Անդրադարձ

Փարիզի Մէջ Մահացած Է Հռչակաւոր Յօրինող Միշէլ Լըկրանը

Փարիզի Մէջ Մահացած Է Հռչակաւոր Յօրինող Միշէլ Լըկրանը

87 տարեկանին Փարիզի մէջ մահացած է ծագումով հայ, ֆրանսացի հռչակաւոր յօրինող, խմբավար եւ դաշնակահար Միշէլ Լըկրանը: Ան համաշխարհային հռչակ շահեցաւ 1964-ին, «Շերպուրի հովանոցներ» երգախառն շարժանկարով: Ան իր առաջին «Օսքարը» ստացած է «Մտքիդ ջաղացքները» երգին համար, որ հնչած է «Թոմաս Քրաունի խարդախութիւնը» շարժանկարի մէջ: Լըկրան ծնած է 1932-ին: Ան զաւակն է խմբավար Ռեմոն Լըկրանի եւ հայազգի դաշնակահարուհի Մարսել Տէր Միքայէլեանի: Իր...

Դիւանագիտական Բառախաղը Արցախի Տագնապին Լուծման Չ՛առաջնորդեր

Դիւանագիտական Բառախաղը Արցախի Տագնապին Լուծման Չ՛առաջնորդեր

Ա. Ա. Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի տաւոսեան չնախատեսուած շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը` Փաշինեանի հետ, որքան ալ Հայաստանի նախագահը պնդէ, որ չէ անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, թէ՛ ժամանակով, թէ՛ արծարծուած նիւթերուն ծիրով, կ՛առնչուի արցախեան հիմնահարցին: Եթէ զուգահեռներ գծելով` բաղդատականներ կատարենք տաւոսեան...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը 2017 թուականին հիմնեց «ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» հիմնադրամը` արժեւորելու հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը: Այս առիթով կը յայտնենք, որ կազմուած է հնգանդամ Գնահատիչ մարմին, որ ստացուած գրական նիւթերէն մասնագիտական ընտրութիւն կատարելէ ետք, եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պիտի յայտարարէ 2019 հոկտեմբերին` Հայ մշակոյթի ամսուան փառաւոր հանդիսութեան օրերուն: Ինչպէս անցեալին, հետաքրքրուած հեղինակներէն կը...

Խմբագրական.  Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Հրամայականը (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Հրամայականը (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Հայոց բանակի օրուան նշումի առիթով` անկախ արարողակարգային ելոյթներէն եւ հռչակագրային բնոյթի հրապարակումներէն, կ՛արծարծուին ընդհանրապէս պաշտպանական համակարգին առջեւ դրուած խնդիրները, զանոնք լուծելու ուղիներու մատնանշումները, կը նախանշուին ծրագրային գերակայ ուղղութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական համակարգը այսօր իր առջեւ դրած է ընդհանուր առաջադրանքներ: - Արմատական քայլերու  ձեռնարկել  զօրակոչային գործընթացի թափանցիկութեան եւ արդարութեան բարելաւման: - Ամրապնդել պետութիւն-զինուոր-ընտանիք մշտական կապը: - Բարելաւել ժամկէտային զինծառայողներու պարենային եւ...

Դո՛ւն, Մեր Սրտի Տրոփն Ես, Հայո՛ց Բանակ (28 Յունուար)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Վստահաբար հայոց գոյութենական պայքարի խորհրդանիշ եւ աստուածներու օրրան Արարատ լեռն անգամ, երբ իր սրբազան հայեացքը ուղղէ մայրաքաղաք Երեւանի հրապարակին վրայ տողանցող հայոց բանակին, անպայման որ պիտի ժպտի ու հպարտանայ, առաւե՛լ լիցքաւորուի ու զօրանայ, աւելի՛ն. դէպի տիեզերք սլացող ու յաւերժական սպիտակով օծեալ գագաթէն պիտի բարձրաձայն գոչէ հայոց թշնամիներուն երեսն ի վեր, թէ` վահագնեան շառաւիղ սերունդներու սրտեր ամուր կը տրոփեն...

«Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը «Կիրակոս» է…»

«Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը «Կիրակոս» է…»

(Վ. Տէրեանի Աւագ Եղբայր, Անուանի Մտաւորական Ջաւախեցու Մտորումները ՀՅԴ-ի Մասին) Ուսուցիչ, հայ մամուլի երկարամեայ թղթակից, քահանայ, հայ հասարակական-մտաւորական շրջանների անուանի ներկայացուցիչ Ջաւախեցին` Ղազարոս Տէր Գրիգորեանը (1874-1937 թթ.), բանաստեղծ Վահան Տէրեանի աւագ եղբայրն է: Հայրենի Ջաւախքի Գանձայի գիւղական դպրոցն աւարտելուց յետոյ պատանի Ղազարոսը շարունակում է իր ուսումը եւ աւարտում Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը: Ջաւախեցին ապրեց ծանր, դժուարին ու անհանգիստ կեանքով: Հայկական կամ...

Մանուկին Ճաշարանը

Մանուկին Ճաշարանը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Մանուկ Մարզոյեանը` Մանուկ պէյ, Օսմանեան կայսրութեան օրերուն եղած էր մեծահարուստ գործարար: Անոր կը պատկանէին, շատ մը այլ հաստատութիւններու կողքին, նաեւ այս մեծ հողատարածքին վրայ 1808 թուականին կառուցուած կեդրոնը Պուքրէշի մէջ, Ռումանիա, որ այդ օրերուն եղած է վաճառականական մեծ կեդրոն: Բայց այն, ինչ որ կը կապուի յատկանշական այս կեդրոնին հետ, ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին կնքուած համաձայնութեան նախնական բանակցութիւններն են,...

Նիկոլենց «իզմ»-ի Հետքերով

«Շատ Մի՛ Պրպտեր. Հրանդը Յիշէ՛»

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Կորսնցնելու ժամանակ չունէի, պէտք էր անմիջապէս նետուիլ հետազօտական դաշտ, որպէսզի 28 օրուան ընթացքին հաւաքէի տեղեկութիւններ այնքան, որքան պէտք էր պոլսահայոց մասին համալսարանական աշխատութիւնս հիմնաւորելու համար: Պոլսահայ բարեկամներս շատ քիչ էին տակաւին, ընդամէնը` երեք հոգի: Կարճ ժամանակի մէջ ծանօթութիւնս ընդարձակելու համար ստիպուած էի անձնապէս նետուելու միջավայրէ միջավայր, երբեմն նոյնիսկ` խպնոտութենէ, ամչկոտութենէ զիջելու գնով: Պիտի երթայի հոն, ուր պոլսահայեր կային....

Երրորդ Կողմը` Չանաքքալէի Եւ Սարըղամիշի  Միջեւ

Զապէլ Եսայեանի Հետ Խանութէ Խանութ

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ «Բանաստեղծութեան Խանութներ» Հասան կը հեռաձայնէ: Կ’ուզեն գրական ձեռնարկ մը կազմակերպել, նաեւ` Զապէլ Եսայեանէն ընթերցում մը կատարել... հայերէնով: Եւ միտքը ես եկեր եմ: Շատ աղէկ, բայց չզարմանալը անկարելի է: Հայերէնը ո՞վ պիտի հասկնայ իր շրջանակին մէջ: Թուրք, հայ եւ քիւրտ երեք գրողներէ գրական ընթերցումներ են խնդրոյ առարկայ ձեռնարկին բաղադրիչները, Համպուրկի այս ծայրամասին մէջ. իւրաքանչիւր հեղինակէ` բնագիր եւ թարգմանութիւն (գերմաներէնի),...

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի.  Եգիպտոս Տիպար Պետութեան Վերածելու Կամքով

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Եգիպտոս Տիպար Պետութեան Վերածելու Կամքով

Յունուարի 25-ը, մինչեւ 2011, Եգիպտոսի մէջ կը նշուէր իբրեւ Ոստիկանութեան օր: Այդ օր էր, որ եգիպտացի ոստիկանական կայազօրը, 1952-ին, մինչեւ վերջին փամփուշտը պաշտպանած էր Իսմայիլէայի կառավարչատունը Սուէզի ջրանցքը ապահովող բրիտանական ուժերէն եւ` նահատակներ տուած: 2011-ին այդ օրն ալ ընտրուած էր ոստիկան ուժերուն ձեռնոց նետելու համար եւ ապստամբութեան դրօշ պարզելու` ընդդէմ ամիսներ առաջ կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն տեղ գտած աննախընթաց կեղծիքին եւ...

Հայրենադարձի Պատմութիւն  Սիմոն Եւ Սիլվա Գաֆալեաններ

Հայրենադարձի Պատմութիւն Սիմոն Եւ Սիլվա Գաֆալեաններ

Սիմոն եւ Սիլվա Գաֆալեանները Հայաստան փոխադրուած են 1997-ին: Արմատներով Կիլիկիայէն են: Երեւան կը բնակին իրենց զաւակներուն հետ: Սիլվան փոխադրուելէն ետք ուրիշ անձ դարձաւ` աւելի լաւատես, այստեղ` հայրենիքի մէջ իր սիրտը լի է երջանկութեամբ եւ խաղաղութեամբ: Սիմոնի մայրական մեծ հայրը յարգուած զինուորական էր թրքական բանակին մէջ, այնուամենայնիւ Ցեղասպանութեան ժամանակ անոր ընտանիքն ալ ամբողջութեամբ ոչնչացուեցաւ, եւ միայն մեծ հայրը ազատեցաւ զինուոր ըլլալու...

Յակոբ Բագրատունի. «Արցախի Հերոս Ժողովուրդի  Ազատ Կամքի Արտայայտութիւնը  Դաշնակցութեան Համար Սրբազան Արժէք Է»

Յակոբ Բագրատունի. «Արցախի Հերոս Ժողովուրդի Ազատ Կամքի Արտայայտութիւնը Դաշնակցութեան Համար Սրբազան Արժէք Է»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 յունուարին Ստեփանակերտի մէջ ընդունելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները, ողջունեց ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի կայացումը Արցախի մէջ` զայն նկատելով կարեւոր ներքաղաքական իրադարձութիւն: Նախագահը արժեւորեց ՀՅԴ-ի ներդրումը արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի, պետականութեան ձեւաւորման ու կայացման, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ համազգային խնդիրներու լուծման առումով: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան,...

Մեր Կորուստները.  Ազգային-Կուսակցական Գործիչ  Յակոբ Եափուճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց

Զրոյց` Հեռացած, Բայց Միշտ Հետս Եղող Եղբօրս Հետ

ՄԿՕ Յակո՛բ, Շատ պիտի ուզէի մահուանդ կամ քառասունքիդ առիթով գրել քու մասիդ, սակայն այդ օրերու զգացումներս թոյլ չտուին, որ գրեմ, արդէն գրող  չեմ: Բայց գրեմ, հիմա որ համոզուած եմ, թէ ուրիշ ճար չունիմ հետդ խօսելու: Գիտես` մեր ընտանիքին մէջ իրարու հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւնը միշտ եղած է ամօթխած, պապայէն կու գար այդ մէկը անպայման: Զիրար շատ չէինք գովեր, չըլլայ, թէ վերջը...

Յապաղած Գրութիւն

Յապաղած Գրութիւն

ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ Յակոբ Եափուճեանի հրաժեշտի իմ խօսքս օրին չկրցայ տեղ հասցնել: Ընկերներէս ոմանք Յակոբին թաղման հանգամանօրէն դամբանական կարդացին, Վրէժ-Արմէնը զիս կանխեց ու կարողացաւ միտքերը ամփոփել եւ իր ընկերոջ մասին կարգին երկու խօսք համադրել: Կը մտածեմ, որ կարգը իմս էր գրելու... պէ՛տք էր գրէի, բայց միտքերս կը պղտորէին... Նախ` ո՞վ կրնար երեւակայել, որ Յակոբը այսքան կանուխ պիտի կորսնցնէինք: Կամքս յօժար, միտքս...

Դուք Չկաք, Բայց Ձեր Ոգին` Միշտ Ներկայ

Դուք Չկաք, Բայց Ձեր Ոգին` Միշտ Ներկայ

ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ Եւ այսպէս անցաւ մէկ տարի, որ դուք չկաք: Մեկնեցաք շատ արագ, առանց հրաժեշտի: Մեկնեցաք, սակայն ձեր ետին ձգեցիք այնպիսի յուշեր, որոնցմով դուք միշտ ներկայ էք մեր առօրեայ կեանքին մէջ: 1998-ին բախտը ունեցայ ծանօթանալու ձեզի եւ աշխատելու ձեր հովանիին եւ գուրգուրանքին ներքոյ, սակայն երբեք ինքզինքս պաշտօնեայ չզգացի, չձգեցիք` զգամ եւ սորվեցուցիք, որ ազգային գործը պաշտօնեաներով չէ, որ կը դառնայ:...

Անդրադարձ.  Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

Յակոբ Եափուճեանի Յիշատակին

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Տարի մը առաջ կորսնցուցինք Յակոբ Եափուճեանը: Մեծ կորուստ մը: Ինչո՞ւ այս կայծակնային արագութեամբ հարուածեց մահը Յակոբին: Ինչո՞ւ այս սուր եւ անակնկալ յաւիտենական ճամբորդութիւնը: Կարելի՞ է չափսոսալ կեանքի խաւարման այս իրականութեան համար: Յաճախ կը դժուարանանք հասկնալ Աստուծոյ կամքը եւ անոր արդարութեան իմաստը, մասնաւորապէս երբ դէմ յանդիման գտնուինք անակնկալ, ցաւալի եւ դժուար կացութեան մը կամ պատահարի մը: Ան մեկնեցաւ...

Երկնային Նամակ (Յակոբ Եափուճեանին)

Երկնային Նամակ (Յակոբ Եափուճեանին)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Սիրելի՛ Յակոբ, Ահաւասիկ տարի մը անցած է կատարած վերջին «ճամբորդութենէդ» եւ քեզմէ ոչ մէկ լուր ստացած եմ: Հանգիստ ճամբորդեցի՞ր: Ծնողքիդ եւ հին բարեկամներուդ հետ հանդիպումդ վստահաբար յուզիչ էր: Մայր հայրենիքի մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն կը հետեւի՞ս: Վստահաբար վերէն  լաւատեսութեամբ կը նայիք բոլոր հարցերուն: Նախապէս, երբ ճամբորդէիր, վերադարձիդ մանրամասն «տեղեկագիր» կը ներկայացնէիր մօտիկ ընկերներուդ, որոնց ցանկին մէջ գտնուելու պատիւը ունեցած...

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհ. Ժողովի Օրակարգի Մասին

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհ. Ժողովի Օրակարգի Մասին

ԶԱՐԵՀ ԱՃԵՄԵԱՆ ՀՅԴ Հանրային կապերի գրասենեակը 22 յունուար 2019-ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որտեղ նշել է, թէ բազմաթիւ լրատուամիջոցներից հարցեր են ստացուել ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի ընթացքի եւ տեւողութեան մասին: Առ այդ, հանրութեանը գաղափար տալու համար, թէ ի՛նչ կարգի հարցերով է զբաղւում ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը, առաջին անգամը լինելով հրապարակել է Ընդհանուր ժողովի օրակարգը` ամբողջութեամբ եւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովը...

Դաշնակցութիւնը ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովն Է

Տաւոսեան Առաքելութիւն

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Վստահաբար խորագիրին համամիտ պիտի չըլլայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որովհետեւ Տաւոս այցելութեան մասին իր ցարդ հրապարակած տեղեկութիւններով կը հաւաստիացնէ, որ Զուիցերիոյ Ալպեան աւան կատարած իր ճանապարհութիւնը քաղաքական օրակարգ չէ ունեցած: Այլ խօսքով, ըստ վարչապետին, եղածը պարզ այցելութիւն մըն էր: Եւ պատահած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւս հոն գտնուած է: Այս պատահական առիթով երկուքը տեղւոյն վրայ համաձայնած են...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Հայ Մամուլի Տարի. Մամուլի Տարի…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ի հարկէ, Արամ Ա. կաթողիկոս, երբ 2019-ը կը յայտարարէ «Մամուլի տարի», մտահոգութիւն ունի եւ մեր ուշադրութիւնը կ’ուզէ հրաւիրել: Ժամանակները փոխուած են, փոխուած ենք` որպէս անհատներ, որպէս համայնքներ, որպէս ինքնութիւն կրող ազգ: Հեռացումներ կան արմատներէն, զորս երբեմն չենք ուզեր տեսնել: «Մամուլի տարի»-ն առիթ պէտք է ըլլայ իսկական հաշուեկշիռը ընելու հայ մամուլին` առանց սեթեւեթի խօսելով անոր ազգային, մշակութային, քաղաքական որակի,...

Page 475 of 806 1 … 474 475 476 … 806

Արխիւներ