Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Չդիտե՛նք… Այլ Կարդա՛նք (120-Ամեակի Բացառիկ)

January 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անիշխանական կացութեան մը մէջ է չորրորդ իշխանութիւնը` մամուլը:

Արդեօք խոտոր եւ չափազանցուած չէ՞ այսպիսի կարճ ու կտրուկ հաստատումով կամ կարծիքով մը սկսիլ թերթի մը 120-ամեակի նշումը, առաջնորդող յօդուածը` խմբագրականը…

Հաւանաբար կարգ մը ընթերցողներ կը սպասեն գգուանքով, փայփայանքով եւ փաղաքշական խօսքերով ու նախադասութիւններով, «լեզուամարզանքային» կամ «ուղեղալուացքային» ոճով, շքեղ ու անծայրածիր, գովասանք բուրող ածականներով լի յօդուած մը, որ կրնայ հեռու թուիլ իրականութենէն:

Մանաւանդ որ մամուլ հասկացողութիւնն ալ հետզհետէ սկսած է փոխուիլ:

Այո՛, մամուլը սահմանափակ է իր իմաստով, ներկայ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կառոյցով եւ դեռ աւելին: Յստակ է, որ ներկայ ընթացքը կրնայ աւելի հետեւողական ու անզուսպ թափով շարունակուիլ` արդի տեղեկատուական մարզն ու գործելաձեւը դարձնելով աւելի տիրական առ հասարակ ընկերութեան կեանքէն ներս, նոյնիսկ տապալելով վարչակարգեր եւ ստեղծելով նորելուկ յեղափոխութիւններ:

Արդ, այսօր արդիականացած եւ կատարելագործուած աշխարհին մէջ միայն մամուլը չէ, որուն կ՛անդրադառնանք, այլ քարոզչական բնագաւառի մը` այբէն ֆէ… գրել, կարդալ, լսել, դիտել, այսինքն` լսատեսողական ոճով ըմբոշխնել, ունկնդրել, ակնդրել եւ դեռ աւելին` բջիջայինի փոքր պաստառի օժանդակութեամբ, մատի ակնթարթային շարժումով մը, մերթ վեր ու մերթ վար փոխադրուելով եւ անշուշտ անոր, այսինքն բջիջայինի ուղարկած վերջին լուրերով…

Այսպէս, բջիջայինը բնաջնջած է ջինջ եւ վճիտ ՄԱՄՈՒԼԸ… «Էր երբեմն մամուլը», կամ աւելի նսեմացնելով` «Կար ու չկար, մամուլը կար»:

120 տարի առաջ, քանի մը «խենթեր» քով քովի գալով, երբ գաղափարը յղացան թերթ մը հրատարակելու, բարեբախտաբար այդ օրերուն ո՛չ ե-նամակ կար, ո՛չ ալ ինսթակրամ, դայլայլիչ` Թուիթըր եւ այլն: Այլապէս կարիքը պիտի չըլլար «Հայրենիք»-ին:

Թերթին պատմականը ցայտուն օրինակն է կատարուած բարեշրջման: Պարբերաթերթ, ապա շաբաթաթերթ, յետոյ օրաթերթ, կրկին շաբաթաթերթ եւ անշուշտ` ելեկտրոնային եւ առցանց օրինակներ, անշուշտ առանց մոռնալու ամերիկեան հալոցի` մելթինկ փոթի ստեղծած կացութեան արդիւնք, անգլերէն բաժնի` «Արմինիըն Ուիքլի»-ի ծննդոցը, որուն 85-ամեակը կը նշենք:

Բնական է, որ միշտ ալ գոյութիւն ունի մետալին միւս կողմը, եւ այս իրավիճակը ստեղծած է առցանց եւ ելեկտրոնային անիշխանութիւն մը, ուր յօդուածագիրը, կամ, աւելի ճիշդը, կայքէջի ետին կանգնող անձը կրնայ մեծ իրարանցում ու փոթորիկ ստեղծել:

Այսուամենայնիւ, արդի մամուլին եւ տեղեկատուական միջոցներուն անդրադառնալով` շատ կը խօսուի թափանցիկութեան մասին, սակայն` ո՛չ բոլորովին մերկ ու երբեմն մօրէ մերկ քարոզչական ոճին մասին, ուր ոեւէ անհատ իր «ես»-ը կը պարտադրէ` անտեսելով սահմաններն ու լսատեսողական բնագաւառի անգիր օրէնքները:

Եթէ ժամանակին կարելի էր հարց տալ, թէ օրական քանի՞ ժամ կամ վայրկեան թերթ կը կարդանք, այսօր դժուար է այս հարցումին պատասխանելը: Նոյնիսկ հետզհետէ համակարգիչներուն հետ քիչ կապ կը հաստատենք:

Այլեւս կարիք չկայ նստելու այդ մեծ պաստառին դիմաց: Փոխարէնը` զանազան տեսակի բջիջայիններու ճամբով կարելի է մամուլին հետեւիլ: Կարդալ քալելու ժամանակ, նոյնիսկ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ` ակնթարթի մը, երբ կարմիր լոյս է:

Կարդացողէն կարդացուելիքին մասին խօսելով` հոս ալ պէտք է նշել, որ դրական ձեւով կարելի չէ մօտենալ ընկերային ցանցերու իրավիճակին:

Պէտք է բաժնել, զանազանել, պեղել, բիւրեղացնել` թացը չորէն, հունտը կեղեւէն, գործածուելիքը անգործածելիէն, բարեկամը թշնամիէն եւ կարդացուելիքը դիտուելիքէն:

Տարեդարձները կ՛երթան ու կու գան, սակայն ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, հրամայականն ու կարգախօսը կը մնան առաջնահերթ` ՉԴԻՏԵ՛ՆՔ… ԱՅԼ ԿԱՐԴԱ՛ՆՔ:

Նախորդը

Զօրավար Սուլէյմանիի Սպանութեան Արձագանգ

Յաջորդը

Զօրավար Քասեմ Սուլէյմանիի Սպանութեան Եւ Դրա Հնարաւոր Հետեւանքների Մասին

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.