Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Առաքելութիւնն Է Միացնել Ազգը Մեր Ազգային Գերագոյն Շահերուն Շուրջ

January 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

«Ես այսօր կ՛ուզեմ պաշտօնապէս ըսել, որ մենք պատրաստ ենք այլազան տիպի համագործակցութեան, եւ եթէ վարչապետը ունի յատուկ օրակարգ` քննելու մեզի հետ, իր կոչերը չեն մնար անարձագանգ»:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ

Ի սրտէ կ՛ողջունեմ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերոջ քաղաքական իմաստուն եւ պարտաւորեցնող ժեսթը: Ընկերը կը խօսի յանուն Դաշնակցութեան եւ յանուն իւրաքանչիւր դաշնակցական ընկերոջ` առանց բացառութեան: Եւ հոս դրուած է մեր կուսակցութեան հայրենական գործի վարդապետութիւնը: Մենք` որպէս արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն, եկած ենք ըսելու, որ չենք տպաւորուած այն ժամանակաւոր իրողութեանբ, որ ամբոխային ալեկոծութեան մը բովին մէջ իշխանութեան եկած իմքայլական կառավարութիւնն ու խորհրդարանը ներկայիս կը վայելեն մեծամասնական իրաւունքներ: Կը յարգենք իրենց օրինական հանգամանքը, քանի որ կը յարգենք ՀՀ սահմանադրութիւնը, որուն գլխաւոր ճարտարապետը մենք ենք:

Եւ անշուշտ անհեթեթ կը համարենք Հայաստանի վարչապետին եւ իմքայլական իր խարիսխին այն յաւակնութիւնը, որ Դաշնակցութիւնը դուրս դրուած է Հայաստանի քաղաքական դաշտէն, քանի որ ան զո՜ւրկ է ազդեցութենէ: Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան 129 տարիներու ցենզով հոս է, հայ քաղաքական բեմի մայրուղիին վրայ եւ պիտի շարունակէ հոս ըլլալ բոլոր եկող-գացող քաղաքական ուժերուն հետ հաշուի նստելէ առաջ եւ ետք:

Այսօր մեր երկիրը կը դիմագրաւէ ճակատագրական մարտահրաւէրներ եւ պէտք ունի հզօր միասնականութեան: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը կը յայտարարէ, որ Դաշնակցութիւնը` որպէս արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն, պատրաստ է մաս կազմելու պատմական այդ միասնականութեան կերտման գործընթացին: Քա՛ջ գիտնալով, որ առանց ազգային այդ համաձայնութեան` ազգը ի վիճակի չէ յաջողապէս ընդառաջ երթալու ներկայի ներքին եւ արտաքին սպառնալիքներուն:

Բայց այդ միասնականութեան նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ իշխանութենէն: Եւ որքան իշխանութիւնը հրահրէ քաղաքական դաշտի բեւեռացումը, այնքան աւելի պիտի կոտորակուի քաղաքական դաշտը եւ այնքան աւելի մեծ ուժականութեամբ ծնունդ պիտի տայ հակաբեւեռներու… Եւ, անշուշտ, այդքա՛ն աւելի պիտի նուազի մեր հաւաքական դիմադրականութիւնը արտաքին սպառնալիքներուն դիմաց: Մենք այն ընդդիմութիւնն ենք, որ կը մերժէ հակաբեւեռ հանդիսանալ երկրի իշխանութեան: Մեր առաքելութիւնն է միացնել ազգը` մեր ազգային գերագոյն շահերուն շուրջ: Մեր ընդդիմութիւնը կը գործէ մեր ազգային միասնականութեան դատին համար: Այս նշանաբանը այլընտրանք չունի: Եւ Դաշնակցութիւնը կը հրաւիրէ ՀՀ վարչապետը` առաջնորդող դեր ստանձնելու այդ պատմական գործին մէջ: Ընտրութիւնը ձերն է: Մենք մեր ազգային անկախ պետականութեան անկեղծ զինուորն ենք այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան: Եւ մեր երթը կանգ պիտի չառնէ:

 

 

11 դեկտեմբեր 2019

Դիմատետր

Նախորդը

Ազրպէյճանական Կեղծարարութեան Հետքերով…

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա «Բաց Պատերազմ» Կը Յայտարարէ Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն Դէմ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.