Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դեկտեմբերս

Յունուար 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱԶՄԻԿ ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ

Դեկտեմբեր` խանդավառ մթնոլորտ, լաւատես մտքեր, ժպտադէմ մանուկներ: Դեկտեմբերը յատկանշական է` իբրեւ նոր տարուան պատրաստութեան ամիս: Աշակերտները,  ծանրաբեռնուած քննութիւններով, անհամբեր կը սպասեն արձակուրդը, մանուկները նամակներ կը գրեն Կաղանդ պապային, իսկ ծնողները կը ծրագրեն երջանկութեամբ լի ընտանեկան ջերմ հաւաքներ:

Ճիշդ է, որ ես ալ մաս կը կազմեմ այս բնական պատկերին, սակայն իմ խոր զգացումներս դեկտեմբեր ամսուան հանդէպ բոլորովին տարբեր են: Իմ դեկտեմբերս իսկապէս տարբեր է:

2013 դեկտեմբեր 9-ին կորսնցուցի մեծ հայրս, ապա 2017-ին Սուրբ Ծնունդին` մեծ մայրս: Կարելի չէ տարբեր դիտանկիւնէ նայիլ դեկտեմբեր ամսուան: Իմ դեկտեմբերս նուիրուած է ձեզի, շա՛տ սիրելի Մարի նէնէ եւ Աւետիս տէտէ:

Մարի նէնէն, հոյակապ մեծ մայր ըլլալուն կողքին,  յաջողած էր ըլլալ մօտիկ բարեկամս: Ոչ ոք կը համարձակէր որեւէ տեսակի դիտողութիւն ընել իր ներկայութեան, որովհետեւ վայրկենական խոժոռ նայուածքով կը սարսափեցնէր իր «տարբեր թոռնիկը» անհանգստացնողները: Շատ անգամ հայրս դիտմամբ կ՛ըսէր «Նորէն շատ կ՛ուտէ կոր Ռազմիկը», ստանալու համար իր սովորական պատասխանը` «Ձգէ՛, թող ուտէ պէ չօճուխը»,  ապա դառնալով կողմս` կ՛ըսէր` «Կե՛ր, տղա՛ս, կեր, մտիկ մի՛ ըներ պապայիդ»: Ան միշտ սրտանց կ՛արտայայտուէր ու փաթթուելով ինծի` կ՛ըսէր`. «Դուն տարբեր ես, տղա՛ս»: Մարի նէնէն իր նիւթական ծանր պայմաններուն մէջ նոյնիսկ չդադրեցուց դրամ տալու իր սովորութիւնը: Որքան ալ քիչ ըլլար գումարը, իրեն համար կարեւորը տալն էր, որպէսզի խիղճը հանգիստ ըլլար: Դրամ տալէն ետք, «ասոնք պարտք են», կ՛ըսէր ու կը ժպտէր:

Փոքր տարիքէս կ՛այցելէի Մարի նէնէին եւ Աւետիս տէտէին, ընդհանրապէս շաբաթ օրերը: Վարժուած էի նախ վազել մեծ մօրս մօտ: Ամէն անգամ, որ փաթթուէի ու տաս անգամ համբուրէի մեծ մայրս, անպայման նստասենեակին անկիւնէն կը լսուէր մեծ հօրս ձայնը, որ կ՛ըսէր` «Է՛հ, քիչ մըն ալ ինծի ձգէ», եւ այս նախադասութիւնը ինքնին մեզ կը պատրաստէր անոր անվերջ կատակներուն:

Խոժոռ, բայց չափազանց կատակասէր Աւետիս տէտէն իւրայատուկ ձեւերով կ՛արտայայտէր իր սէրը մեզի հանդէպ: Հազիւ նստէի բազկաթոռին վրայ, անմիջապէս ոտքէս գաւազանով հարուած մը կը ստանայի եւ անմեղ մանուկի ժպիտ մը կը ստեղծուէր մեծ հօրս նուրբ դէմքին վրայ: Դպրոցական տարիներուն այբուբենը սորված էր թրքերէնով, ծառին շուրջ հաւաքուած` նմանցնելով իւրաքանչիւր տառ առարկայի կամ ուտելիքի մը: Անկարելի էր չլսել անոր սրտանց արտասանած այբուբենը, որ կը սկսէր «Ալէֆ տէյնէկ կիպի»-ով եւ կը շարունակուէր մինչեւ «Լամ ալէֆ մախաս կիպի» որմէ անմիջապէս ետք մատները շարժելով «Մախաս` ասանկ մկրատի պէս», կ՛ըսէր ու կը ծիծաղէր: Ան շատ լաւ գիտէր, թէ որքա՛ն ախորժակով մտիկ կ՛ընէինք իրեն, հետեւաբար որեւէ առիթ չէր փախցներ զուարճացնելու մեզ:

Մեծ մայրս ու մեծ հայրս յաճախ կը վիճէին: Ընդհանրապէս մէկը միւսին կը հակասէր կամ ալ մեծ հայրս դիտմամբ կը զայրացնէր մեծ մայրս, եւ շատ հաճելի երեւոյթ մը կը ստեղծուէր նստասենեակէն ներս: Օրինակ, երբ տէտէս բարձրաձայն հարցնէր` «Մարօ՛, ի՞նչ է ճաշը», նէնէս «Է՜հ պէ, բան մը կ՛ուտես», կը պատասխանէր:

Ամէն բան փոխուեցաւ մեծ հօրս մահէն ետք: Երբ մեծ մօրս համբուրէի, «քիչ մը ինծի ալ ձգէ» ըսող չմնաց. գաւազանով ոտքիս հարուածող չմնաց… «Լամ ալէֆ»-ին մկրատի պէս ըլլալը բացատրող չմնաց… «Մարօ՛, ի՞նչ է ճաշը» հարցնող ալ չմնաց: Բազկաթոռը մնաց պարապ… Կատակները դարձան յուշ… Մարի նէնէն կորսնցուց իր կեանքի ընկերը: Մեծ հօրս անուշ ձայնը շոգիացած էր: Դիւրին չէր պատկերացնել այդ տունը` առանց մեծ հօրս շունչին: Ճիշդ է, որ ֆիզիքապէս ներկայ չէր Աւետիս տէտէն, սակայն տակաւին մեզի հետ էր անոր հոգին ամէն վայրկեան: Աչքերս յառած հեռատեսիլին տակ զետեղուած անոր նկարին` հաճելի ձայնը կը սուլէր ականջներուս մէջ: Մարի նէնէն ալ յաճախ նոյն նկարին նայելով` «Մարդս ձգեց, գնաց» կամ` «Նայէ՛, հո՛ն է, մեզի կը նայի կոր», կ՛ըսէր:

Մարի նէնէն երեք տարի ապրեցաւ առանց իր Աւետիսին: Առողջական պայմանները հետզհետէ վատթարացան… Տան ճրագը հազիւ կը փայլէր: Յստակ էր գալիքը, մեծ հայրս կը կանչէր զինք: 24 դեկտեմբեր 2017-ին` Մարի նէնէն միացաւ իր ամուսինին` անոր անուան օրուան առիթով:

Խորքին մէջ պատկերը իսկապէս գեղեցիկ էր: Աստուած կրկին միացուցած էր կեանքի անբաժան ընկերները: Յաւիտեան լռութիւն տիրեց մեր ամենահաճելի վայրէն ներս: Բոլորին ծանօթ Մարիին բազկաթոռն ալ պարպուեցաւ: Մթութիւնը եկաւ ու խուժեց ներս: Ուրախութեան աղբիւրը դարձաւ դատարկ կառոյց մը: Ո՛չ… Կարելի չէ… Ի՞նչ պատահեցաւ… Ի՞նչպէս հասկնամ… Ի՞նչպէս ընդունիմ ցաւալի իրականութիւնը: Դռնէն մտնեմ` վազելով որո՞ւ փաթթուիմ արդեօք: «Ալէֆ տէյնեկ կիպի»-ն որմէ՞ լսեմ արդեօք: Մարի նէնէին եւ Աւետիս տէտէին վէճերուն ինչպէ՞ս ներկայ ըլլամ արդեօք: Պատասխան կը սպասեմ, բայց չեմ ստանար: Այս հարցումները կ՛ալեկոծեն միտքս ու կ՛արցունքոտեն աչքերս միաժամանակ:

Ձեր անմահ հոգիները մի՛շտ կը գտնուին կողքիս ու կը լուսաւորեն ճանապարհս: Դուք կ՛ապրիք հետս, կը զուարճանաք հետս, կը ցաւիք հետս: Ձեր շունչով կը քալեմ հպարտ, զօրաւոր եւ ինքնավստահ:

Հանգիստ ու անդորր ննջեցէ՛ք, դրախտի՛ հրեշտակներս:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1970)

Յաջորդը

Իրաքահայոց Կրթօճախները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?