Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Անամօթ Առաջարկէ Մը Աւելին

March 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է Տէր Զօրի մէջ քարիւղի դաշտերը փոխադարձաբար կառավարել` աւելցնելով, որ Փութին այդ առաջարկը կը սերտէ, «եւ կրնանք նոյնպիսի առաջարկ մը ներկայացնել Թրամփին»: Փութին այս առաջարկը լսելէ ետք, արդեօք ինչպիսի՞ նայուածք մը ուղղեց իր թուրք պաշտօնակիցին:

Այս լուրը կարդալէ ետք կարելի չէ հարց չտալ. «Այս բոլորին մէջ ո՞ւր է Սուրիան` այդ դաշտերուն օրինական սեփականատէրը»: Էրտողան այդ բնական հարստութիւնը ասոր անոր կ՛առաջարկէ, կարծէք իր «պապուն մալը» ըլլար. թերեւս ալ համոզուած է, որ այդպիսին են` նկատի ունենալով իր դաւանած նոր օսմանական վարդապետութիւնը: Ուրեմն Օսմանեան կայսրութենէն իրեն ժառանգ մնացած Տէր Զօրի քարիւղի հանքե՞րն է, որ կ՛առաջարկէ Փութինին եւ Թրամփին: Անշուշտ ոչ, որովհետեւ Սուրիոյ այդ նահանգի քարիւղի դաշտերուն մէկ մասը արդէն կը գտնուի Ռուսիոյ դաշնակից Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ, իսկ միւս մասը` Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ, ուստի ինչո՞ւ այդ մեծ տէրութիւնները պիտի ընդունին «շնորհաբաշխ ու առատաձեռն սուլթանին» այս «պարգեւ»-առաջարկը, ինչո՞ւ պիտի զիջին:

Հաւանաբար Էրտողան իր կատարած առաջարկին մէկ մասն է, որ կը ներկայացնէ: Կարելի է ենթադրել, որ նաեւ առաջարկած ըլլայ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ այդ անջատ զիջումներուն դիմաց թրքական կողմին վճարելիք գինը կամ առնուազն պատրաստակամութիւն յայտնած գին մը վճարելու, եւ Փութին այս երկմասանի առաջարկն է, որ կը սերտէ, եւ ոչ միայն առաջին մասը, որուն պատասխանը` կտրուկ «ոչ»-ը կրնար տեղն ու տեղը տալ: Սակայն այստեղ եւս ահազանգի մը նման զիլ կերպով կը հնչէ միեւնոյն հարցումը` այս բոլորին մէջ ո՞ւր է Սուրիան:

Այսպիսի գործարք մը անուղղակի կերպով կը նշանակէ Սուրիոյ մասնատումը, զոր շարունակ ու հրապարակաւ կը մերժեն առնչակից երեք կողմերը` Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան: Էրտողանի անամօթ առաջարկը կը հաստատէ Թուրքիոյ կողմէ հնչած այդ հաւաստումներուն եւ Սուրիոյ մէջ որեւէ ախորժակ չունենալու մասին յայտարարութիւններուն ստայօդ ըլլալը: Ատիկա առաջարկ մը ըլլալէն աւելի խոստովանութիւն մըն է:

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.