ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ական եղբայր Սարգիսը կը մարմնաւորէր միեւնոյն ժամանակ լիբանանահայ կեանքի պատմութեան հետ առնչուող, քանի մը բնագաւառներու վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը: Եղած է հեծանիւի մարզիկ եւ երկրորդ սերունդի սկաուտ խմբապետներէն` Պէյրութ մասնաճիւղի երէց փաղանգի խմբապետ (1966-ին) եւ ասպարէզով` այր մարդոց հագուստի, Պէյրութի երբեմնի կեդրոնական շուկաներէն «Սուք Սըրսոք»-ի եւ «Սուք Ալ Էրմէն»-ի (հայկական շուկայ) համբաւաւոր վաճառականներէն մէկը:
Պէյրութ քաղաքին կեդրոնը` իբրեւ դարերու պատմութիւն ունեցող հին վաճառականական քաղաք, իր դիմագիծը կորսնցուց քաղաքացիական պատերազմէն ետք որդեգրուած վերաշինութեան անխոհեմ ու հակամշակութային ծրագիրով: Նախապէս ամբողջ ժողովուրդին պատկանող շուկան, վերածուեցաւ կերպարանափոխուած «մեծահարուստներու» շուկայի, զբօսավայրի եւ բնակավայրի, ու շատերու նման` Սարգիսին խանութը ոչնչացաւ, այսօր դժուար է նոյնիսկ գտնել անոր վայրը: Սարգիսին հետ նաեւ կը կորսուի այդ իւրայատուկ շուկայի աւանդութեան եւ պատմութեան տէր վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը:
Զուարճախօս եղբայր Սարգիսը հազար ու մէկ կատակներով համեմուած պատմութիւններ ունէր այդ շուկայի օրերէն: Հետագային, երբ Պուրճ Համուտի մէջ հաստատեց իր վաճառատունը, իր հին շուկայի տեղացի յաճախորդներէն ոմանք գտած էին զինք, եւ ես ականատես եղայ անոնցմէ մէկուն «մեծաքանակ» գնումին, իմ յաճախակի այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին:
Միշտ կատակասէր` իր բարեւին անպայման կատակ մը եւ դրուագ մը կ՛ընկերանար, ըլլայ միութենական անցեալէն, կամ շուկայէն: Միութենական աշխատանքներու ընթացքին գործը բարդացնողները եւ մանրուքներով զբաղողները չէր հանդուրժեր, իր բազմամեայ փորձառութեան ապաւինելով, յարմարագոյն լուծումը կ՛առաջարկէր` կարճ կապելով օրակարգը: Շատախօսները չէր սիրեր, թէեւ ինքն ալ ըսելիք շատ կ՛ունենար, սակայն ընդհանրապէս` զուարճալի:
Սկաուտի «Մի՛շտ պատրաստ» նշանաբանը իւրացուցած` եղբայր Սարգիսը տարիներու դադարէն ետք, ժամանակ մը սիրով մաս կազմեց իրմէ բաւական կրտսեր անդամներով Շրջանային սկաուտ խորհուրդին` ստանձնելով ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին նաեւ տարազներու ծանր պատասխանատուութիւնը, որ երկու պարագաներուն, կ՛ենթադրէր ժողովի օրէն զատ, շաբաթը քանի մը անգամ, առանց գանգատի, ներկայ գտնուիլ կեդրոն` «Յ. Տէր Մելքոնեան» շէնքին (առանց վերելակի) եօթներորդ յարկը, նաեւ ընկերանալ փողերախումբի ելոյթներուն, հօր մը նման հոգալով տղոց կարիքները:
Վա՛րձքդ կատար, եղբա՛յր Սարգիս:
30 դեկտեմբեր 2019