Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ . Փորձեցէ՛ք

October 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՆԱՆ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Սեպտեմբեր 1-ին «Ասպարէզ»-ի, իսկ սեպտեմբեր 7-ին «Ազդակ»-ի մէջ (https://www.aztagdaily.com/archives/407759) լոյս տեսաւ շատ սիրելի ընկերոջ մը «Մի՛ փորձէք» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնն ու գաղափարախօսութիւնը քննադատողներուն եւ զանոնք կը բաժնէ զանազան խումբերու:

Սոյն գրութեան նպատակը հակադրութիւն մը ներկայացնել չէ, ո՛չ ալ` յատուկ այդ մեր ընկերոջ գրած յօդուածին կարծիքը ժխտելը. նպատակն է մերժել շատ բնականացուած եւ վտանգաւոր մօտեցում մը, աւելի ճիշդ` մշակո՛յթ մը, որ ընդհանրացած է մեր շարքերուն մէջ այսօր:

Դաշնակցութեան անցեալի ուժին յենելով եւ անոր պատմական հզօրութեամբ պարծենալով` կը կարծենք, որ լաւութիւն մը ըրած ենք մեր կուսակցութեան: Մեր ազգային յաղթանակները գովելով` թերեւս կը կարծենք, որ կարեւոր յիշեցում մը կ՛ընենք մեզմէ կասկածողներուն: Սակայն այս մօտեցումը 21-րդ դարուն մէջ կը մնայ ապարդիւն եւ անյաջո՛ղ: Այս մօտեցումը միայն կը գոհացնէ մեզմէ մի քանիները…

Դաշնակցութիւնը եթէ նորոգուած եւ պատեհ ուժ մը պիտի ըլլայ 21-րդ դարու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ` ըլլայ այդ քաղաքական, ընկերային թէ որեւէ այլ բնագաւառի մէջ, ապա պէտք է, նախ եւ առաջ, բոլորի՛ն մասնակից դարձնէ իր աշխատանքներուն: Ժողովուրդը մասնակից ըլլալէ անդին` պէտք է նաեւ տէ՛րը դառնայ մեր աշխատանքներուն: Թող հայ ժողովուրդը վստահ ըլլայ, որ Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի, թէ հանրութիւնը իրմէ հաշիւ պիտի պահանջէ, որովհետեւ, ի վերջոյ, Դաշնակցութիւնը կը պատկանի ժողովուրդի՛ն: Փոխանակ ինքն իր կարեւորութեան մասին քարոզելու` Դաշնակցութիւնը պէտք է դառնայ համազգային, համահայկական ուժ` բառին բովանդա՛կ իմաստով, այլ ո՛չ թէ` լոկ լոզունգներով:

21-րդ դարուն գործող կուսակցութիւն մը չի կրնար ինքզինք ճանչնալ ու ներկայացնել իբրեւ գերադաս կազմակերպութիւն, կամ` այնքա՛ն մեծաւոր, որ պէտքն անգամ չի զգար իր որոշումներն ու մօտեցումները բացատրելու կամ արդարացնելու: Արժանանալու համար ժողովուրդի վստահութեան` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, հարկ է ձերբազատիլ «մեսիայի բարդոյթ»-էն (messiah complex), որմէ շատերս կը տառապինք, եւ որուն ընդհանրացումը մեզ հետզհետէ կը հեռացնէ մեր սկզբունքներէն եւ արմատներէն:

Ժողովուրդը կը պահանջէ հաշուետուութի՛ւն: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը վերջին փաստն էր անոր, որ ժողովուրդը կը փափաքի մասնակից դառնալ երկրի ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին ու փոփոխութիւններուն: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ձեռք երկարել եւ ժողովուրդին մասնակից դարձնել, պաշտպանողական դիրք բռնելով` արհեստական պատեր բարձրացնելու փոխարէն: Ժողովուրդին իմաստալից մասնակից դարձնելու համար հարկ է զայն հեռուէն չդիտել եւ անոր հետ յարաբերութիւնը պատահականութեան չձգել: Ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը երբե՛ք անջատուած պէտք չէ ըլլան:

Դաշնակցութիւնը պարտականութիւն ունի աւելի հեղինակութիւն տալու իր ընկերներուն, օժանդակներուն, համակիրներուն ու նաեւ` հանրութեան: Դաշնակցութիւնը կը շահի եւ կը յառաջդիմէ, երբ թափանցի՛կ ըլլայ իր տկարութիւններուն եւ սխալներուն մասին, եւ երբ հրաւիրէ բոլո՛րը, որ մասնակից դառնան` լուծումներ գտնելու գործին: Եթէ կը հաւատանք, որ Դաշնակցութիւնը իսկապէս ծառան է իր ժողովուրդին ու երկրին, ապա այս քայլը առնելը կենսակա՛ն է, եւ վախնալու կամ զգուշանալու որեւէ պատճառ չկայ:

Օրինակ` փոխանակ բեմէն փառաբանելու մեր կուսակցութիւնն ու անոր գործունէութիւնը (որուն յանցաւորը մենք ալ եղած ենք, անկասկա՛ծ), թող հրաւիրենք համայն հանրութիւնը, որ մերօրեայ դրութիւններով եւ լայն միջոցներով մեզ գնահատէ, քննադատէ եւ, հաւանաբար` ամենակարեւորը, գործնակա՛ն առաջարկներ ներկայացնել: Մեր փակ դռներու ետին աշխատելու մշակոյթը փոխե՛նք: Ի վերջոյ, Կլենտէյլի կամ այլ գաղութի սրահի մը մէջ հազար ներկաներու համար տօնակատարութիւն կազմակերպելն ալ փակ դռներու ետին աշխատիլ է… Սկզբունքով մեր կառոյցը ապակեդրո՛ն է, բայց տարօրինակօրէն մեր շարքերուն մէջ տարածուող կազմակերպական մշակոյթը կը թեքի դէպի կեդրոնացած գործելաձեւ եւ կղզիացած, պահպանողական մտածողութիւն: Խնդիրը հիմա ո՛չ դաշնակցականներն են, ո՛չ ալ հակադաշնակցականները, այլ` մնացած հսկայ տոկոսը մեր ժողովուրդին, որուն ուսումը, կարողութիւնը, նուիրատուութիւնը եւ մասնակցութիւնը մեծ մասամբ անտեսած ենք:

Ձեռք երկարենք մեր կառոյցներէն դուրս մնացած խաւին եւ փորձենք լաւապէս հասկնալ զանոնք յուզող հարցերն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Մեր Դատը, որ համազգային դատ է, միայն այս ձեւով կրնանք ընդհանրացնել եւ իսկապէս համահայկական բնոյթ տալ անոր: Մարդ աւելի՛ բարձր արժէք կու տայ այն բաներուն, որոնց վրայ ուղղակի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:

Մեր ընկերոջ գրած վերոյիշեալ յօդուածը կը սաստէ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն Դաշնակցութիւնը նսեմացնել: Ճի՛շդ է. անկարելի է Դաշնակցութիւնը վերացնել հայ ազգային կեանքէն: Ճի՛շդ է նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է «ժողովուրդին անքակտելի մասնիկը»: Սակայն ա՛յն պահուն, երբ մենք զմեզ այլ կուսակցութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ կը գերադասենք, հակառակած կ՛ըլլանք մեր ժողովրդավարական եւ ընկերվարական սկզբունքներուն եւ խախտած կ՛ըլլանք մեր հիմնադիրներուն հեռատես ու յառաջդիմական տեսիլքը: Չսարսափի՛նք, երբ ոմանք կը փորձեն Դաշնակցութիւնը նմանցնել ուրիշներու. ընդհակառա՛կը, առիթէն օգտուինք եւ յարմար դասեր քաղենք, երբ բաղդատուինք, համեմատուինք եւ «դատուինք»:

Միայն այս թափանցիկ, համեստ, բայց միշտ անվհատ եւ խիզախ մօտեցումով է, որ պիտի կարենանք յաղթահարել «հակադաշնակցական» պայքարը եւ նորոգուած ուժ մը դառնալ մեր ժողովուրդին համար:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Հպարտութեան Առիթ Մը Եւս. Սեպտեմբեր 23-ի Ընտրութիւններուն Առիթով

Յաջորդը

Մուսա Լերան Դիւցազնամարտի 103-ամեակի Առիթով . Մուսա Լեռը Նաեւ Հայ Երգարուեստի Ներշնչարան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.