Ամիշները` Յետամնա՞ց, Թէ Իմաստուն
ԹՈՐԳՈՄ ՔՀՆՅ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ Ամերիկա գալէս առաջ, համացանցին բարիքներէն օգտուելով, արդէն կը ճանչնայի զիրենք: Արհեստագիտութենէն խուսափելու տրամադրութիւնս եւ «բնական կեանք»-ի հանդէպ ունեցած սէրս զիս աւելի մղեցին, որպէսզի հետաքրքրուիմ անոնցմով եւ անյագ կարդամ անոնց պատմութեան, կենցաղին եւ իւրայատկութիւններուն մասին: Խօսքս ամիշներուն մասին է: Անցեալ տարի վերջապէս առիթը ունեցայ այցելելու անոնց տարբեր բնակավայրերը` տեսնելու համար առօրեան այն մարդոց, որոնց մասին մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացած...




















