Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմութեան Շարունակականութիւնը

Մարտ 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ

«Ես թուրքիացի եմ, քաղաքացին Թուրքիոյ Հանրապետութեան: Երկրորդ` հայ եմ: Առաւել եւս,Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան մէկ մասնիկը ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած հայկական սփիւռքին բարոյական մէկ մասնիկն եմ,անոնց ցեղակիցն եմ»:

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ

Պատմութիւնը հայունն է: Այս պարագային` Թուրքիոյ հայուն, եւ երեւի` պոլսահայ իրականութեան: Եւ ասիկա հայուն հարուստ պատմութիւններէն մէկն է` նկատի ունենալով, որ հայկական Պոլիսը որքա՛ն մեծ աւանդ ստեղծած է հայկական գրական, մշակութային, կրթական եւ ազգային ժառանգութեան մէջ:

Պոլիս, 12-17 յունուար 2020: Հայկական Պոլիսը այնքան «լեցուն» է, որ ձանձրանալու ժամանակ չկայ: Ի՛նչ խօսք, որ նոյնքան նաեւ կարելի չէ յագենալ անկէ: Անկախ` թէ որքա՛ն յաճախականութեամբ է, որ այցելած ես այդտեղ, բայց միշտ «հարստութիւն» մը կայ հոն եւ հայկական շունչ, որ պիտի ուզես տեսնել եւ ընկալել:

Բերայի հայ աւետարանական եկեղեցին առաջին հայ աւետարանական եկեղեցին է, որ հիմնուեցաւ նոյն շարժումի ստեղծումէն անմիջապէս ետք` յուլիս 1846-ին, Պոլիս: Եկեղեցին կը պահէ իր հին եւ երբեմնի կառոյցը, ինչպէս որ հիմնուած էր: Այս իմաստով, կ՛ապրիս պատմութիւնը իր ամբողջութեան մէջ: Եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն թիւը նուազած է գաղթի ու ճամբորդութիւններու պատճառով, բայց կայ տակաւին առաքելութեան կառչելու յանձնառութիւնը: Սոնա Էօզբենպէ եկեղեցւոյ քարոզիչն է: Եթէ պաշտամունքը երկլեզու է` հայերէն եւ թուրքերէն, բայց, ի՛նչ խօսք, որ հոգին հոն է… հայութեան մէջ: Ունին կարօտը հաղորդակցութեան, եւ ի մասնաւորի` դուրսի գաղութներուն հետ: Կրնայի տեսնել, թէ իմ այցելութիւնս քաջալերանք է, բայց նաեւ` կորով տալու փորձ, որ իրենք մինակ չեն:

Հրանդ Տինքի «Յիշատակի տունը» եւ իր «Ակօս» թերթի նախկին գրասենեակին մէջ զգացական, բայց նաեւ վաւերական պատմութիւն է: Արդէն շէնքի մուտքին` գետինը, կայ յիշատակի գրութիւն մը, թէ` «Այստեղ սպաննուեցաւ Հրանդ Տինքը»: Եւ իւրաքանչիւր նկար, խօսք, գրութիւն եւ վաւերագրական ժապաւէն` Հրանդ Տինքի մասին, պատմութիւնն է հայուն, որ պայքարած է իր ինքնութեան եւ արժանահաւատութեան համար: Հրանդ կը գիտակցի, որ երկրին քաղաքացին է` «քաղաքացին Թուրքիոյ Հանրապետութեան», բայց գիտէ նաեւ, որ ինք « հայ է»: Այն հայը, որ անջատուած չէ իր հայրենիքէն եւ ո՛չ ալ իր ցեղակիցներէն, որոնք աշխարհով մէկ տարածուած են: «Միաժամանակ Հայաստանի եւ աշխարհատարած սփիւռքի բարոյական մէկ մասնիկն եմ,անոնց ցեղակիցը»:

Դարձեալ կը մտածես: Հայ ենք`տարածուած աշխարհով մէկ: Եւ այս ալ մեր պատմութեան պարտադրած իրավիճակն է: Տարբեր ենք եւ եղանք, բայց օտար չենք, որովհետեւ մեր հայկական ինքնութիւնը մեզ վերածած է «մէկ մասնիկ»-ի: «Ցեղակից»-ի:

Կեդրոնական վարժարանին մէջ եմ: Կրթական օճախ մը, որ պատրաստած է հայ ժողովուրդի մտաւորական, գրող, մանկավարժ եւ ազգային ու հասարակական շատ մը գործիչներ: Չուշացաւ իմ փափաքս` յայտնելու տնօրէն Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանին, որ դարձեալ կ՛ուզեմ տեսնել դպրոցին սրահը: Հոն են մեր բոլոր «մեծերը»: Իրենց նկարներով: Բայց նաեւ հոն են անոնց հոգին ու շունչը, որոնք ապրած են ու տակաւին կ՛ապրեցնեն: Ինչպէս նաեւ` մշակութային-գրական այն մեծ ժառանգութիւնը, որ ձգեցին մեզի`իւրաքանչիւր հայուն: Երուխանը, Միսաք Մեծարենցը,Արամ Հայկազը, Արշակ Չօպանեանը` բոլորը… Բայց սրահին անկիւնը մասունքի մը նման պահուած է Կոմիտաս վարդապետին դաշնակը: «Մեծ հանդիսութեամբ յիշատակեցինք Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը», ըսաւ Սիլվան:

Նաթալի Պաղտատը, Տիանա Պուլտուքը եւ Մուրազ Սարանկիլը  Կեդրոնական վարժարանին մէջ հայերէնի ուսուցիչներն են: Երեքն ալ` երիտասարդ հայորդիներ, որոնք մեծագոյն  նուիրուածութեամբ կը սորվեցնեն մայրենին: Քաջալերական էր տեսնել, որ երիտասարդ ուժեր ստանձնած են մայրենիով դաստիարակութիւնը: Խօսեցանք մայրենիի դասաւանդումին եւ հայոց լեզուի խօսակցութեան նահանջին ու հայապահպանումին եւ տակաւին տարբեր մարտահրաւէրներու մասին` Թուրքիոյ իրականութիւններուն լոյսին տակ: Յստակ  է, որ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը ունի իւրայատկութիւններ: Եւ ճիշդ չէ Թուրքիոյ հայկական իրականութեան նայիլ մեր արտաքին աշխարհի ըմբռնումներէն եւ պրիսմակէն: Տարբեր է շատ բան: Կեանքը, մթնոլորտը, կացութիւնը, պայմանները, տուեալները եւ տակաւին` քաղաքական-ընկերային կարգավիճակները: Խօսեցանք այս բոլոր երեւոյթներուն մասին: Բայց այդ բոլոր իւրայատկութիւններուն եւ տարբերութիւններուն մէջէն Նաթալին էր, որ իր երիտասարդ վճռական հայեացքով դրաւ իր համոզումը. «Բայց հայ ենք»:

«Հայ մամուլէն մինչեւ այսօր տակաւին չեմ կշտացած»:

Ռոպէր Հատտէճեանը ունի երկար տարիներու վաստակ` իբրեւ խմբագիր, գրող ու հրապարակագիր` «Մարմարա»-ի: «Արդէն իննսուն տարիքը անցայ,- ըսաւ ան: – Ֆիզիքականս ատենը մէյ մը կը յիշեցնէ իմ տարիքս», ժպիտը իր դէմքին եւ ուրախ տրամադրութեամբ մը շարունակեց իր զրոյցը:

Ռոպէր Հատտէճեանը շատ երկար ճամբայ կտրած է հայ մամուլի եւ հրապարակագրութեան առաքելութեան մէջ: Շատ ապրած եւ տեսած է…Բայց մանաւանդ ականատես եղած է թուրքահայ իրականութեան եւ անոր բոլոր մտահոգութիւններուն: Ան կը գիտակցի, որ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը դիւրին չէ: Բայց «կարելի է միտքդ եւ մտահոգութիւնդ տարբեր ձեւերով արտայայտել ու վերջաւորութեան ըսել այն, ինչ որ կ՛ուզէիր ըսել», ըսաւ ան` նոյն ժպիտը եւ ուրախ տրամադրութիւնը դէմքին վրայ: Ռոպէր Հատտէճեան հաղորդական մարդ է, եւ իր հաղորդականութեան մէջ շատ բան կայ սորվելիք: Պէտք է սորվիլ մեր երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն փորձառութենէն եւ անոնց տեսադաշտերէն:

Արա Գոչունեանը երիտասարդ հայ մտաւորական-խմբագիր է, որ լաւապէս կը դրսեւորէ նոր սերունդի եւ ազգային ինքնութեան ու առաքելութեան կառչելու գիտակցութիւնը: Ան ժառանգորդն է հայկական օրաթերթի մը`«Ժամանակ»-ին եւ անոր աւելի քան հարիւր տարիներու աւանդին, օրաթերթ մը, որ մեծ ներդրում ունեցած է հայկական մամուլի եւ հրապարակագրութեան պատմութեան մէջ`Թուրքիա եւ աշխարհով մէկ: Եւ Արային համար եթէ կան մարտահրաւէրներ, բայց հայ ինքնութիւնը եւ անոր պատմութեան շարունակականութիւնը վեր են ամէն տեսակի հաշուարկէ եւ գրաւականէ: Այս իմաստով, Արան կեցած է ամուր պատնէշի վրայ:

«Հայ կաթողիկէ համայնքը կը հաշուէ մօտաւորապէս երկու հազար հինգ հարիւր մարդ»: Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանն է Թուրքիոյ մէջ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը: «Մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ», ըսաւ ան: Գերապայծառը ծանօթ կղերական է, բայց նաեւ մտաւորական մարդ, որուն իմաստասիրական-փիլիսոփայական ու աստուածաբանական վաստակը մեծ է: Կրթական գործին կառչած է եւ կը հաւատայ հայ դպրոցին առաքելութեան` Թուրքիոյ մէջ թէ այլուր: Հայ կաթողիկէ համայնքը Թուրքիոյ մէջ ունի պատմութիւն` միջին դարերէն սկսեալ: Եւ գերապայծառը այդ նոյն պատմութեան շարունակականութեան հաւատացողն է ու կառչած` անոր առաքելութեան:

«Այս հիւանդանոցը քաղաքին լաւագոյններէն է»: Թուրք վարորդն էր, որ զիս Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցէն հասցուց պանդոկ: « Հայկական է եւ բժշկական շատ լաւ կարելիութիւններ ունի», եզրակացուց ան, երբ ինքնաշարժէն վար իջայ:

Սուրբ Փրկիչը միայն հիւանդանոց չէ: Անիկա պատմութիւն է, որ տակաւին կ՛ապրի եւ կը վկայէ: Թանգարանը, եկեղեցին, բժշկական սարքաւորումները, տարեցներու պատսպարանը եւ տակաւին` գեղեցիկ պարտէզները: Հայուն պատմութիւնը կերտած բոլոր հայ պէյերը եւ ամիրաները իրենց նկարներով կը լեցնեն հայու հոգին: Կը նայիս իւրաքանչիւր նկարին եւ կրնաս տեսնել անոնց տեսիլքը, բայց մանաւանդ` անոնց հաւատքը: Հաւատքը` հայուն պատմութեան: Հայու կեանքը ապրելու, գոյատեւելու եւ անոր պատմութեան շարունակականութեան: 1830  թուականին հիմնուած, բայց եւ այնպէս ամուր կառչած` կը շարունակէ այս հիւանդանոցը` կերտելու համար հայուն պատմութիւնը:

Հայուն պատմութիւնը: Իմ եւ մեր իւրաքանչիւրին պատմութիւնը: Կը փորձեմ ապրիլ Հրանդ Տինքի «Յիշատակի տուն»-ը: Ինք չկայ: Բայց կայ իր «տուն»-ը`իր կեանքը: Իր ապրած իւրաքանչիւր  փորձառութիւնը, որ կերտած է պատմութիւնը…Հայուն պատմութիւնը:

Եթէ Հրանդ Թուրքիոյ քաղաքացին է,ես ալ Լիբանանի եւ Կիպրոսի քաղաքացին եմ: Եւ չեմ ալ գիտեր, թէ իմ երկրային կեանքիս մէջ պիտի ստանա՞մ երրորդ քաղաքացիութիւն:

Բայց կը շարունակեմ: Եւ Հրանդը`« Հայ եմ…»: Ու տակաւին Նաթալին` «Բայց հայ եմ…»: Եւ իւրաքանչիւր պատմութիւն, որ տեսայ եւ ապրեցայ Պոլսոյ մէջ… «Հայ եւ հայկական էր»:

Եւ եթէ տակաւին լիբանանցի ու կիպրացի եմ, բայց «հայ եմ», եւ բոլորս հայ ենք: Եւ մեր բոլոր «տարբերութիւններուն» մէջէն` «օտար» չենք: Այլ բոլորս ալ «Հայաստանի ու Արցախի եւ աշխատարած հայկական սփիւռքի բարոյական մէկ մասնիկն ենք, ցեղակից ենք»:

Եւ այս «մասնիկ»-ը` «ցեղակցութիւն»-ը, իմ-մեր եւ հայուն պատմութիւնն է, որ կը շարունակուի եւ պիտի…

Հայկական մտահոգութիւնները շատ են: Մարտահրաւէրները` բաւական: Պոլիս ու տակաւին քիչ մը ամբողջ հայկական իրականութեան մէջ:

Բայց կայ պատմութեան շարունակականութիւնը: Իմ եւ իւրաքանչիւր հայու պատմութեան շարունակականութիւնն է: Եւ պիտի շարունակուի, որովհետեւ…

Բոլորս հայ ենք:

Պոլիս եւ աշխարհով մէկ:

Եւ հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը կը յաջողի, երբ բոլորս կը շարունակենք ապրիլ գիտակցութիւնը,

Որ` «հայ ենք…»:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Բարին, Գեղեցիկը Եւ… Ճշմարիտը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?