Անդրադարձ

Խաղաղութիւնը` Յանձնառութիւն

Խաղաղութիւնը` Յանձնառութիւն

Դաւիթի աթոռին վրայ ու Անոր թագաւորութեան վրայ Անոր իշխանութեան մեծնալուն ու Խաղաղութեան սահման չկայ, որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան իրաւունքով ու արդարութեամբ հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա: Զօրքերու Տէրոջ նախանձը պիտի ընէ ասիկա:  Եսայեայ 9.7 Խաղաղութեան մաղթանքներով դարձեալ կը դիմաւորենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը:  Այս անգամ, սակայն, անխաղաղ վիճակները աւելի խիստ կերպով կը պաշարեն մեզ: Մեր անմիջական շրջանին մէջ` բողոքի, դժգոհանքի,...

Ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը Յունուար 6-ին Կը Տօնենք

Ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը Յունուար 6-ին Կը Տօնենք

ՕՇԻՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ Մեր հովուական ծառայութեան դաշտին մէջ յաճախ մեզի կ՛ուղղուի «ինչո՛ւ»-ներու հսկայ շարան մը, թէ` Արեւելեան եւ Արեւմտեան եկեղեցիները ինչո՞ւ տարազի մը կամ թուականի մը շուրջ չեն համաձայնիր ու միասնաբար չեն տօներ Ս. Ծնունդը: Յայտնեք, թէ աւետարաններու մէջ, ոչ մէկ թուական յիշուած է. ո՛չ յունուար 6 եւ ո՛չ ալ դեկտեմբեր 25: Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, առաջին դարուն քրիստոնեաներն յիշատակելի...

Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ 6 յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ: Իբրեւ հայ քրիստոնեայ` դարձեալ կը հաւաքուինք Ճրագալոյցի աւանդական սեղանին շուրջ` դիմաւորելու համար մեր Փրկիչին ծնունդը: Ամանորի շեմին արդէն սրտանց մաղթած էինք, որ նոր հասած տարին ըլլայ տարբեր իր նախկինէն եւ կամ նախկիններէն են ու իր հետ բերէ լաւն ու բարին, իրաւ խաղաղութիւնն ու առողջութիւնը: Ու հիմա, իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակներ,...

Խմբագրական «ՎԷՄ»-ի.  ՀՅ Դաշնակցութիւնը Եւ Հայաստանի Քաղաքակրթական Առաքելութիւնը

«Վէմ» Հանդէսի 2019-ի 4-րդ Համարը Լոյս Տեսաւ

Լոյս է տեսել «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2019 թուականի վերջին` 4-րդ համարը փոքր-ինչ աւելի մեծ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ: Խմբագրականում վերլուծութեան են ենթարկւում ներկայումս Թուրքիայի շուրջ ընթացող քաղաքակրթական ու աշխարհաքաղաքական գործընթացները, որոնք աստիճանաբար պայմաններ են ստեղծում Հայկական հարցի վերաբացման համար: Ընթացիկ տարուայ` 2019 թուականի աշնանը լրացաւ ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովի ընդունած Յատուկ  գործի մասին պատմական որոշման 100-ամեակը, որը հիմք դարձաւ Հայոց...

Ո՞ւր Կը Փնտռենք Ծնունդը

Ո՞ւր Կը Փնտռենք Ծնունդը

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ Պահ մը երեւակայենք, որ աշխարհի ամենագեղեցիկ պատմութիւնը` Ծնունդի պատմութիւնը, բնաւ չենք լսած եւ դեկտեմբեր 22-ին վաճառատուն մը այցելեցինք: Կը լսենք տարբեր երաժշտութիւն, կը տեսնենք խուճապի մատնուած մարդիկ, որոնք առատ գնումներ կ՛ընեն: Յորդառատ եւ չափազանցուած զարդարանք: Արդեօք ի՞նչ եզրակացութեան կու գանք այսպէս յոգնած մարդիկ տեսնելով: Ի՞նչ առիթ է այս, որ այսքան կը սպառէ: Ու կը կարդանք «Ծնունդի պատմութիւնը» եւ...

Հարցազրոյց` «Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանին Հետ

Սրտի Խօսք

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Երախտագիտութեամբ եւ սիրով կը գրեմ այս սրտի խօսքս 2019-ի աւարտին, «Ազդակ» օրաթերթի մեծ ընտանիքիս: 2019-ի աւարտին, որովհետեւ 2019-ը իւրայատուկ տարի մը դարձաւ ինծի համար` շնորհիւ «Ազդակ»-ին: 2019-ի յունուարին` իբրեւ «ապագայ լրագրող» ծրագրի շրջանաւարտ, ես միացայ «Ազդակ»-ի համեստ ընտանիքին` դառնալով երիտասարդ աշխատակից ալեհեր, բայց երիտասարդ օրաթերթին: Սա ինքնին պարծանք էր ինծի համար: Եւ երբ կը կարդայի «Տարեվերջի խմբագրական նիւթեր...

Կոմիտաս Վարդապետին Վերածնունդը

Կոմիտաս Վարդապետին Վերածնունդը

ՎԱՀԱՆ ՍԱՂՏՃԵԱՆ «Սիրաւո՜ր լորիկ, վիրաւո՜ր լորիկ...» Մօրս ձայնը, մանկութեան օրերէս ի վեր, ականջներուս մէջ ամէն գիշեր յուշիկ-յուշիկ կու գայ զիս քնացնելու: Անոր շրթներէն հնչող կոմիտասեան օրօրոցային եղանակները միշտ ալ եղած են մեր գիշերային լաւագոյն երազներու աղբիւրը: Կոմիտաս շատ մեծ ներդրում ունեցած է ներքին աշխարհիս մէջ, մանաւանդ` սրտիս: Չէ՞ որ սիրտը զգացումի աղբիւրն է, ուրկէ մարդ իր սիրոյ օրհներգները կ՛երգէ, այնպէս...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Միասնականութեամբ` Դէպի Յաղթանակ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Միասնականութեամբ` Դէպի Յաղթանակ

2019 թուականը հասաւ աւարտին` իւրաքանչիւրիս մօտ իր յետեւից թողնելով մի պաստառ, որին նայելով կը յիշենք անցնող տարուայ ուրախ եւ տխուր պահերը: Անցնող տարում իւրաքանչիւրս էլ ունեցել ենք ձեռքբերումներ, յաղթանակներ, նաեւ` կորուստներ, որը կեանքի բնական ընթացք է: Իւրաքանչիւրս, սակայն, պէտք է գիտակցի, որ միայն անցեալով ապրելը չի կարող դառնալ զարգացման եւ առաջընթացի աղբիւր: Ապագայի համար ծրագրուած քայլերը երաշխաւորն են գալիքն աւելի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Արցունքներս Եղան Նուէրն Աչքերուս

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Արցունքներս եղան նուէրն աչքերուս Նոր տարուան առթիւ տխուր օրերուս: Մահը վերջակէտ դրաւ կենսագրին, Մօրս ցաւերուն, դժուարին կեանքին: Ծննդեան աստղերն Յիսուս մանուկին Ցոյց տուին ճամբան Նոր տարուան կեանքին, Ուրախ թէ տխուր օրերն բոլորին, Հարուստ թէ աղքատ պնակն սեղանին: Բիւր նորածիններ պիտի գան աշխարհ: Ուրիշներ պիտի լքեն ու երթան: Այս աշխարհը մեր պանդոկ է կարծես, Իսկ մենք ակամայ մոլոր ճամբորդներ:...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԲ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Յստակ է, որ հնութիւններով զբաղողներուն մեծամասնութիւնը ո՛չ թէ հնագէտներ եւ պատմաբաններ, այլ մեծահարուստներ են, որոնք սիրողական կերպով թանկարժէք առարկայ մը ունենալ կը ցանկան, ըլլան անոնք անհատ հնութիւն հաւաքողներ, կամ թանգարաններ եւ անոնց պատկանած երկիրները: Ուրեմն այս դասակարգին` խումբին պատկանողներուն համար հնութեան տնտեսական արժէքն է կարեւորը, որ առարկային ետին կանգնած պատմութենէն կ՛արժեւորուի, թէ` որքան հին է եւ հազուագիւտ: Հնագէտ...

Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական  Համագուարը Ընթացք  Առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

«Հայ Մամուլի Տարի»-ն` Տնտեսական Դժուարութեանց Շրջանցման Պայքարով Յատկանշուած

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2019 տարին հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»` լուսարձակի տակ առնելով հայ մամուլին դերակատարութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը հայկական իրականութեան մէջ, բայց եւ այնպէս, «Ազդակ»-ին համար տարին յատկապէս բնորոշուեցաւ տնտեսական տագնապին դէմ պայքարով: Արդարեւ, տարուան սկիզբէն հետզհետէ զգալի դարձող տնտեսական ճնշող պայմանները աւելի ծանրացան եւ մտահոգիչ դարձան ընդհանրապէս լիբանանեան մակարդակի վրայ տիրող ընկերային-տնտեսական սուր տագնապի ծայր...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Նոր Տարին Եւ Մենք

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ 365 օրեր «վայելելէ» ետք մարդիկ հին տարին նետեցին պատմութեան գիրկը, որովհետեւ «նորը» եկած եւ հասած էր ու կը թակէր բոլորին դռներն ու բոլորին մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը փորձէր դրական երազներ հիւսել: Նոր տարի է: Հակառակ անոր որ աշխարհը տակնուվրայ է, բայց Կաղանդի խորհուրդը ներկայ է տուներուն մէջ: Միջազգային կեանքն ալ խառնակ է: Մեծ ու փոքր պետութիւններու զինարշաւը...

Պատկերազարդ Երաժշտական Երեկոյի Մը Տպաւորութիւնները

Ձօն Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-Ամեակին

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ 2019 թուականը, որ արդէն հասաւ իր աւարտին, լիովին նուիրուեցաւ մեծանուն ու անմահ Վարդապետին 150-ամեակին: Մեծանուն ու անմահ Վարդապետը` Կոմիտաս վերանուանումով, վանական մըն էր յար եւ նման այլ վանական հայրերու, որոնք զոհաբերած էին իրենց կեանքը ծառայելու Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան ու հայ եկեղեցւոյ հզօրութեան: Սակայն, աստուածատուր շունչը աճելով Կոմիտաս Վարդապետին մէջ կը յառաջացնէ երաժշտական կարողութիւններ` անխաթար պահելով հոգեւոր մտայղացումներն...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը.  Մեր Դիմաց` Համահայկական  Երեք Առաջնահերթութիւններ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը. Մեր Դիմաց` Համահայկական Երեք Առաջնահերթութիւններ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Արդարեւ, անցեալէն` ապագային եւ հինէն` նորին անցնելու սա պահը մեզ կը հրաւիրէ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան եւ ապա` ապագայատեսիլ ոգիով ճշդելու մեր ազգն ու հայրենիքը առաւել հզօրացման առաջնորդող ճամբան: Կը գտնուինք մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռադրոշմ փուլին: Եկէք իրապաշտ մօտեցումով դիտենք մեր շուրջը: -...

Տեսակէտ.  Խնայե՛նք Սփիւռքին Նոր Վերիվայրումներ

Տեսակէտ. Խնայե՛նք Սփիւռքին Նոր Վերիվայրումներ

ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Գաղտնիք մը արտայայտած պիտի չըլլանք, եթէ հաստատենք, որ հայկական ներաշխարհը, Հայաստան-սփիւռք կապերը եւ իբրեւ հետեւանք` բոլորիս տրամադրութիւնները անգամ մը եւս խռով վիճակի մէջ են: Պատեհութիւնը ունեցայ վերջերս Հայաստան այցելելու եւ եռօրեայ կեցութեանս ընթացքին լսեցի թաքսիի շարժավարէն մինչեւ գրադարանի գիտաշխատողին տպաւորութիւնը որ ժողովրդային շարժումին յաջորդող ժամանակաշրջանին մեր հայրենի ձեռքբերումներուն ու բացթողումներուն մասին: Ի սկզբանէ ըսեմ, որ շա՛տ գոհունակներ...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` Թիրախ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` Թիրախ

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ Դաշնակցութիւնը թիրախ է, մի՛շտ ալ թիրախ եղած է, մի՛շտ ալ պիտի ըլլայ... Ես Ֆրանսա ծնած եմ, իր հերթին` Ֆրանսա ծնած ծնողքէ: Ուսանած եմ Փարիզ եւ այսօր կը ղեկավարեմ բաւական հեղինակաւոր հաստատութիւն մը, որ կը գործէ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ, մասնագիտացած` հաղորդակցութեան, լրագրութեան եւ թուային բնագաւառներու մէջ: Այս մանրամասնութիւնը անիմաստ չեմ գտներ յառաջիկայ տողերուս տրամաբանութեան համար: Հայ...

«Ամէն Ինչ Նոր Կը Դարձնեմ…».  Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

«Ամէն Ինչ Նոր Կը Դարձնեմ…». Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Քրիստոնէական այս համոզումով մեր աչքերը կը յառենք իւրաքանչիւր Նոր տարուան արեւածագին եւ ամէն ինչ նորոգուած տեսնելու յոյսով խոր փոսի մէջ կը թաղենք հինը` խանդավառութեամբ դիմաւորելով նորը: Ո՞վ ըսաւ, որ հինը լաւ չէր: Իւրաքանչիւր մարդ անհատ կը բաւէ, որ միայն իր ծննդեան թուականը վերյիշէ` գիտակցելու, որ «այդ հինը» լաւ էր, որովհետեւ անիկա իր գոյութեան հենքն իսկ է: Այդ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Կաղանդ Պապուկի Հրճուանքը Եւ Թեւատներու (Penguin) Ընկերասիրութիւնը (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Մեզմէ ո՛վ չի գիտեր, թէ Կաղանդ պապուկին ծննդավայրը հիւսիսային բեւեռն է եղած դարերէ ի վեր, ուր ան իր չարքաշ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է, ապա` հասակ առած այնպիսի մթնոլորտի ու միջավայրի մէջ, որ, ըստ պատումներու, ան բաւական լայն ու ընկերական յարաբերութիւն մշակած է բազում տեսակի կենդանիներու հետ եւ, ի պահանջել հարկին, դիմած ու խնդրած է անոնց  օժանդակութիւնը` կարգաւորելու...

Արմէն Ռուստամեան Աշխատանքային Այցելութիւն Տուաւ Ռուսիա

Արմէն Ռուստամեան Աշխատանքային Այցելութիւն Տուաւ Ռուսիա

19-22 դեկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան Ռուսիա տուաւ աշխատանքային այցելութիւն մը, որ յագեցած էր զանազան հանդիպումներով, տօնական ձեռնարկներու մասնակցութեամբ, կազմակերպական միաւորներու հետ աշխատանքային քննարկումներով եւ ընկերային հաւաքներով: Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակի մամլոյ կեդրոնը այս առիթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք յապաւումներով. «Դեկտեմբերի 19-ին Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակում գումարուեց ՀՅԴ ՌԴ մարմինների եւ ուղեկից կառոյցների ներկայացուցիչների ժողով, որի ընթացքում...

Եռագոյն Փետրուար

Տեսակէտ. Որոտացո՛ղ Ու Ծիրանի՛ Արշալոյս` Որն Անհնա՛ր Է Կանխել

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ Լսիր, իմ արծիւ, աշխարհում կան մարդիկ դաժան, Անաստուած եւ անսիրտ: Նրանց արիւնոտ ձեռքով ամէնուր փռւում է աւեր ու չարիք: Եթէ երբեւէ հանդիպես դու նրանց, Ձեռքերդ յանկարծ չդողան, Յիշիր, որ Հայկի արիւնից ես սերուած, Տիգրանն է եղել քո արքան: ՎԱՀԱԳՆ ՌԱՇ Եւ քանի ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ Աստուած է բարձրագոյն հեղինակութիւնը, իմ աղերսս նախ Ի՛ր ներկայացուցիչներուն այս երկրի վրայ: Կ՛աղաչե՜մ եւ շա՜տ...

Page 420 of 807 1 … 419 420 421 … 807

Արխիւներ