Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունումը Վշտացուցած Է Պոլսոյ Նորընտիր Պատրիարքը

Յունուար 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ ամիս ես պատասխանեցի Պոլսոյ նորընտիր պատրիարք Սահակ Բ. եպս. Մաշալեանի` թրքական թերթին տուած հարցազրոյցին, ուր ան քննադատած էր Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը:

Այդ օրէն ի վեր հայոց աշխարհը անհանգստացած է, որ պատրիարքը շարունակած է հարցազրոյցներ տալ թրքական լրատուական միջոցներուն` կատարելով թրքամէտ եւ հակահայկական մեկնաբանութիւններ: Ինչպէս գրած էի նախապէս, հասկնալի է, որ Պոլսոյ հայկական համայնքի մնացորդները պատանդ բռնուած են թրքական վարչակարգի դաժան ձեռքերուն մէջ: Հետեւաբար մենք պէտք է յստակ ըմբռնումով մօտենանք անոնց կասկածելի արտայայտութիւններուն: Այսուամենայնիւ, ոչ բոլոր յայտարարութիւնները կը կատարուին ճնշման տակ: Անոնց ժխտական յայտարարութիւններէն մէկ քանին կը կատարուին իրենց սեփական կամքով` առանց թրքական կառավարութեան կողմէ որեւէ տեսակի ճնշումի: Երբեմն Թուրքիոյ կարգ մը հայեր հակահայկական յայտարարութիւններ կ՛ընեն պաշտպանելու համար թուրք պաշտօնեաներու հետ իրենց ունեցած գործարար ձեռնարկները, կամ պահպանելու համար իրենց աթոռները` սիրաշահելով թրքական իշխանութիւնները: Ուստի, ինքնաբերաբար պէտք չէ գալ այն եզրակացութեան, որ պէտք է զերծ մնալ անոնց թրքամէտ յայտարարութիւնները քննադատելէ միայն այն պատճառով, որ անոնք Թուրքիա կ՛ապրին: Ամէն ինչ կախուած է յայտարարութեան հանգամանքներէն եւ այն աստիճանէն, թէ ի՛նչ թափով պոլսահայը կը յարձակի հայ ժողովուրդի եւ անոր քաղաքական պահանջներուն վրայ:

Թրքական «Միլլիէթ» եւ «Սապահ» թերթերուն հարցազրոյցներ տալէն ետք պատրիարք Մաշալեան շարունակած է մնալ թրքական լրատուական միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը:  2 յունուար 2020-ին ան «Աքշամ» թերթին ըսած է, որ սփիւռքահայերը եւ պոլսահայերը կապ չունին իրարու հետ, եւ թէ սփիւռքը հարիւր տարի ետեւ մնացած է:

Պատրիարք Մաշալեան աւելցուցած է. «Թուրքիոյ մէջ բոլոր փոքրամասնութիւնները համակարծիք են, որ մենք մեր ամէնէն հանգիստ ժամանակաշրջանը կ՛ապրինք նախագահ Էրտողանի իշխանութեան տարիներուն»: Պատրիարքը կարծես թէ մոռցած է, որ վերջին 12 տարիներուն հայ համայնքին թոյլ չեն տուած փոխարինող պատրիարք ընտրել այն բանէն ետք, երբ նախկին պատրիարքը կը գտնուէր մահաքունի մէջ: Էրտողանի կառավարութիւնը նաեւ արգիլած էր Թուրքիոյ մէջ շարք մը հայ հոգեւորականներու մասնակցութիւնը պատրիարքական ընտրութիւններուն` պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք կը ծառայէին Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս գտնուող եկեղեցական ծուխերու մէջ: Պատրիարք Մաշալեան, ամենայն հաւանականութեամբ, չէր ընտրուեր, եթէ միւս թեկնածուներուն թոյլ տրուէր մասնակցիլ ընտրութիւններուն:

«Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն ի վեր փոքրամասնութիւններու խնդիրները օգտագործուած են Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար: Մենք չենք ուզեր, որ այս հարցին պատճառով Թուրքիա վնասներ կրէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ: Մենք այս երկրին քաղաքացիներն ենք, եւ այս երկրին դէմ ուղղուած որեւէ խօսք մեզ եւս կը վիրաւորէ», ըսած է պատրիարքը «Աքշամ» թերթին:

Աւելի՛ն. Պոլսոյ պատրիարքը յայտարարած է, որ` «Հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի: 1915-ը եւ անոր յաջորդող յիշողութիւնները փոխանցուած են սերունդէ սերունդ: Անոնք տեսած են, որ այս հարցը առնուազն կը պահպանէ իրենց միասնութիւնը եւ կը ստեղծէ ժխտական հաւաքական գիտակցութիւն: Ստեղծուած է ողբերգութեան վրայ հիմնուած հաւաքական գիտակցութիւն: Անոնք չեն ուզեր կորսնցնել զայն: Իսկ մենք այդ դէպքերէն ետք մնացած ենք այս հողերուն վրայ: Մենք որոշեցինք ապրիլ այլ ներկայացուցիչներու հետ միասին: Սփիւռքը հարիւր տարի ետեւ մնացած է… Մեր եւ սփիւռքի կողմէ իսլամութիւնը հասկնալու ձեւին մէջ տարբերութիւն կայ: Իրականութեան մէջ ժողովուրդը շատ աւելի մեղմ է: Ան այս մասին կը յիշէ ապրիլ 24-ին եւ կը մոռնայ մինչեւ յաջորդ ապրիլ 24»:

Շարունակելով իր հակահայ խաչակրութիւններուն արշաւանքը` պատրիարք Սահակ Բ. 2 յունուար 2020-ին թրքական NTV-ին ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին բանաձեւը «վիրաւորած է զիս»: Պատրիարքը նաեւ ըսաւ. «Մենք Սփիւռք չենք: Մենք միշտ եղած ենք հոս եւ մնացած ենք այս երկրին մէջ: 1915 թուականի դառն իրադարձութիւններէ ետք մենք որոշեցինք հոս մնալ: Մենք 105 տարի ապրած ենք այլ կերպ, քան` սփիւռքահայերը: Անոնք գոյատեւած են 1915 թուականի ցաւի դառն յիշողութիւններով, զորս փոխանցած են սերունդէ սերունդ: Մենք վերապրած ենք այդ ցաւը: Մենք զայն չենք մոռցած, սակայն վերապրած ենք զայն: Տեղի ունեցած է համակեցութեամբ ապրելու կախարդանք»:

Պատրիարք Սահակ Բ. ունեցած է հակասական անցեալ` տարօրինակ տարբեր միջադէպերով: Սակայն հիմա ես կը նախընտրեմ չանդրադառնալ այդ հարցերուն: Հաճելի չէ յարձակիլ բարձրաստիճան հայ հոգեւորականի մը վրայ: Պարզապէս կը փափաքիմ հակիրճ մէջբերում ընել պատրիարքի 2017 թուականի գրածէն. «Եկեղեցիին նուիրած եմ իմ կեանքը, իմ երիտասարդութիւնը եւ իմ տղամարդկութիւնը: Ես ընտանիք չունիմ: Վեց տարի ապրած եմ պատրիարքարանի 20 քառակուսի մեթրնոց սենեակին մէջ»:

Պատրիարք Սահակ Բ.ի` թրքական լրատուական միջոցներուն ըրած յայտարարութիւնները, իր իսկ պաշտօնավարման ժամկէտին սկիզբը, նոյնիսկ` նախքան գահակալութեան հանդէսը, լաւ նշաններ չեն: Բազմաթիւ հայեր, ինչպէս Թուրքիոյ ներսը, այնպէս ալ` դուրսը, կը բողոքէին, որ անոր մրցակիցը` Արամ արք. Աթէշեան խիստ ենթակայ էր թրքական իշխանութիւններուն: Թէեւ այսպիսի պահուածք մը որոշ չափով հասկնալի է` հաշուի առնելով թրքական իշխանութիւններու կեղեքիչ բնոյթը, սակայն նորընտիր պատրիարքը շատ աւելիով գերազանցած է իր մրցակիցին հնազանդ պահուածքը:

Պատրիարք Սահակ Բ.ի ինքնանուաստացուցիչ խօսքերը թրքական լրատուական միջոցներուն, պարզապէս, Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութեան կրկնութիւնն են եւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ վերջերս տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումը: Աւելի՛ն. համադրուելով թրքական կառավարութեան հետ` պատրիարքը ինքզինք եւ Թուրքիոյ հայ համայնքը կը հեռացնէ սփիւռքէն, ինչպէս թուրք իշխանաւորները արգիլեցին սփիւռքի մէջ ծառայող թրքահայ հոգեւորականներուն մասնակցելու պատրիարքական ընտրութիւններուն:

Պատրիարք Սահակ Բ. կ՛ապրի իր նոր պաշտօնին մեղրամիսը: Այսուամենայնիւ, ինչպէս տեսանք նախապէս, Թուրքիոյ կառավարութիւնը որեւէ ատեն կրնայ ուժեղացնել ճնշումը տեղւոյն հայ համայնքին վրայ: Երբ նման բան տեղի ունենայ, հայկական Սփիւռքն է, որ պիտի փորձէ օգնութեան հասնիլ Թուրքիոյ հայ համայնքին` անտեսելով պատրիարքի անբաղձալի խօսքերը ընդդէմ սփիւռքի:

Աւելի՛ն. ես գիտեմ, որ պատրիարքը սփիւռքի քննադատական յայտարարութիւնները կ՛օգտագործէ թրքական իշխանութիւններու մօտ բարենիշներ շահելու համար:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգներով Կտանսքը Աւելի Հայացաւ

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Կեղծարարութեան Հետքերով…

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?