«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը Կ՛անդրադառնայ Հայկական Զիլճեան Ընտանիքին Եւ Համանուն Ապրանքանիշին Պատմութեան
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը «Ընտանիքի 400-ամեայ երաժշտական գործիքը կը շարունակէ ճիշդ հնչողութիւնը» խորագիրով լայնածաւալ յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ հանրայայտ Զիլճեան ընտանիքին եւ անոնց կողմէ տարիներէ ի վեր արտադրուող «Զիլճեան» ապրանքանիշի ծնծղաներու պատմութեան: «Կրնաս ունենալ աշխարհի լաւագոյն ներդաշնակութիւնը, սակայն միայն ծնծղաներն են, որոնք կրնան քեզ դէպի գագաթ բարձրացնել», ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս գործիքին մասին կը խօսի յայտնի թմբկահար Պրայըն Պլէյտը, որ երկար տարիներ կ՛օգտուի...


















