Անդրադարձ

Ախալցխայի Մանկապարտէզների Հայկական Բաժիններում Ուսուցումը Այլեւս Հայերէն Չէ

Ախալցխայի Մանկապարտէզների Հայկական Բաժիններում Ուսուցումը Այլեւս Հայերէն Չէ

ԷԴՈՒԱՐԴ ԱՅՎԱԶԵԱՆ Պարզւում է` Ախալցխայի շրջանի մանկապարտէզների հայկական բաժիններում ուսուցումը հայերէն չէ: Այս մասին պարզ դարձաւ փետրուար 4-ին Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի այցի ժամանակ, որի ընթացքում Սազել գիւղի բնակիչներից մէկը բարձրաձայնեց խնդրի մասին:  Սազել գիւղի բնակչի խօսքերով, իր երեխան մանկապարտէզում չի սովորում հայերէն, ինչի մասին վկայում են երեխայի սովորելու նպատակով տրուած բանաստեղծութիւնները  միջոցառումներից առաջ: «Իմ երեխային միջոցառման նախապատրաստուելու նպատակով...

Խաչօ՞, Թէ՞ Չալօ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բարի Եկաք, Ճերմակ Մազեր

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Բարի եկաք, ճերմակ մազեր` Մնացած հիւրեր անհրաւէր, Դուք բազմեցաք գլխուս վերեւ, Կեանքիս աշնան իբրեւ տերեւ: Նախ երեւցաք հատիկ-հատիկ, Պահուըտելով զիս խաբեցիք: Յանկարծ փչեց ձմրան մրրիկ, Գլուխս ամբողջ դուք պատեցիք: Ի՛նչ է արդեօք իմաստը ձեր` Սիրուհիիս զրկա՛նք, նուէ՛ր, Իմաստութեան մեծ նշաննե՛ր Կամ թէ գլխուս զարդ նորաձեւ: Մի՛ նեղուիք դուք իմ խօսքերէս, Մնացէք միշտ ժպտուներես: Կ՛ուզեմ ըլլալ ես հաշտարար, ձեզ...

Անդրադարձ.  Անամօթ Առաջարկէ Մը Աւելին

Անդրադարձ. Անամօթ Առաջարկէ Մը Աւելին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է Տէր Զօրի մէջ քարիւղի դաշտերը փոխադարձաբար կառավարել` աւելցնելով, որ Փութին այդ առաջարկը կը սերտէ, «եւ կրնանք նոյնպիսի առաջարկ մը ներկայացնել Թրամփին»: Փութին այս առաջարկը լսելէ ետք, արդեօք ինչպիսի՞ նայուածք մը ուղղեց իր թուրք պաշտօնակիցին: Այս լուրը կարդալէ ետք կարելի չէ հարց չտալ. «Այս բոլորին...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Բարին, Գեղեցիկը Եւ… Ճշմարիտը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Տիկ. Գոհար Յովհաննէսեան եւ «Մատամ» Եոլանտ Աճեմեան Այս բառերը ես կը յիշեմ կարդացած ըլլալ Ռէթէոս Պէրպէրեանի տապանաքարին վրայ, Սկիւտարի հայոց գերեզմաննոցը: Պատանի էի: Ճեմարանի Ա. լսարանի աշակե՛րտ: Եւ այդ ամառ մեծ յափշտակութեամբ կը պեղէի Պոլիսը: Մայրս, փոքր եղբայրս եւ ես միասին կատարեցինք մեր ընտանիքի այդ պատմական ճամբորդութիւնը: Տասնութ տարիներ ետք իր ամուսնութեան օրերէն, մայրս վերջապէս պատեհութիւն կ՛ունենար քանի...

Պատմութեան Շարունակականութիւնը

Պատմութեան Շարունակականութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ «Ես թուրքիացի եմ, քաղաքացին Թուրքիոյ Հանրապետութեան: Երկրորդ` հայ եմ: Առաւել եւս,Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան մէկ մասնիկը ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած հայկական սփիւռքին բարոյական մէկ մասնիկն եմ,անոնց ցեղակիցն եմ»: ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ Պատմութիւնը հայունն է: Այս պարագային` Թուրքիոյ հայուն, եւ երեւի` պոլսահայ իրականութեան: Եւ ասիկա հայուն հարուստ պատմութիւններէն մէկն է` նկատի ունենալով, որ հայկական Պոլիսը որքա՛ն մեծ աւանդ...

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալգլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ Զ- Ռազմավարական Խճուղի Անվտանգութեան Հայեցակարգ Եւ Պաշտպանութեան Ոլորտ Հայաստանի անվտանգութեան կարեւոր բաղադրիչն է Հայաստան֊Ռուսիա ռազմավարական գործընկերութիւնը: Արդարեւ, 30 սեպտեմբեր 1992-ին կնքուած ռազմական դաշինքը, ըստ որուն, Հայաստանի հետ Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանները պիտի ապահովուէին երկու երկիրներու զինուած ուժերու միացեալ հսկողութեամբ եւ Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայանի միջոցով, նոր որակաւորում կը ստանար 29 օգոստոս 1997-ի «Գործընկերութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան» պայմանագիրով մը,...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Հայաստանի Դռնանցքը Եւ Միացեալ Նահանգների Ռազմավարական Կարճատեսութիւնը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Մեծապետական դիտանկիւնէն, ներկայ Հայաստանը իր փոքր հողատարածքով եւ փոքրաթիւ բնակչութեամբ քաղաքական թէ տնտեսական յատուկ շահեկանութիւն չի ներկայացներ կովկասեան տարածաշրջանի մէջ գործելու յաւակնութիւն ցուցաբերող մեծ ուժերուն` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն (Միացեալ Նահանգներ), Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան, Չինաստանին, Թուրքիոյ կամ Իրանին: Շահեկանութեան իմաստով նոյնանման վիճակ կը պարզեն նաեւ Հայաստանի հարեւան միւս երկու երկիրները` Վրաստան եւ Ազրպէյճան, եթէ պահ մը զանց առնենք վերջինին...

Նամականի

«Կը Բաւէ՛ Քայիտայի Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Ահաբեկիչները Ազատամարտիկ Կոչէք»

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Թեկնածու Թուլսի Կեպըրտի Կտրուկ Ուղերձը` Բռնակալ Էրտողանի Մասին ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Շաբաթ, 29 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու` դեմոկրատական Թուլսի Կեպըրտ, Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ներխուժումին մասին հետեւեալ կտրուկ ուղերձը յղեց նախագահ Թրամփին եւ ՕԹԱՆ-ին: Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ տեսերիզէն առնուած խօսքը (1). «Այս պահուս Ռուսիան մարտանաւեր կ՛ուղարկէ Սուրիա` պաշտպանելու համար զայն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական յարձակումէն,...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Հանրաքուէէն Ետք

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ապրիլ 1-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սահմանադրական դատարանի վերաբերող փոփոխութեան հանրաքուէն: Փաստօրէն թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ժողովրդային երրորդ փորձաքարն է, որ կ՛իրականանայ: Այս առումով, կայ թէ՛ ներխորհրդարանական եւ թէ՛ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն: Հանրաքուէին արդիւնքներէն զատ` կայ այլ իրականութիւն` մասնակցութեան համեմատութիւնը, որ շատ կարեւոր ազդակ է իշխանութեան հեղինակութեան եւ ժողովրդային թիկունքի իմաստով: Ընդդիմութեան ազդեցիկ չըլլալը պէտք է մտահոգէ այսօրուան իշխանութիւնը:...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Հայրենիքի Սահմանը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Հայրենիքի Սահմանը

2020 թուականին Արցախում կայանալիք համապետական ընտրութիւնների` օրէնքով սահմանուած քարոզչութեան ժամանակահատուածի առաջին շաբաթն աւարտուեց: Պէտք է առանձնացնել, որ մինչ այժմ Արցախում կայացած ընտրութիւնների համեմատութեամբ այս քարոզարշաւը բուռն է եւ բազմերանգ: Սպասելի էր այս աշխուժութիւնը, քանի որ նախագահի 14 թեկնածուները եւ 12 քաղաքական դաշինքներն ու կուսակցութիւններից իւրաքանչիւրը ձգտում է ձեռք բերել ընտրողների քուէների իրենց բաժինը: Ինչպէս որ կանխատեսել էինք, բոլորի քարոզչական թիրախները...

Զինադադարն Ու Զայն Հաստատելու  Մարտավարութիւնը

Զինադադարն Ու Զայն Հաստատելու Մարտավարութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 5 մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ վեհաժողովը, որուն աւարտին գոյացաւ փոխհասկացողութեան փաստաթուղթ մը, որ կը շեշտէր, թէ պէտք է «վնասազերծել Իտլիպի մէջ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք ներառուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ցուցակին վրայ», սակայն չէր նշեր, թէ ճիշդ ո՛վ պէտք է ստանձնէ այդ պարտաւորութիւնը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մէկ օր...

Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով.  Իւրայատուկ Ու Անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան

Համարձակւում Եմ Չհաւատալ Ձեր Անկեղծութեանը

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ Առիթ ունեցայ ուշացումով կարդալու «Ասպարէզ» թերթի փետրուարի 25-ի համարում Ռազմիկ Շիրինեանի հրապարակած «Քաղաքական զարգացման հրամայականը» յօդուածը: «Ուշացումով» կարդալը կարեւոր փաստարկ էր չարձագանգելու գրուածին, մանաւանդ ամէն բանի չէ, որ առհասարակ արձագանգելու անհրաժեշտութիւն կայ, միւս կողմից` երբեմն չպատասխանելը «դատավճիռ կայացնողների» մօտ տպաւորութիւն է ստեղծում, թէ այնքան անհերքելի ճշմարտութիւններ են բացայայտել, որ դիմացինները հակափաստարկ չունենալով` պապանձուել են: Մանաւանդ նոյն մտայնութիւնը կարող...

Քաղաքականացման Ժամանակն Է

Քաղաքական Զարգացման Հրամայականը

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ Հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան բնական կեանքին ու միտքին մէջ սերտաճող քաղաքական ժամանակակից մտածողութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնները մեծ մասամբ անտեսուած կը մնան մեր քննարկումներուն ու որոշումներուն մէջ: Երկուքն ալ` թէ՛ սովորական քաղաքացին եւ թէ՛ ուսանողը գործօն դերակատարներ են, հետեւաբար հայրենի համակարգին հետ իրենց յարաբերութիւնները քսանմէկերորդ դարու քաղաքական զարգացման նոր տարածքներ կը հարթեն անպայման: Դժբախտաբար, սակայն, հայ ժողովուրդի առաջնորդ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն .  Անկախութեան Պահպանումը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պատերազմ Եւ Տնտեսութիւն

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ        Պատմութեան գիրքերուն մէջ կարդացած ենք բազմաթիւ պատերազմներու մասին` իրենց բազմատեսակ դրդապատճառներով: Բազմաթիւ պատերազմներ, հոգ չէ թէ ի՛նչ տեսակի ըլլան, բոլորն ալ ծառայած են նոյնանման ծրագիրներու, որոնց ծածուկ նպատակը միշտ եղած է նիւթական շահ ապահովել: Ժամանակին թագաւորութիւններ պատերազմ կը յայտարարէին, որպէսզի նիւթական հարստութիւններ դիզելով եւ մարդկային ու տարածքային բռնագրաւումներ կատարելով կարենան ամրապնդել իրենց իշխանութիւնը: Պատմութեան բոլոր փուլերուն պատերազմելու...

Ցայգալոյս.  «Աշոտ Երկաթ»-ը Եւ Անոր Ժամանակակից Պատգամները

Ցայգալոյս. «Աշոտ Երկաթ»-ը Եւ Անոր Ժամանակակից Պատգամները

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան համեմատաբար նոր հրատարակութիւններէն մէկն է Բագրատ Այվազեանցի «Աշոտ Երկաթ» պատմավէպը: Հատորը հրատարակուած է 2019-ին, «Համազգայինի հիմնադրամներու հրատարակչական ֆոնտ»-ին մեկենասութեամբ եւ Կարօ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ: Ասիկա սոյն պատմավէպին տասներորդ վերահրատարակութիւնն է: Ասկէ առաջ անիկա հինգ անգամ հրատարակուած է Թիֆլիսի մէջ` 1893-ին, 1900-ին, 1903-ին, 1910-ին եւ 1914-ին: Հրատարակուած է նաեւ Գահիրէ` 1936-ին, Պէյրութ` 1940-ին, Երեւան` 1964-ին եւ...

Սուրբ Մարիանէ Եկեղեցու Վերաօծման Առիթով

Սուրբ Մարիանէ Եկեղեցու Վերաօծման Առիթով

ԱՇՈՏ ՎԱՒԵԱՆ Աշտարակի Սուրբ Մարիանէ եկեղեցին մի սրբավայր է, որի զօրութեանը մարդիկ հաւատում են: Եկեղեցին իր նուիրեալ երկրպագուներն ունի, այստեղ յաճախ են գալիս ուխտաւորներ` հիւանդութիւններից ապաքինուելու, զաւակ ունենալու կամ կենսական այլ խնդիրների լուծման ակնկալիքներով: Եկեղեցին կառուցուել է 1281թ. եւ օծուել Կոյս Մարիանէի անունով, որ համաքրիստոնէական սուրբ է, քրիստոնէութեան վաղ շրջանի` երրորդ դարի նահատակներից: Մարիանէն Անտիոքից էր, քաղաքի գլխաւոր քուրմի դուստրը,...

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները,  Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

Համալիբանանեան Անհրաժեշտ Զօրակցութիւն

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Անկասկած  Լիբանան այսօր սուր ճգնաժամի մէջ է: Անկասկած Լիբանանը իր պատմութեան մէջ նախադէպը չունեցող քաղաքական, ընկերատնտեսական, առողջապահական, դրամատնային համակարգի եւ ելեւմտական ամէնէն դժուար օրերը կ՛ապրի, եւ արդարօրէն բոլոր քաղաքացիներուն ուշադրութեան կիզակէտ կը հանդիսանան` նոր կառավարութեան աշխատելաոճը, նախարարաց խորհուրդի նիստերը, յայտարարութիւնները, պետական նշանակումները, քաղաքական որոշումները եւ միջազգային ֆինանսական թէ քաղաքական բոլոր տեսակի հանդիպումները: Ակնկալութիւնները եւ սպասումները բազմաթիւ են, կենսական...

Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով`  Մարդուժի Պատրաստութեան Լաւագոյն Փորձառութիւնը (Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին Օրինակը)

Փոխան Փունջ Մը Ծաղիկի (Կիներու Միջազգային Տօնին Եւ Ուսուցչաց Տօնին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Կան տօներ, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն անպայման: Կիներու միջազգային տօնը եւ ուսուցչաց տօնը նման տօներ են, արժանի` խօսելու, գրելու եւ հանդիսաւոր կերպով նշելու: Կիներու միջազգային տօնը վաղն է` 8 մարտին, իսկ ուսուցչաց տօնը յաջորդ օրը` երկուշաբթի, 9 մարտին: Նախ` պէտք է խոստովանիլ, որ տօներու պարագային, կիները տղամարդոցմէ աւելի բախտաւոր են, որովհետեւ ունին մայրերու տօնը` մարտ 21-ին, կիներու...

Մեր Ունեցածն Ու Չունեցածը

Մեր Ունեցածն Ու Չունեցածը

ԱԼԻՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Հայաստանի «ԳՐԱԿԱՆ ԹԵՐԹ»-ի 13 օգոստոս 2015-ի համարին մէջ կար Ալիս Յովհաննիսեանի ստորագրութեամբ էջ մը, որմէ այնքա՜ն իմաստութիւն կրնան քաղել Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ազգային-քաղաքական իրաւ մտահոգութիւն ունեցողները, անոնք ըլլան վերնախաւի մաս կազմողներ թէ շարքային հայեր: Էջը կ՛արտագրենք եւ կը յանձնենք ընթերցողի ուշադրութեան: «Հայրենագիտութիւնը գլխաւոր ուսմունքն է այն անձանց համար, որոնք նուիրւում են ծառայելու հայրենիքին: Ով հայրենիք չի տեսել, չի...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Հայոց Լեզուն Եւ Մշակութային Ժառանգութիւնը Պետութեան Հոգածութեան Եւ Պաշտպանութեան Ներքոյ Են

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Կարդացէ՛ք Հայաստանի սահմանադրութեան 15-րդ յօդուածը, որ վերոյիշեալ վերնագրի բառերով յստակօրէն կը խօսի մեր լեզուի եւ մեր մշակոյթի վերաբերմամբ պետութեան պատասխանատուութեան մասին: Սահմանադրութիւնը կը մերժէ խտրականացնել լեզուի հարցը: Ան չի զանազաներ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական լեզուաճիւղերու միջեւ: Սահմանադրութեան մտասեւեռումը հայոց լեզուն է իր ամբողջական ժառանգութեամբ եւ ՎԵՐՋ: Իսկ հայոց լեզուն ունի երկու հաւասարազօր եւ անզուգական աշխարհաբար լեզուաճիւղեր, որոնք սերած...

Page 406 of 807 1 … 405 406 407 … 807

Արխիւներ