ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան համեմատաբար նոր հրատարակութիւններէն մէկն է Բագրատ Այվազեանցի «Աշոտ Երկաթ» պատմավէպը: Հատորը հրատարակուած է 2019-ին, «Համազգայինի հիմնադրամներու հրատարակչական ֆոնտ»-ին մեկենասութեամբ եւ Կարօ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ: Ասիկա սոյն պատմավէպին տասներորդ վերահրատարակութիւնն է: Ասկէ առաջ անիկա հինգ անգամ հրատարակուած է Թիֆլիսի մէջ` 1893-ին, 1900-ին, 1903-ին, 1910-ին եւ 1914-ին: Հրատարակուած է նաեւ Գահիրէ` 1936-ին, Պէյրութ` 1940-ին, Երեւան` 1964-ին եւ Թեհրան` 1984-ին:
Վիպագիր Բագրատ Այվազեանց (1862-1934) «Աշոտ Երկաթ» պատմավէպին կողքին գրած է նաեւ ուրիշ վէպեր, պատմավէպեր եւ թատրերգութիւններ, ինչպէս` «Անին ծախուեցաւ», «Հիւսիսի արծիւը» եւ «Սասունը այրւում է»: Ան նկատուած է իր ժամանակի ամէնէն աւելի կարդացուած հեղինակներէն մէկը: Թերեւս այս պատճառով է նաեւ, որ իր գործերը արժանացած են քանի մը վերահրատարակութիւններու: Իր գործերուն առանցքը հայ ազգի պայքարն է` յանուն իր անկախութեան եւ ազատութեան, ան միշտ կ՛արծարծէ մարդկայնական վեհ գաղափարները, կը կանգնի ժողովուրդի համեստ խաւերու իրաւունքներուն կողքին:
«Աշոտ Երկաթ» պատմավէպին այս հրատարակութիւնը կը բացուի գիրքի խմբագիրին` Կարօ Յովհաննէսեանի ներածական հակիրճ խօսքով` «Բագրատ Այվազեանց եւ «Աշոտ Երկաթ» պատմավէպը» խորագիրով, ուր կը ներկայացուին հեղինակին կենսագրական հակիրճ գիծերը, եւ թէ պատմական ի՛նչ պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցած են «Աշոտ Երկաթ»-ի մէջ ներկայացուող դէպքերը:
Պատմավէպին դէպքերը տեղի կ՛ունենան 10-րդ դարու առաջին քառորդին: Աշոտ Ա. Բագրատունիի կողմէ հայկական պետականութեան վերահաստատումէն ետք, անոր կը յաջորդէ իր զաւակը` Սմբատ Ա., որուն իշխանութեան ժամանակաշրջանը կը յատկանշուի արտաքին եւ ներքին թշնամիներու դէմ անդադրում եւ սպառիչ պայքարով: Մէկ կողմէ կային Ատրպատականի արաբ ոստիկան Եուսուֆին սադրանքները հայկական պետականութեան դէմ եւ անոր իրերայաջորդ զինուորական արշաւանքները Հայաստանի սրտին մէջ, իսկ միւս կողմէ ալ կային հայկական զանազան իշխանութիւններու եւ նախարարական տուներու կեդրոնախոյս ձգտումները եւ դաւադրութիւնները օրինական թագաւորին դէմ, ամէն գնով անկախանալու եւ իրենց շրջաններուն մէջ թագաւոր դառնալու իրենց տենչը կը գերիշխէր: Սմբատ Ա. թագաւոր չկրցաւ դէմ դնել այս բոլոր ներքին թէ արտաքին վտանգներուն, եւ ի վերջոյ, Կապոյտ բերդի երկարատեւ պաշարումէն ետք ստիպուեցաւ անձնատուր ըլլալու Եուսուֆ ոստիկանին, որ թագաւորը իբրեւ գերի տարաւ Դուին եւ հոն ալ գլխատել տուաւ զայն:
Սմբատ Ա. Բագրատունի թագաւորի նահատակութենէն ետք հայոց աշխարհին մէջ կը տիրէ բաւական խառնաշփոթ կացութիւն, արաբ Եուսուֆ ոստիկանին համար ասիկա լաւագոյն առիթն էր ի սպառ ջնջելու հայկական պետականութիւնը եւ վերահաստատելու արաբական տիրապետութիւնը Հայաստանի վրայ: Ան հայոց աշխարհի մէկ շրջանէն միւսը կ՛արշաւէ` մահ ու աւեր սփռելով: Մինչեւ իսկ չի խնայեր դաւաճանական կեցուածք որդեգրած եւ իր կողմը անցած հայ իշխաններն ու նախարարները, որոնք վախնալով արաբ ոստիկանէն` կը քաշուին իրենց կալուածները եւ կ՛ամրանան իրենց բերդերուն մէջ:
Երկրին պարզած խառնաշփոթ այս վիճակին մէջ 914 թուականին արաբական զօրքերէն երկիրը ազատագրելու դրօշը կը բարձրացնէ Սմբատ Ա. թագաւորին զաւակը` Աշոտ Բ. Բագրատունի, որ սակաւաթիւ համախոհներու գլուխ անցած` յանկարծական յարձակումներով կը փորձէ իր հօրը նահատակութեան վրէժը լուծել եւ վերահաստատել Բագրատունեաց գահը: Իր ձեռնարկած ազգային-ազատագրական այս պայքարին մէջ Աշոտ Բ. Բագրատունի կը կարենայ ձեռք ձգել նաեւ ժողովրդային լայն խաւերուն աջակցութիւնը: Իր այս պայքարին մէջ Աշոտ Բ. Բագրատունի ստիպուած կ՛ըլլայ նաեւ դէմ դնելու հայ իշխաններու երկպառակութիւններուն եւ իր դէմ նիւթած դաւադրութիւններուն: Եւ դժբախտաբար այդ հայ իշխաններուն շարքին էին նաեւ իր հարազատ ազգականները, որոնց շարքին էր իր հօրեղբօր որդին` Աշոտ սպարապետը, որ կը ձգտէր տիրանալ հայոց թագաւորի տիտղոսին: Սակայն վերջինէս առաջ թագաւոր դառնալու ձգտումներ ունէր նաեւ Վասպուրականի իշխանը` Գագիկ Արծրունի, որ տակաւին Սմբատ Ա. Բագրատունի թագաւորին դէմ մղուած պայքարի ծիրին մէջ 908 թուականին Ատրպատականի Եուսուֆ ոստիկանին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Վասպուրականի թագաւոր:
Աշոտ Բ. Բագրատունի տեսնելով, որ առանձինն, սակաւաթիւ համախոհներու գլուխ անցած, չի կրնար երկիրը ազատագրել արաբական բռնագրաւումէն եւ կառուցել միասնական պետութիւն, կ՛երթայ Բիւզանդիոն, ուր Կոստանդին կայսեր կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ համայն հայոց թագաւոր եւ բիւզանդական օգնական զօրքի գլուխն անցած վերադառնալով Հայաստան` կը շարունակէ իր կիսատ ձգած ազատագրական պայքարը: Ան իր արիութեան եւ քաջութեան համար ժողովրդային լայն խաւերուն կողմէ կը կոչուի Աշոտ Երկաթ: Աշոտ Երկաթ թագաւորին կ՛օժանդակէ ուխտապահ համախոհներու խումբ մը` գլխաւորութեամբ Գէորգ Մարզպետունի իշխանին:
Պիտի չմոռնանք նաեւ Հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը 10-րդ դարու այդ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ: Մինչ հայոց կաթողիկոսը, աստանդական ու թափառական վիճակի մէջ, հայոց իշխաններուն պաղատագին նամակներ կը յղէ միաբանուելու եւ բոլորուելու հայոց օրինական թագաւորին` Աշոտ Երկաթի շուրջ, անդին, 10-րդ դարու Ղեւոնդ Երէցը` Մարտիրոս վանահայր իր քարոզներով կը խանդավառէ գիւղերու ու քաղաքներու բնակիչները, անոնցմէ աշխարհազօրային զինեալ խմբակներ կը կազմէ` թեւ եւ թիկունք կանգնելու համար հայոց թագաւորին, հայրենիքը ազատագրելու իր աշխատանքին մէջ: Այս պայմաններուն մէջ է, որ Աշոտ Երկաթ 922 թուականին Սեւանայ լիճին մէջ արաբներուն դէմ վերջնական յաղթանակը կը տանի, եւ անկէ ետք արաբները այլեւս չեն համարձակիր յարձակիլ Հայաստանի վրայ:
Մեկնելով «Աշոտ Երկաթ» պատմավէպին դիպաշարէն` մենք կը տեսնենք այն անքակտելի կապը, որ գոյութիւն ունի հայ ուխտեալ, ժողովրդանուէր քաղաքական ղեկավարութեան, ժողովուրդին համեստ խաւերուն եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ, հայութիւնը տագնապեցնող մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու առումով: Եւ այս եռամիասնութիւնը ճիշդ ու այժմէական է բոլոր ժամանակներուն, մասնաւորաբար` ազգային-ազատագրական պայքարի ժամանակ: Մնալով նոյն` ազգային-ազատագրական պայքարի շրջագիծին մէջ, կը նկատենք այս պատմավէպին գործողութիւններուն ընթացքէն, թէ ինչպէ՛ս Բագրատ Այվազեանց լռելեայն նմանութիւններ ցոյց կու տայ 10-րդ դարու սկզբնաւորութեան եւ 19-րդ դարու վերջի ու 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ազգային-ազատագրական պայքարներուն միջեւ: Եւ բնականաբար ճիշդ ասոր մէջ է, որ կը կայանայ «Աշոտ Երկաթ» պատմավէպին պատգամին այժմէականութիւնը: