Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքահայոց Կրթօճախները

Յունուար 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Սլէխի դպրոցը

Պաղտատի հայահոծ երկու այլ վայրերու մէջ ալ կը կառուցուին ազգապատկան դպրոցներ: Քաղաքին արեւմուտքը`  Սլեխ, 1939-էն առաջ հաստատուած ընտանիքներ, իրենց մանուկներու հայեցի կրթութեամբ մտահոգ, վարձու տան մը մէջ մանկապարտէզ մը եւ նախակրթարանի առաջին քանի մը դասարանները կը բանան: Հինգ տարի սեփական շէնք ունենալու բաղձանքը կը ձեռնարկուի ազգապատկան հողամասի մը վրայ ու կ՛իրականանայ դպրոցի մը կառուցումը, որ կը գործէ հանգանակութեամբ եւ նախակրթարանի ու մանկապարտէզի  աշակերտներու ծնողներէ  գանձուած թոշակներով, մինչեւ 1961, երբ կը փակուի բնակչութեան թիւի նուազման պատճառով: Դպրոցը կը կոչուէր Արեւմտեան հայոց վարժարան:

Նորաշէնի դպրոցը

Միւս հայահոծ շրջանի մէջ, քաղաքի արեւելքը` Սառա Զանգին (Նորաշէն) հաստատուած ընտանիքներ 1941-ին, դարձեալ վարձու շէնքի մէջ, սկզբնապէս կը տեղաւորեն աշակերտութիւնը, եւ երկու տարիէն կը կառուցուի համայնքի ձեռամբ սեփական դպրոց մը` լրիւ վեց կարգերով եւ մանկապարտէզով, որ կը գործէ մինչեւ 1970: Դպրոցը կը կոչուէր Արեւելեան հայոց վարժարան:

Պաղտատի Ազգային վարժարանը

Ինչ կը վերաբերի 1800-ական թուականներուն կազմակերպուած փոքրաթիւ կաթողիկէ համայնքի վարժարաններուն, յայտնենք, որ Պաղտատի մէջ 1821-ին Ստեփան վրդ. Վեցմատեան իր բնակած տան մէջ կը բանայ պզտիկ դպրոց մը, ուր հայ եւ օտար մանուկներու կարդալ-գրել եւ թուաբանութիւն կը սորվեցնէ մինչեւ իր հեռանալը: 1859 եւ 1901 թուականներուն Թովմաս վրդ. Պասմաճեանի եւ Ներսէս ծ. վրդ.  Տիկտանեանի կողմէ նման դպրոցներ բացուած են, որոնք երկար կեանք չեն ունեցած: 1906-ին բացուած դպրոցն ալ, ուր հայերէն, ֆրանսերէն եւ ուրիշ դասեր կ՛աւանդուէին, առաջին յաջող թափը տեւական չմնալով` փակուած է երեք տարի վերջ: Իսկ 1932-ին հիմնուած Անարատ յղութեան քոյրերու դպրոցը ունէր մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդականի բաժիններ: Դպրոցը ունէր նաեւ սկաուտական շարժում` որպէս արտադպրոցական աշխատանք, լուսահոգի քոյր Արշակուհիի հսկողութեամբ:

Մուսուլի առաջին վարժարանի մուտքը

Մուսուլի մէջ ալ 1857-ին հիմնուած Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ կառուցումէն ետք հայ մանուկներ մայրենին ուսանած են եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: Յետպատերազմեան Տարագրելոց մարմինի ներկայացուցիչ Սարգիս Չաքմաքճեանի դպրոց բանալու դիմումներուն պետութիւնը ընդառաջ կ՛երթայ, եւ տեղւոյն թաղականութեան փոխատենապետ Յ. Օհանեանի ձրի տրամադրուած տան մէջ դպրոց կը բացուի երկսեռ աշակերտներու համար, ապա նոյն  դպրոցը կը փոխադրուի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուած  սենեակներու մէջ, մինչեւ 1926, երբ թաղական խորհուրդը կ՛ընդարձակէ դպրոցը մանկապարտէզ եւ նախակրթարանի բաժիններով, եւ աշակերտութեան թիւը բազմանալու պատճառով 1927-ին հայաշատ թաղի մէջ վարձուած ընդարձակ շէնքի մը մէջ կ՛ունենայ վեց դասարաններ եւ մանկապարտէզ:

Ազգապատկան դպրոցի շէնք ունենալու նպատակով թաղական խորհուրդը յարմար հողամաս մը կը գնէ քաղաքի կեդրոնը` շնորհիւ տոքթ. Գալուստ Ասթարճեանի եւ Սերոբ Քենտերեանի յարատեւ աշխատանքներուն եւ օժանդակութեան, կը կառուցուի երկյարկանի դպրոց, ուր կը սկսի յաճախել աշակերտութիւնը 1934-ի դպրոցական տարեշրջանէն:

Մարգիլի (Պասրա) Ազգային վարժարանի ուսուցչութիւնն ու աշակերտութինը

Պասրան թէեւ հայահոծ քաղաք եղած է, սակայն համայնքի վերաբերեալ տեղեկութիւնները փանաքի են, եւ մաս մըն ալ թաղուած կը մնան մթութեան մէջ: Իսկ դպրոցի մը մասին առաջին յիշատակութիւնը եղած է 1910-ին, որ յիշեալ եկեղեցւոյ գաւիթի մէջ Վարդանանց  անունով մանկապուրակ մը ունեցած է տարուան մը համար մայրենին դասաւանդելու համար: Յետ Ա. Համաշխարհային պատերազմին, Նահր Օմար գաղթավայրի դադրելէն ետք, մեծ թիւով տարագիրներ ընտանեօք կը հաստատուին քաղաքի ազգապատկան հայոց գիւղ, որով դպրոցի հարցը անյետաձգելի պահանջ կը դառնայ, հետեւաբար տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի մէջ քանի մը սենեակներ շինելով` դպրոց կը հիմնուի:

Պաղտատի վարժարանի այժմու կառոյցը

Տասը տարի ետք, Իրաքի հանրածանօթ բարերար Սիմոն Ղարիպեանի առատաձեռնութեամբ, յիշեալ եկեղեցւոյ նորոգութեան ատեն պասրահայ բարերարը, եկեղեցւոյ կից խոշոր շէնք մը գնելով, կը նուիրէ համայնքին` որպէս դպրոց գործածելու` փոխան հին շէնքին: Առ այդ, ի գնահատութիւն այս բարերարութեան, դպրոցը կը կոչուի Ղարիպեան, ուր կը յաճախեն մօտակայ շրջաններու հայորդիները: Իսկ քաղաքի Մարգիլ կոչուած  նաւահանգիստի թաղը, ուր հաստատուած էին այլ ընտանիքներ, հեռու ըլլալով Ղարիպեան դպրոցէն, հոգաբարձութիւն մը կազմելով, նոյն տարի  դպրոց հիմնելու արտօնութիւն ստանալով, հանգանակութեամբ կը կառուցեն դպրոցի շէնք մը, որ կը գործէ 13 տարի:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին համայնքի աստիճանական բազմացումով աշակերտութիւնը կը շատնայ, որով նոր շէնքի մը կառուցումը անհրաժեշտ կը դառնայ. հետեւաբար 1943-ին կը ձեռնարկուի  նոր դպրոցի շինարարութիւնը, նաւահանգիստի տնօրէնութենէն առնուած վարձու հողամասի մը վրայ: Դպրոցը իր մանկապարտէզով ու վեց դասարաններով կը գործէ Մարգիլի հայ ազգային վարժարան անունով, մինչեւ վարձքի դադարը 1963-ին:

Այդուամենայնիւ, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը մշտապէս մտահոգութեան նիւթ ըլլալով, երկարատեւ ջանքերու շնորհիւ կը յաջողուի «Կիւլպէնկեան» հաստատութենէն նիւթական օժանդակութիւն ապահովելով` համայնքի համար արդի դպրոց մը կառուցել երկու բաժանմունքներով` մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, ուր կը սկսին յաճախել համայնքի աշակերտութիւնը 1964-էն սկսեալ: Դպրոցի աշակերտութիւնը միշտ կը հրաւիրուէր երկրի տօնական առիթներու ձեռնարկներուն եւ կը գերգնահատուէր պետայրերու կողմէ:

Քերքուկի վարժարանի ուսուցչութիւնն ու աշակերտութիւնը

Քերքուք` երկրի քարիւղ արտադրող մայր ընկերութեան կեդրոնատեղի հաստատուած հայ պաշտօնեաներու եւ որակաւոր արհեստաւորներու  համայնքի կազմաւորումով առաջին դպրոցի մը ձեռնարկը կ՛ըլլայ 1929-ին: Երկու տարի ետք Մեսրոպ Օրջանեանի քահանայ նշանակումով, որպէս աղօթատեղի վարձուած տան  մէջ հայերէնի դաստիարակութիւնը ընթացք կ՛առնէ, ապա աւելի մեծ շէնք կը վարձուի որպէս դպրոց` մանկապարտէզ եւ նախակրթարանի քանի մը դասարաններով, քահանայ հօր տնօրինութեամբ եւ դասաւանդելու կարողութիւն ունեցող երիտասարդուհիներու օգնութեամբ: Շէնքը ազգապատկան կը  դառնայ 1948-ին, եւ վարժարանը կը կոչուի Խրիմեան վարժարան:

Պասրայի օրինակով, 1962-ին նիւթական օժանդակութիւն ապահովելով  «Կիւլպէնկեան» հաստատութենէն, Քերքուքի թաղական խորհուրդը կը կառուցէ արդի նախակրթարան մը` յարակից բաժիններով,  ուր դասաւանդութիւնը կը սկսի 1965-ին:

Զախոն երկրի հիւսիսակողմը, Թուրքիոյ սահմանակից գիւղաքաղաք մըն է, ուր կար ցանցառ եւ քրտախօս հայկական համայնք մը, որ 1926-ին Առաջնորդարանի կողմէ հոգեւոր հովիւ նշանակուած Աբրահամ քհնյ. Սահակեան աղօթատեղիի կողքին կը ձեռնարկէ երկու սենեականոց ուսումնարանի կառուցման: 1969-ին Մուսուլի թաղական խորհուրդին այդ ժամանակ կապուած  Զախոյի համայնքի համար տքնաջան աշխատանքներու շնորհիւ, Ազգային իշխանութեան, «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան եւ քանի մը իրաքահայ բարերարներու օժանդակութեամբ կը կառուցուի համայնքի վարժարանը:

Իրաքի փոքր այլ շրջաններ հաստատուած հայ ընտանիքներ ամէն գնով ձգտած են իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն ապահովել: Այսպէս`

Հաւրէզքի մէջ, ուր կը հաստատուին լուծուած Նահր Օմար գաղթակայանի վասպուրականցի հողագործները,  հիմը կը դրուի գիւղի եկեղեցւոյ եւ գրադարանի կողքին դպրոցի մը` 1930-ին, ուր կը դաստիարակուին 300-ի մօտ երկսեռ աշակերտութիւն: Դպրոցը կը գործէ մինչեւ գիւղի պարպուելու սկիզբը` 1943-ին:

Հապանիա գաղթաւանի մէջ համայնքը շէն օրերուն շինած է դպրոց մը եւ յանձնած` պետութեան 1949-ին, ուր 80 հայ աշակերտներ կը սորվէին մայրենի լեզու եւ կրօն` մինչեւ 1960, հայորդիներու հեռանալը աւանէն:

1927-1928 գաղթական ընտանիքներու փոքր խումբ մը կը հաստատուի Սուլէյմանիա նահանգ` առեւտրական կապեր մշակելով տեղացի քիւրտերուն հետ, որոնց սիրոյն ու համակրանքին արժանանալուն պատճառով շուտով իրենց կը միանան ուրիշներ: Այս ափ մը հայերը 1931-ին կը ձեռնարկեն փոքր վարժարանի մը կառուցման` 25 աշակերտներով, սակայն պետական արտօնագրին ձգձգումը եւ իրենց նիւթականի անբաւարարութիւնը եւ այլ պատճառներ արգելք եղած են ձեռնարկի յաջողութեան:

Նաեւ Պասրա նահանգի հեռաւոր շրջաններէն Ֆաօ եւ Շայպա երկու-երեք տարի հազիւ թէ դպրոցներ կրցած են պահել: Իսկ երկրի քարիւղի ընկերութիւններու պատկան բնակավայրերու մէջ` Խանակին եւ k3 երկրի ՀՕՄ-ի (Կարօտելոց խնամակալութիւն) մասնաճիւղերը զբաղած են  նորաճ սերունդի դաստիարակմամբ:

Իրաքահայութեան կառուցած բոլոր այս դպրոցները, գործադրելով կրթական նախարարութեան պետական ուսումնական պահանջները, առաւել` դասաւանդելով հայոց լեզու, կրօն եւ հայոց պատմութիւն, 1974-ին երկրի յեղափոխական ղեկավարութեան խորհուրդի հրամանագրով պետական նկատուեցան` չեղեալ համարուելով ոչ պետական, սեփական եւ համայնքային վարժարաններու արտօնագրերը եւ, առ այդ, գործող դպրոցներու հողամասերն ու շէնքերը, առանց հատուցման, պետութեան անունին արձանագրուեցան: Թափուած ջանքերու շնորհիւ` արտօնուեցաւ միայն լեզուի եւ կրօնի դասաւանդութիւնը շաբթական երկու պահ`  նախկին մեր վարժարանները` յաճախող հայ աշակերտներուն: Պակասը լրացնելու համար հայաշատ շրջաններ հիմնեցին ուրբաթօրեայ վարժարաններ` եկեղեցիներու մէջ եւ կրթական դասընթացքներ` միութենական հաստատութիւններէն ներս:

Ներկայիս մայրաքաղաքի վարժարանի կառոյցը վերաբացման արտօնագիր ստանալով, առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինութեամբ, նախկին դասաւանդութիւնը սկիզբ առած է 2005-էն: 2003-ի պատերազմի աւարտին եւ երկրի աննպաստ պայմաններու բերումով, յատկապէս Մուսուլի եւ Պաղտատի հայաշատ շրջաններէն ծայր առած նախկին հաւրէզքահայ ընտանիքներու  զաւակներ վերագաղթելով եւ հաստատուելով լքուած ծննդավայր` Հավրէզք, շրջանի քրտական մարզի իշխանութիւններու բարի կամեցողութեամբ եւ անմիջական մարդասիրական օժանդակութեամբ դպրոց մը կառուցելով` արդէն 115  ընտանիքներու մանուկներուն հայեցի ուսում ապահոված են:

Որպէս եզրափակում` արձանագրենք հայ վարժարանի շրջանաւարտ Գրիգոր Սերոբեանի հետեւեալ ուղերձը.

«Ուսանողական տարիներուս ամէնէն աւելի տպաւորուած եմ մեր լեզուն դասաւանդող ուսուցիչներովս եւ սիրած եմ զանոնք: Անոնք իմ մէջ ցանեցին եւ հիմը դրին բարոյական արժէքներու ժառանգութիւնը, որոնք դարձան կեանքիս սկզբունքը` իբրեւ հայ մարդ: Անոնք նոյնիսկ անձնական կեանքիս վրայ ազդեցութիւն ունեցած են, այն իմաստով, որ անոնց դաստիարակչական, գաղափարական, խրատական, քաջալերական միջոցներէն օգտուելով, կ՛ուղղեմ եւ կը կրթեմ զաւակներս` իբրեւ հայ մարդեր:  Անոնք նաեւ պատճառ դարձած են, որ գիրքի եւ գրականութեան հանդէպ յատուկ սէր ունենամ: Ես կը  կարծեմ, որ անոնց դերը շատ մեծ էր նաեւ մեր նկարագիրներուն կերտման վրայ»:

Հայ դպրոցին պահպանումը, ի վերջոյ, մեր սրբազան պարտքն է մեր ու ազգի զաւակներուն հանդէպ` ի խնդիր հայօրէ՛ն գոյատեւելու հաւաքական մեր պայքարին:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դեկտեմբերս

Յաջորդը

Թրամփ Գուշակեց Իրանի Վրայ Յարձակումը 2011-ին Կը Յիշեցնէ «Տը Տէյլի Շօ»-ի Երգիծաբան Թրեւըր Նոա

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?