծրագիրին հետեւեալ բաժինը.

«Վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովը չ՛արտայայտեր Հայաստանի ժողովուրդի իրական քաղաքական տրամադրութիւնները, նախապատուութիւնները եւ ուժերու իրական յարաբերակցութիւնը: Այս իրողութիւնը Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելու անվիճելի անհրաժեշտութիւն յառաջացուցած է»:

Աւելի՛ն. նոյն ծրագիրին մէջ տեղ գտած է ընտրակարգի հիմնական փոփոխութիւն` վարկանշային բաժինը հանելով անցնիլ  լրիւ համամասնականի: Այս բոլորը ներառելով գործող խորհրդարանը համաձայնութիւն տուած է առաւելագոյնը մինչեւ մէկ տարի կազմակերպել արտահերթ ընտրութիւնները:

Փաստօրէն, այսօրուան խորհրդարանական մեծամասնութիւնը համաձայնած է նախ հարիւր առ հարիւր համամասնական ընտրակարգով արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու շուրջ մինչեւ մէկ տարի:

Ամբողջ խնդիրը ուրեմն ժամանակի ճշդումին մէջ կը կայանայ: Խորհրդարանական խմբակցութիւններուն հետ տեղի ունենալիք  խորհրդակցութիւններու առանցքը ժամանակի ճշդումին կը վերաբերի:

Այստեղ գերակայութիւնը պէտք է իբրեւ առաջադրանք ունենայ համաձայնութեան անցնցում յանգիլը, ընտրական նոր օրինագիծի կատարելագործումը, Սահմանադրութեան ոգիին հարազատ խորհրդարանի մէջ բազմակարծութեան ապահովումը եւ թէ՛ իբրեւ պատրաստութիւն եւ թէ՛ իբրեւ մասնակցութիւն ընտրութիւններու փայլուն կատարողականութիւնը:

Բանակցութիւնները շուտով կը սկսին, ինչպէս արդէն յայտարարուած է: Ինչպէս մինչ այժմ արձանագրուած է, այս պահու դրութեամբ Հայաստանի պետական-քաղաքական դաշտը զբաղեցնող բոլոր ուժերը համակողմանիօրէն գիտակցութիւնը կ՛ունենան խորհրդարանով հաստատուած արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու անվիճելի անհրաժեշտութիւնը կեանքի կոչելու: Եւ անոր կայացման ճիշդ ժամանակի որոշման համար երկխօսութեան ճամբով ընդհանուր յայտարարի գալու: Յայտնաբար կայ ընդհանուր ընկալում, որ քաղաքակիրթ ոճը, իրաւական ուղին, երկխօսութեան միջոցը, զանազան փուլերէ անցնցում անցնիլը եւ ազատ ու արդար ընտրութիւնները միջազգային վարկի նոր նշաձողներ կ՛ապահովեն մեր երկրին ու պետութեան:

Նախորդը

94 Տարեկանին Մահկանացուն Կնքեց Աշխարհահռչակ Երգիչ, Հայաստանի Ազգային Հերոս Շարլ Ազնաւուր

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Յաղթական` Ռուսիոյ Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?