Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդական Պատգամ. Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

Յունուար 6, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Յաւիտենական Աստուածը երկրի վրայ երեւցաւ եւ մարդոց հետ շրջեցաւ, որպէսզի մեզ կենդանացնէ» (Ս. Ծնունդի սրբասացութիւն)

Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան,

Նոր տարիէն քանի մը օր ետք, երբ դէմ յանդիման պիտի գտնուինք մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, եկէք անդրադառնանք, որ անժամանակն Աստուած մեզ ժամանակին մէջ եւ ժամանակէն անդին առաջնորդելով` յաւիտենական կեանքի վայելումին կը հրաւիրէ:

Տարին նո՛ր կը մնայ եւ մեզ նորոգութեան շարունակական թաւալումին մէջ կը պահէ, երբ մեր բովանդակ կեանքը կը դառնայ Աստուծոյ հաւատարմութեամբ եւ մարդոց մտերմութեամբ շրջագայութիւն մը` երկրաւոր կեանքէն դէպի երկնաւոր կեանք ոլորապտոյտին մէջ:

Աստուած մարմնացաւ, որպէսզի մարդոց մէջ շրջի եւ մեզ կենդանի կեանքով լեցնէ` այս աշխարհի մէջ աստուածակեդրոն կեանքի նախաճաշակը տալով մեզի եւ յաւիտենական կեանքի մշտական վայելքէն չզրկուելու հրաւէրը ուղղելով բոլորիս:

Աստուածորդին յաւիտենական Աստուածը բերաւ մեզի. Ի՛նք, յաւիտենական Աստուածը, մերկացաւ Իր անստուեր փառքէն, երկինքէն երկիր իջաւ մեզի համար, մեր հետ ապրեցաւ եւ մեզ յաւիտենապէս Իրե՛ն հետ մնալու քաղցրութեան հաղորդ դարձուց` մեզի ժամանակը անդրանցող յաւիտենականութեան արժանի դարձնելով:

Քրիստոս պսակեց աստուածային փրկագործութեան ծրագիրը եւ եկեղեցւոյ ճամբով կը շարունակէ վերահսկել մեզմէ իւրաքանչիւրին փրկութեան վրայ: Մենք` Քրիստոսի անունը կրող հայ քրիստոնեաներս, պարտաւոր ենք մեր փրկութեան պատասխանատուութիւնը ապրիլ եւ Քրիստոսի հետ ըլլալու մեր ուխտին մէջ հաստատ մնալ:

Յաւիտենական Աստուած յաւիտենականութեան բնակիչ դառնալու ճամբան ցոյց տուաւ մեզի: Մարդոց եղբայրը դարձած Աստուած Իր ամբողջ ստեղծագործութեան խնամատարութիւնը վստահեցաւ մեզի եւ յորդորեց սիրոյ շաղկապով ապրիլ իրարու հետ: Կենդանարար Աստուած մեր երկրաւոր կեանքը իմաստաւորել եւ երկնաւոր կեանքի անսպառ ուրախութենէն չզրկուիլ սորվեցուց մեզի:

Քրիստոսով երկինքէն երկիր նետուած աստուածակերտ կամուրջը ահաւասիկ այսօր անգամ մը եւս մեզ ճշմարիտ կեանքի աղբիւրին` Աստուծոյ կ՛առաջնորդէ, որպէսզի յաւիտենական կեանքը մշտապէս ճաշակենք:

Ս. Ծնունդի առաւօտուն, երբ սուրբ պատարագին մասնակցելու համար եկեղեցի գանք, մեր հոգիի աչքերը բանանք եւ սկիհին վերաբերումին ատեն խորապէս գիտակցինք, թէ փառաւոր Թագաւորը եւ ամենակալ Տէրը` Քրիստոս մեզի համար կու գայ Տիրոջ անունով եւ վերստին պիտի գայ, մեզի անսպառ կենդանութիւն պարգեւելու համար` մանաւանդ նաեւ հաստատելով, որ Իր երկրորդ գալստեան ատեն յաւիտենական փառքին ժառանգորդները պիտի դառնանք, որովհետեւ Իրեն հետեւեցանք:

* * *

Տօնական այս օրերուն, մեր ուրախութիւնը անխառն չէ` ի տես Լիբանանի մէջ տիրող մտահոգիչ իրավիճակին: Դժբախտաբար, ժողովրդային ցասումը տակաւին արմատական բարւոք լուծման չառաջնորդեց Լիբանանը: Մեր բոլորին սպասումն է, որ պետութիւն եւ ժողովուրդ առաւե՛լ նախանձախնդրութեամբ յարմարագոյն ու շուտափոյթ լուծումը գտնեն լիբանանեան տագնապին եւ ընկերային արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղ ու բնականոն կեանք պարգեւեն բոլորիս: Շարունակե՛նք աղօթել եւ գործել նորակերտ Լիբանանին համար:

* * *

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առթիւ, որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակը եւ քաջառողջութիւն ու մշտադալար հայրապետութիւն կը մաղթենք:

Կը շնորհաւորենք հայ եկեղեցւոյ սրբազան անդաստանին մէջ ծառայող մեր բոլոր միաբանակից ու հոգեւոր եղբայրները, եւ կորով կը մաղթենք իրենց անձնդիր սպասաւորութեան կենսագործման համար:

Կը շնորհաւորենք Լիբանանի Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները, մեր քահանայից դասը, Ազգային իշխանութեան եւ մեր ծուխերու մարմինները, լիբանանահայութեան կեանքին մէջ գործող կառոյցներն ու մեր ժողովուրդի զաւակները, եւ բոլորիդ կը մաղթենք օրհնեալ ու կենսալից Ամանոր, Ս. Ծնունդ ու Աստուածայայտնութիւն:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց

1 յունուար 2020
Պէյրութ-Լիբանան

 

Նախորդը

Խաղաղութիւնը` Յանձնառութիւն

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Աստուծոյ Որդւոյն Ծնունդը` Հրաւէր Փրկութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?