«Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը, գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանի գլխաւորութեամբ, սեպտեմբեր 22-26 գործարարութեան առաքելութեամբ Լիբանան էր: Այցի ընթացքին Հայաստանի մէջ նոր ներդրումներու մասին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են:
Ասիկա երրորդ արտագնայ գործարար առաքելութիւնն է դէպի Լիբանան: «Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը գործնական փուլ տեղափոխած է նախորդ այցերու ընթացքին ներդրումներու մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ` նոր կապերու հիմք դրած: Շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են լիբանանեան ներդրողներու եւ գործընկեր կառոյցներու ղեկավարներու հետ:
«Ամէն նոր գործարար առաքելութեան ժամանակ կը թարմացնենք նախկին կապերը, բանաւոր պայմանաւորուածութիւնները աւելի գործնական փուլ կը տեղափոխենք եւ նոր ներդրումներ կը ներգրաւենք դէպի մեր երկիրը», նշած է «Պիզնես Արմենիա»-ի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանը:
«Պիզնես Արմենիա»-ի խումբին հետ հանդիպման ընթացքին «Շետիտ քեփիթըլ հոլտինկ»-ի ղեկավար Ֆարիտ Շետիտը Հայաստանի մէջ ապահովագրական ընկերութեան մասնաճիւղ բանալու մտադրութիւն յայտնած է: «Շետիտ քեփիթըլ հոլտինկ»-ը մասնաճիւղեր ունի աշխարհի 5 երկիրներու մէջ:
Մէկ այլ հանդիպման ընթացքին «Մակիտեկ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Կարօ Մաթոսեանը մտադրութիւն յայտնած է 250.000 տոլարի ներդրումներով Հայաստանի մէջ կերպընկալէ իրերու պատրաստման կաղապարներու եւ արդիւնաբերական մեքենաներու բաղադրիչներու արտադրութիւն հիմնել:
«Մակ ակրոքեմիքըլս» ընկերութիւնը կը քննարկէ Հայաստանի մէջ ընկերութեան մասնաճիւղ բանալու հարցը. ընկերութիւնը կը զբաղի պարարտանիւթերու եւ թունաքիմիքատներու արտադրութեամբ: Շարք մը գործարարներ յառաջիկային պիտի այցելեն մեր երկիր` գործ հիմնելու ծրագիրներ ուսումնասիրելու:
«Լիբանանի մէջ մեր պատուիրակութիւնը «Պիզնես Արմենիա»-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գունտագճեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի աջակցութեամբ կազմակերպած է այցելութիւններ շարք մը գործարաններ, հանդիպումներ ունեցած է գործարար մարդոց հետ, որոնց շնորհիւ հայ-լիբանանեան նոր համագործակցութիւններու սկիզբ դրած ենք», նշած է «Պիզնես Արմենիա»-ի Միջազգային համագործակցութեան կառավարիչ Ալինա Եղիազարեանը:



