ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Բարի եկաք, ճերմակ մազեր`
Մնացած հիւրեր անհրաւէր,
Դուք բազմեցաք գլխուս վերեւ,
Կեանքիս աշնան իբրեւ տերեւ:
Նախ երեւցաք հատիկ-հատիկ,
Պահուըտելով զիս խաբեցիք:
Յանկարծ փչեց ձմրան մրրիկ,
Գլուխս ամբողջ դուք պատեցիք:
Ի՛նչ է արդեօք իմաստը ձեր`
Սիրուհիիս զրկա՛նք, նուէ՛ր,
Իմաստութեան մեծ նշաննե՛ր
Կամ թէ գլխուս զարդ նորաձեւ:
Մի՛ նեղուիք դուք իմ խօսքերէս,
Մնացէք միշտ ժպտուներես:
Կ՛ուզեմ ըլլալ ես հաշտարար,
ձեզ հետ մնալ քաղաքավար:
Բարի եկաք, ճերմակ մազեր:
Շատ լաւ գիտեմ իմաստը ձեր,
Սակայն հիմա կ՛ուզեմ մոռնալ,
Ճակատագրէս փախուստ մը տալ:
Մինչեւ հասնի օրը ճերմակ`
Իմ մազերուս իբրեւ գլխարկ,
Որ չեմ կրնար ալ զայն հանել,
Պահ մը գոնէ անդին նետել:
Լիբանան