Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Դռնանցքը Եւ Միացեալ Նահանգների Ռազմավարական Կարճատեսութիւնը

March 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Մեծապետական դիտանկիւնէն, ներկայ Հայաստանը իր փոքր հողատարածքով եւ փոքրաթիւ բնակչութեամբ քաղաքական թէ տնտեսական յատուկ շահեկանութիւն չի ներկայացներ կովկասեան տարածաշրջանի մէջ գործելու յաւակնութիւն ցուցաբերող մեծ ուժերուն` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն (Միացեալ Նահանգներ), Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան, Չինաստանին, Թուրքիոյ կամ Իրանին: Շահեկանութեան իմաստով նոյնանման վիճակ կը պարզեն նաեւ Հայաստանի հարեւան միւս երկու երկիրները` Վրաստան եւ Ազրպէյճան, եթէ պահ մը զանց առնենք վերջինին քարիւղի պաշարները:

Հաւաքաբար Հարաւային Կովկասի երեք անկախ հանրապետութիւնները, շուրջ 18 միլիոն բնակչութեամբ եւ 71 հազար քառակուսի մղոն տարածութեամբ, չեն կրնար կարեւորութեան յաւակնութիւնը ունենալ: Սակայն անոնց աշխարհագրական դիրքը կը գերակշռէ` աշխարհաքաղաքական հասկացողութեամբ: Այս շրջանը կը գտնուի միջցամաքային այն ուղիներուն վրայ, որոնք արտաքին ուժերուն համար կը հարթեն ճանապարհները` հիւսիսէն հարաւ, արեւմուտքէն արեւելք եւ հակադարձաբար: Այս տարածաշրջանը ռազմավարական արժէք կը ներկայացնէ բոլոր այն ուժերուն համար, որոնք շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ կը ձգտին պահպանելու եւ տարածելու իրենց ապահովական շահերը:

Իր զինուորական ուժի տարողութեամբ, տնտեսական կարողութիւններով եւ արհեստագիտական կարողականութիւններով Միացեալ Նահանգները կովկասեան տարածաշրջանին մէջ գործող գերտէրութիւնն է: Հայաստան նոյն տարածաշրջանի մէջ միջցամաքային ուղիներու վրայ գտնուող փոքրագոյն երկիրն է: Սակայն, հակառակ ուժանիւթային պաշարներու աղքատութեան եւ տնտեսական մեծ շուկայի մը բացակայութեան, Հայաստան ունի աշխարհաքաղաքական որոշ յաւելեալ տուեալներ, որոնք պէտք է շահագրգռութեան առանցքը դառնան Միացեալ Նահանգների ռազմաքաղաքական հաշուարկներուն մէջ: Հայաստան նաեւ ունի իր ամերիկեան եւ արեւմտեան սփիւռքները, որոնք ունին որոշ լծակներ` Միացեալ Նահանգների վարքագծային ուղղութիւններուն վրայ ճնշելու կարողականութեան իմաստով:

Խորհրդային Միութեան փլուզումով աշխարհակարգի միաբեւեռ դրութեան պայմանները կարելի դարձուցին կովկասեան տարածաշրջանէն ներս ամերիկեան քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական նպատակներու զարգացումը եւ այդ գծով` ամերիկեան ազդեցութեան տարածումը: Սակայն պէտք է նկատել, որ նախապէս Միացեալ Նահանգներ քաղաքական թէ ռազմավարական շահագրգռութիւն չէր ցուցաբերած տարածաշրջանին նկատմամբ` խորհրդային բռնապետութեան առկայութեան հասկնալի պատճառներով:

Հետեւաբար Միացեալ Նահանգների ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ այս տարածաշրջանի եւ յատկապէս Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի ռազմավարական արժէքը աստիճանաբար զարգացաւ: Յաջորդող երեք տարիներուն, աշխարհաքաղաքական տուեալներու նոր անդրադարձներու լոյսին տակ, Հարաւային Կովկասը սկսաւ նկատուելու ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքային տարրերէն մէկը:

Ամերիկայի Ռազմավարական Շահերը

Պատմականօրէն եւ յատկապէս խորհրդային շրջանին Հարաւային Կովկասը, ինչպէս նշուեցաւ, ամերիկեան ռազմավարական հաշուարկներուն մէջ յատկանշական տեղ չէր գրաւած: Այս անտեսումը սկսաւ փոփոխութեան ենթարկուիլ 1991-էն ետք, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզումով տարածաշրջանի երկիրները հերթաբար վերածուեցան անկախ հանրապետութիւններու: Սկզբնական շրջանին Միացեալ Նահանգների համար վարքագծային սկզբունք էր` զօրակցիլ նորանկախ հանրապետութիւններու անկախութեան հաստատման, ժողովրդավարացման, ազատ շուկայական դրութեան ստեղծման եւ եւրոատլանտեան կառոյցներուն մէջ անոնց համարկման: Այլապէս, բացի նշեալ թիրախներէն, Ուաշինկթընի համար շրջանէն ներս ապահովական հիմնական այլ շահեր նկատառելի չէին: Միացեալ Նահանգներ այս մօտեցումը լիովին կ՛ընդգրկէր նաեւ Հայաստանի պարագան, մէկ յաւելումով, որ, շնորհիւ ամերիկահայութեան ակնկալութիւններուն ու յատկապէս Հայ դատի յանձնախումբի ճիգերուն, Միացեալ Նահանգների վարքագծին մէջ ներառուեցան Հայաստանի համար տնտեսական եւ մարդասիրական օժանդակութեան նկատառումները:

Ռազմավարական հասկացողութեան ամերիկեան պաշտօնական առաջին շահագրգռութիւնը ի յայտ եկաւ 1994-ին, երբ Միացեալ Նահանգների պաշտպանութեան նախարարութիւնը առանձնացուց Հարաւային Կովկասը` իբրեւ ռազմավարական արժէքով կարեւոր շրջան, որ կարողականութիւնը ունի վերածուելու Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի միջեւ հաստատուած անկախ ու արեւմտամէտ պետութիւններու գօտիի: Այսուհանդերձ, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեալ անդրադարձումը այդ օրերուն վարքագծային մակարդակի չհասաւ: Պէտք էր սպասել տարի մը եւս, երբ կասպեան քարիւղի պահեստներու փաստն ու անոնց արտահանման կարելիութիւնները Միացեալ Նահանգների ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին Հարաւային Կովկասի վրայ:

Ա.- Կասպեան քարիւղը եւ Արցախը: Ուժանիւթի քաղաքականութիւնը գլխաւոր մղիչը հանդիսացաւ շրջանէն ներս ամերիկեան շահագրգռութեան: Ասով հանդերձ, շրջանին նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան մշակման մէջ ռազմավարական հարցերը տակաւին գլխաւոր նկատառումներ չէին: Ամէն պարագայի, շնորհիւ քարիւղի ընդարձակ պահեստներու փաստին եւ շրջանին մէջ արդէն իսկ կայք հաստատած ամերիկեան քարիւղի ընկերութիւններու զգալի ներկայութեան, Միացեալ Նահանգներ սկսաւ նշանակալից նեցուկ տրամադրել կասպեան ուժանիւթի աղբիւրներու զարգացման:

Հետաքրքրական այս նոր մօտեցումը գլխաւոր երեք մղումներ ունէր: Առաջին` ուժանիւթի արտադրութեան դերը շրջանի պետութիւններու գերիշխանութեան ամրապնդման մէջ: Երկրորդ` քարիւղի ամերիկեան ընկերութիւններու շահերուն ապահովումը: Եւ երրորդ` կասպեան քարիւղը իբրեւ արտամիջինարեւելեան ուժանիւթի կարեւոր աղբիւր: Այս երեք տուեալներու հիմամբ, Ամերիկան մշակեց «բազմապատիկ քարիւղատարներ» կառուցելու տեսութիւնը, որուն թիրախն էր զլանալ որեւէ շրջանային ուժի, յատկապէս` Ռուսիոյ, կասպեան քարիւղի` միջազգային շուկաներ փոխադրութեան մենաշնորհը: Յստակ էր, որ այս թիրախը միաժամանակ հետամուտ էր նսեմացնելու շրջանէն ներս Ռուսիոյ տարածած ազդեցութիւնը: Բազմապատիկ քարիւղատարներու քաղաքականութեան առաջին պսակումը հանդիսացաւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարին կառուցումը:

Շրջանէն ներս ամերիկեան նոր շահագրգռութիւնը հեզասահ ընթացք չունեցաւ: Առաջին` Հայաստանը եւս նպաստաւորելու նպատակադրեալ մերժումի քաղաքականութիւնը, որ փորձուեցաւ իրականացնել Հայաստանը շրջանցող ճանապարհներով, հանդիսացաւ աւելի ծախսալից եւ բարդ: Երկրորդ` տարածաշրջանի անհակակշռելի նկարագիրը դժուարին խնդիրներ յարուցեց Միացեալ Նահանգների ռազմավարութեան համար: Երրորդ, եւ հաւանաբար կարեւորագոյնը, Լեռնային Ղարաբաղի հարցն էր, որ մէկ կողմէ պատերազմական վիճակ յառաջացուցած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, իսկ միւս կողմէ` Հայաստանը ենթարկած էր Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ ամբողջական շրջափակման: Այս կացութեան պատճառով յառաջացած շրջանային անկայունութիւնը կը սպառնար կասպեան քարիւղի շահարկման ծրագիրներուն: Միաժամանակ այս կացութիւնը նաեւ կը խոչընդոտէր շրջանի երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոն զարգացումը:

Արցախի հարցին պատճառով ամերիկեան քաղաքականութեան դիմակալած դժուարութիւնները հաւանաբար աւելի դիւրութեամբ հարթուէին, եթէ Ազրպէյճան յաղթական կողմը հանդիսանար: Այս իմաստով, հայկական կողմի յաղթանակը կենսական երաշխիք մըն էր Հայաստանի ազգային շահերու վնասազերծման տեսակէտէն: Այս երաշխիքին վրայ պէտք է աւելցնել 1992-ին Միացեալ Նահանգներ Քոնկրեսի որդեգրած ազատութեան զօրակցութեան օրէնքի 907-րդ պարբերութիւնը, որ մինչեւ 2002 թուականը արգիլեց Միացեալ Նահանգների կողմէ Ազրպէյճանին համար որեւէ ձեւի պաշտօնական օժանդակութիւն: Այս պարբերութեան արժէքը այն է, որ 1992- 2002 երկարող տագնապալի ժամանակաշրջանին ան խափանեց տարածաշրջանէն ներս Միացեալ Նահանգների հաւանական ազերիանպաստ քայլերը: Այս առումով, միշտ ուսանելի պէտք է ըլլայ 907-րդ պարբերութեան դասը, որ կ՛ապացուցէ Միացեալ Նահանգների քաղաքական վարքագիծին վրայ ամերիկահայութեան ազդեցութեան կարողականութիւնը:

Բ.- Անվտանգութեան գերակայութիւնը` Կեդրոնական Ասիա, Միջին Արեւելք, Չինաստան եւ Իրան: Ամերիկեան հողատարածքին վրայ կատարուած 2001-ի սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչական արարքները ռազմավարական նոր արժեւորումի ենթարկեցին Միացեալ Նահանգների արտաքին քաղաքական վարքագիծը` գերակայելով Միացեալ Նահանգների անվտանգութեան ապահովումը հակականխիչ (preemptive) եւ կանխարգելիչ (preventive) ռազմական գործողութիւններով:

Միջազգային ահաբեկչութեան եւ յատկապէս Աֆղանիստանի դէմ շղթայազերծուելիք պատերազմի ամերիկեան ծրագրումներուն մէջ ռազմավարական հիմնական կարեւորութիւն ստացան նախկին Խորհրդային Միութեան հարաւային շրջանները:Ասիոյ սրտին մէջ կայանալիք պատերազմի յաջողութեան համար անփոխարինելի կռուաններ էին Կեդրոնական Ասիոյ հինգ երկիրներն ու Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւնները:

Երկրորդ, ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ, Հարաւային Կովկասի ռազմավարական արժէքը նաեւ քարիւղի փոխադրութեան քաղաքականութիւնն էր: Կասպեան քարիւղի ու Կեդրոնական Ասիոյ բնական կազի դէպի Արեւմուտք եւ Իրան փոխադրութեան դիտանկիւնէն, Միացեալ Նահանգների համար կենսական արժէք կը ներկայացնէ Հարաւային Կովկասը:

Երրորդ` Միջին Արեւելքի քաղաքական հեռանկարներու որոշման բնագաւառներուն մէջ նկատառելի էր Հարաւային Կովկասի ռազմավարական կարեւորութիւնը: Միջին Արեւելքի մէջ իր քաղաքական հեռանկարներու իրագործման կապակցութեամբ, Ամերիկան սկսաւ նկատի առնել Հարաւային Կովկասի աշխարհագրական մերձակայութեան ընձեռած կարելիութիւնները:

Չորրորդ` աստիճանաբար զարգացաւ նաեւ միջցամաքային ուղիներուն Չինաստանի հասանելիութեան կարելիութիւնը:

Միացեալ Նահանգների համար նման կարելիութեան մը հակակշռումը սեփական անվտանգութեան խնդիր է: Այսպիսի հակակշռումի բանալին Հարաւային Կովկասի տարածքի աշխարհաքաղաքական դրուածքին մէջ է:

Հինգերորդ` Իրանը իր հազարամեայ պատմութեամբ եւ կառոյցներով թիրախը դարձաւ Միացեալ Նահանգների նոր պահպանողականութեան գաղափարախօսական վարքագիծին: Միջինարեւելեան ռազմադաշտէն անդին` Միացեալ Նահանգների վարքագիծի հեղինակները ակնկալութիւնը ունեցան Իրանը հարուածելու անոր հազարամեայ հարեւաններուն միջոցով, այս պարագային` Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռքով:

Այսուհանդերձ, հարցը այն է, թէ Միացեալ Նահանգներն որքանո՞վ կարողացան կամ կամեցան աշխարհաքաղաքական ռազմավարութիւն զարգացնել ու գործադրել` հիմնուելով տարածաշրջանի երեք երկիրներու ներկայացուցած աշխարհագրական կարեւորութեան վրայ: Պատասխանը այն է, որ Միացեալ Նահանգները աստիճանաբար հեռացաւ աշխարհաքաղաքական իրականութենէն: Ան անտեսեց տարածաշրջանը` իբրեւ աշխարհաքաղաքական դերակատար, եւ երեք հանրապետութիւնները նկատեց քաղաքականօրէն շահագործելի ժամանակաւոր իրեր` ընդդէմ իր (Միացեալ Նահանգների) ճշդած թիրախներուն:

Միացեալ Նահանգների նեցուկն ու աջակցութիւնը վայելող «գունաւոր յեղափոխութիւնները» լաւագոյն ապացոյցն են տարածաշրջանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգների աշխարհաքաղաքական հեռատեսութեան պակասին: Ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան հաստատման ձեւականութեան շղարշի ետին, այս «յեղափոխութիւնները» ամերիկեան շահերուն սպասարկելու կոչուած պետական հարուածներ էին: Շուտով փաստուեցաւ, որ իշխանութեան տիրացած «յեղափոխականները» աւելի բռնատիրական դարձան, յար եւ նման` իրենց կողմէ փոխարինուած իշխանաւորներուն:

Ազրպէյճանին խնայուեցաւ «գունաւոր յեղափոխութիւն» մը, որովհետեւ այս երկիրը ոգի ի բռին լծուած էր Միացեալ Նահանգների քաղաքական կառքին: Վրաստանի մէջ «գունաւոր յեղափոխութիւնը» իշխանութեան բերաւ իշխող դասակարգ մը, որ շուտով դրսեւորեց իր մենատիրական ձգտումները, սակայն` պահելով իր ամերիկեան արեւելումը: Ռուսիան չհանդուրժեց իր մերձակայութեան մէջ կատարուող ամերիկեան ոտնձգութիւնը` ճզմելով անոր հեղինակները: Միացեալ Նահանգները նոյնիսկ իր ճկոյթ մատը չշարժեցին օգնելու համար իր իսկ ջանքերով իշխանութեան հասած «յեղափոխականներուն»:

Հայաստանի պարագային, առնուազն երեք անգամ փորձը կատարուեցաւ «գունաւոր յեղափոխութեան», որ յաջողութիւն գտաւ 2018-ին ծայր առած ժողովրդական շարժումով:

Միացեալ Նահանգների համար տարածաշրջանի «գունաւոր յեղափոխութիւնները» աշխարհաքաղաքական ոչ մէկ նկատառում կը ներկայացնեն: Անոնք պարզապէս շահագործելի իշխանափոխութիւններ են` ընդդէմ Միացեալ Նահանգների ճշդած թիրախին, որ այս պարագային գլխաւորաբար Ռուսիան է:

Հայաստանի մէջ կատարուած իշխանափոխութիւնը ամէնէն վտանգաւորն է` հայութեան ազգային շահերու եւ ապագայի տեսանկիւնէն: Հայաստանի իշխանաւորներու ձեռամբ Միացեալ Նահանգներ հետամուտ է երեք նպատակներու.

Ա.- Արցախեան հարցի ազերիանպաստ կարգաւորում,

Բ.- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջնական հաշտեցում` առանց հայկական կողմի հողային պահանջներու գոհացման,

Գ.- Հայաստանի գործօն մասնակցութիւն` Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգների շղթայազերծած քաղաքական եւ տնտեսական պատերազմին:

Փաստօրէն իր ռազմավարական հաշուարկներուն մէջ Միացեալ Նահանգներ անտեսումի կ՛ենթարկեն Հայաստանի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը եւ կը կեդրոնանայ այս երկրի շահագործման վրայ` ի գին հայութեան ազգային շահերուն: Այս իմաստով, Հայաստան զոհն է Միացեալ Նահանգների արտաքին գործոց նախարարութեան ազգային անվտանգութեան մասնագէտներուն մօտ կէս դարէ աւելի արմատացած «խմբային մտայնութեան» (group think), որուն մեջ Հայաստանը եւ հայութիւնը կը դիտուին Թուրքիոյ ռազմավարական ակնոցներով:

Բայց Հայաստան Հարաւային Կովկասի կարեւոր դռնանցքն է, որուն արժէքն ու կարեւորութիւնը պէտք է ներմուծել Միացեալ Նահանգների անվտանգութեան մտածողութեան մէջ:

Այս մասին յաջորդով:

«Դրօշակ»
Փետրուար 2020

Յօդուածագիրը իրաւաբան է: 1989-92 տարիներուն վարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը: Այժմ կ՛ապրի Լոս Անճելըս):

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Կը Բաւէ՛ Քայիտայի Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Ահաբեկիչները Ազատամարտիկ Կոչէք»

Յաջորդը

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալգլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.