ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
5 մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ վեհաժողովը, որուն աւարտին գոյացաւ փոխհասկացողութեան փաստաթուղթ մը, որ կը շեշտէր, թէ պէտք է «վնասազերծել Իտլիպի մէջ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք ներառուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ցուցակին վրայ», սակայն չէր նշեր, թէ ճիշդ ո՛վ պէտք է ստանձնէ այդ պարտաւորութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մէկ օր ետք եկաւ յստակացնելու, թէ «ահաբեկչական զինեալներուն վերջ տալը… նախ եւ առաջ պէտք է կատարուի սուրիացիներուն եւ սուրիական զինեալ ուժերուն, ինչպէս նաեւ օրինական կերպով եւ սուրիական իշխանութիւններուն հետ գործակցող ուժերուն ու երկիրներուն կողմէ», այլ խօսքով` Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հըզպալլայի կողմէ: «Ասիկա սկզբունքային կեցուածք մըն է, որ չէ փոխուած», ընդգծեց Զախարովա:
Ռուսական կողմը Մոսկուայի մէջ Փութին-Էրտողան վեհաժողովի ընթացքին չբաւարարեց սուրիական բանակը «Սոչիի համաձայնութեան սահմաններ» վերադարձնելու թրքական կողմին պահանջը, սակայն նաեւ սուրիական ուժերու պաշարման տակ գտնուող թրքական ուժերու տեղափոխումը չապահովեց:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահն ու պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեցին, որ թրքական ուժերը իրաւունք ունին հակադարձելու, եթէ թրքական հսկողութեան կէտերն ու թուրք զինուորները յարձակումի ենթարկուին:
Աւելի՛ն, Էրտողան կը թուի այն տպաւորութեան տակ ըլլալ, թէ Թուրքիան որեւէ պարտաւորութիւն չունի, այլ` միայն հակառակորդ կողմը: Այդ մասին կը վկայէ անոր` վեհաժողովի ընթացքին Թուրքիոյ տրամադրուած խոստումներուն մասին ակնարկն ու անոնց չյարգուելուն պարագային իր երկրին «Իտլիպի մէջ «Գարնան վահան» գործողութեան շրջանը իր սեփական ձեւով մաքրագործելու իրաւունքը պահելուն մասին յայտարարութիւնը:
Թրքական ուժերուն սուրիական բանակին ու անոր դաշնակիցներուն կողմէ մաքրագործուելիք ահաբեկիչներուն շարքերուն մէջ գտնուելու իրողութեան պայմաններուն մէջ թրքական բանակէն զոհերու արձանագրումը կը դառնայ անխուսափելի, ուստի եւ ներկայ զինադադարը` խիստ ժամանակաւոր:
Ժամանակաւոր է նաեւ այն պատճառով, որ ռուսական կողմը կը թուի որդեգրած ըլլալ Թուրքիան Սուրիայէն փուլ առ փուլ դուրս մղելու մարտավարութիւն մը: Մոսկուան աճապարուած չէ. ան որդեգրած է սուրիական ուժերու որոշակի յառաջխաղացքէն ետք զինադադար հաստատելու, ապա որոշ ժամանակ ետք դարձեալ յառաջ շարժելու, այլ խօսքով` մաս առ մաս կլլելու եւ այդ կլլուած պատառը մարսելու համար ինքն իրեն որոշ ժամանակ տալու գործելաոճ մը:
Զինադադարներու հաստատման համաձայնութիւններու կնքումը ռուսական կողմին կ՛արտօնէ թէ՛ գետնի վրայ կատարուած իրողութիւններ ստեղծել, ամրապնդել ու ամրագրել, թէ՛ ալ որեւէ երրորդ կողմի միջամտելու կարելիութիւնը կանխարգիլել: Վերջին զինադադարը, օրինակ, իր ծինին մէջ սպաննեց Իտլիպի վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը հաստատելու տակաւին նոր շրջանառութեան մէջ դրուած սաղմնային գաղափարը:
Սուրիոյ տագնապը տակաւին չէ հասած իր աւարտին, ուստի պէտք է սպասենք յաջորդ փուլին, որուն սկսման ազդանշանը կրնայ տրուիլ որոշ ժամանակ ետք: