ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Հակառակ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած հայկական մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներուն` Պոլսոյ մէջ կարգ մը հայեր կը գովաբանեն թրքական վարչակարգը եւ յատկապէս` անոր ֆաշիստ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Էրտողանի կողմնակից այս փոքրաթիւ հայերը, որոնք կ՛օգտուին յատուկ արտօնութիւններէ եւ մուտք ունին բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներու մօտ, իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ տեղւոյն հայկական համայնքի շահերու պաշտպաններ: Սակայն իրականութեան մէջ անոնք ունին շահադիտական դրդապատճառներ: Անոնք անձնական գործարքային շահեր ունին կաշառակեր թուրք ղեկավարներու հետ, կամ կը ձգտին պահպանել իրենց ոչ արժանի դիրքերը` հայկական համայնքային հաստատութիւններու մէջ: Այսպիսի անհատներէն մէկը Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի վարչութեան նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն է:
Վերջերս «ԱՄՆ ֆորում» թուրք-ամերիկեան թերթի լրագրող Փինար Իշիք Արտորին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ Շիրինօղլուն շարք մը կեղծ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հայ համայնքին մասին եւ խեղաթիւրեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը:
Ըստ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» թերթին, Շիրինօղլուին խօսքերը «ցնցիչ էին»: Շիրինօղլուին «ԱՄՆ ֆորում» թերթին ըսած է, որ հայերը երբեք նման բարեկեցիկ կեանքով չեն ապրած, ինչպէս որ կ՛ապրին Էրտողանի իշխանութեան օրով… Ան նաեւ սխալ յայտարարութիւններ ըրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին` նշելով, որ` «1915 թուականի դէպքերը կազմակերպուած էին արտաքին ուժերու կողմէ` Օսմանեան կայսրութիւնը կործանելու եւ տապալելու նպատակով»:
Ասկէ բացի, Շիրինօղլուն ըսած է «ԱՄՆ ֆորում»-ին. «Էրտողանէն առաջ մենք նոյնիսկ չենք կրցած ներկել կամ վերանորոգել մեր եկեղեցիները: Մենք այդ կրցանք ընել, երբ պետութիւնը ձեւացուց, որ չի նկատեր նման գործողութիւններ»: Շիրինօղլուն բազմիցս պնդած է, որ ան բարի գործեր ըրած է Թուրքիոյ հայ համայնքին համար: Ըսած է, որ քանի մը տարի առաջ ինք տեսակցութիւն խնդրած է Էրտողանին հետ եւ անմիջապէս դրական պատասխան ստացած է: Հանդիպման ընթացքին ինք խնդրած է Էրտողանէն` թոյլատրել, որ խաչ տեղադրուի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ: Ըստ տեղեկութիւններու, ինք ըսած է Էրտողանին. «Ինչպէս որ դուք չէք կրնար մզկիթ ունենալ առանց մինարէի, այդպէս ալ կարելի չէ եկեղեցի ունենալ առանց խաչի»: Շիրինօղլուն պնդած է, որ` «Էրտողան մէկ գիշերուան ընթացքին խաչ տեղադրել տուաւ Աղթամարի եկեղեցւոյ վրայ»: Եթէ Շիրինօղլուն իրաւամբ այդքան ազդեցիկ էր, ապա ինչո՞ւ չէր խնդրած վերականգնել Աղթամարի կարգավիճակը` իբրեւ հայկական եկեղեցի, «թանգարան»-ի փոխարէն, թոյլ տալով, որ կրօնական արարողութիւններ իրականացուին գէթ տարին անգամ մը… Շիրինօղլուն նաեւ անտեսած է այն փաստը, որ հայեր եւ ուրիշներ, ամբողջ աշխարհի մէջ, ներառեալ` Պոլսոյ հայոց պատրիարքը, պահանջած էին խաչի տեղադրումը եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ: Այնպէս որ, միայն Շիրինօղլուն չէր, որ դիմած էր նման խնդրանքով:
Շիրինօղլուն ժխտած է արեւմտեան զանազան զեկոյցներ, որոնք կը նշեն, որ հայերու կրօնական իրաւունքները սահմանափակուած են Թուրքիոյ մէջ` այդ զեկոյցները անուանելով «կեղծ դիպաշարեր»: 67 տարեկան Շիրինօղլուն հետեւեալը ըսած է թրքական թերթին. «Իմ մանկութեան տարիներէն ի վեր հայերը որեւէ խնդիր չեն ունեցած»:
Երբ թուրք լրագրողը յիշեցուցած է Շիրինօղլուին, որ հայերը դժգոհ են իր խօսքերէն, ան պատասխանած է. «Երբ չես խօսիր իրենց ուզածին պէս, անոնք թշնամաբար կը տրամադրուին: Ես կանգնած եմ պետութեան կողքին: Ես չեմ դաւաճաներ իմ սեփական երկրին: Ես հայ եմ, սակայն` Թուրքիոյ քաղաքացի: Մեր հաւատքը մեզի կը պատուիրէ հաւատարիմ ըլլալ պետութեան: Մեր Աստուածաշունչը նոյնը կը քարոզէ»:
Շիրինօղլուին ամէնէն վիճայարոյց դատողութիւնները կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր կատարած սխալ մեկնաբանութեան: Ան յայտարարած է, որ` «Կասկածներ ունի 1915-ի [հայկական զոհերու] թուաքանակի վերաբերեալ»: Ան աւելցուցած է, որ` «Այդ ժամանակաշրջանին հայերը, հրեաները եւ յոյները հարուստ էին, հետեւաբար այդ իսկ պատճառով թշնամանք կար անոնց հանդէպ: Ներկայիս հայ բնակչութիւնը աստիճանաբար կը նուազի: Ծնելիութեան մակարդակը ցած է, մահացութեան մակարդակը` բարձր: Կան նաեւ խառն ամուսնութիւններ»:
Երբ թուրք լրագրողը հարցուցած է Շիրինօղլուին, թէ արդեօ՞ք հայերը, յոյները եւ հրեաները համակարծիք են իրեն, Շիրինօղլուն դրական պատասխան տուած է եւ` աւելցուցած. «Մենք համաձայն չենք միայն 1915-ի դէպքերու կապակցութեամբ: Յոյն պատրիարք Բարթողիմէոսը ունի վերապահ եւ սկզբունքային դիրքորոշում, նաեւ` պետութեան վերաբերեալ: Հրեաները նոյնպէս կը սիրեն պետութիւնը, սակայն անոնք եւս սկզբունքային են: Անոնք չեն հրաժարիր իրենց սկզբունքներէն: Հոս ապրող հրեաները թէեւ չեն դաւաճաներ Թուրքիոյ, բայց կապուած են Իսրայէլի»:
Վերջաւորութեան Շիրինօղլուն անդրադարձած է վերջերս տեղի ունեցած թրքական լիրայի արժեզրկման: Կրկնելով հարցումին տրուած Էրտողանի նոյն պատասխանը, Շիրինօղլուն մեղադրած է արտաքին ուժերը` «թրքական տնտեսութեան դէմ այս խաղը» կազմակերպելնուն համար:
Առաջին անգամը չէ, որ Շիրինօղլուն Հայոց ցեղասպանութեան մասին նման յայտարարութիւններ ըրած է: Օրինակ, 2010-ին, վարչապետ Էրտողանի հետ տեսակցութենէ ետք, ան թրքական լրատուական միջոցներուն ըսաւ, որ` «1915-ը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ երրորդ կողմի հրահրած թշնամանք` երկու զիրար սիրող բարեկամներու միջեւ»: Ան աւելցուցած է, որ իր «մեծ հայրը զոհերու շարքին էր, սակայն այդ զոհերուն մէջ նաեւ շատ թուրքեր կային»:
Տակաւին 2010-ին էր, որ պոլսահայերը դիմում ներկայացուցած էին` յայտարարելով, որ Շիրինօղլուին իրենց առաջնորդը չէ եւ չի ներկայացներ հայկական համայնքը: Շիրինօղլուին յայտարարութիւններէն զայրացած` դիմումը ներկայացնողները նաեւ ընդգծած էին. «Մենք կ՛ապրինք մէկ ուրիշ Թուրքիոյ մէջ», այլ ոչ թէ` Շիրինօղլուին նկարագրած Թուրքիոյ մէջ…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


