Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայբառ» Անհրաժեշտ Բառարանը

March 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քանատայի եւ Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երեք թեմերուն` կը սկսի աշխատանքը հայերէնի առցանց բացատրական բառարանի մը պատրաստութեան` համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանին:

«Հայբառ» անունով կնքուած այս բառարանը պիտի ըլլայ թուայնացած (digital/ numérique), պիտի զետեղուի առցանց (online/en ligne) եւ բոլորին պիտի մատուցուի անվճար: Պիտի ընդգրկէ 60.000 գլխաբառ եւ դարձուածք` թէ՛ արեւմտահայերէն` դասական եւ թէ՛ արեւելահայերէն` ժամանակակից ուղղագրութեամբ, մէկէն միւսը անցումին ալ դիւրութեամբ:

Բառարանը պիտի պատրաստուի ըստ բառարանագրութեան նորագոյն սկզբունքներուն, համակարգչային օգտագործման արդի միջոցներով, նմանողութեամբ ֆրանսերէն եւ անգլերէն հանրածանօթ ու ակադեմական բառարաններու մօտեցումներուն: Այս բառարանը հայ իրականութեան մէջ առաջինը պիտի հանդիսանայ իր տեսակին մէջ:

Բազմաբովանդակ բառարանը պիտի ներկայացնէ բառերու ուղղագրութիւնը, տառադարձութիւնը, ստուգաբանութիւնը, իմաստաբանութիւնը, բառակապակցական հնարաւորութիւնները, արտասանութիւնը եւ այլն: Բառարանին մաս պիտի կազմեն մանաւանդ նորաբանութիւնները: Պիտի տրուին` նախադասութեան մէջ բառերու գործածութեան օրինակները, բայերու խնդրառութիւններն ու խոնարհումները, անուններու եւ դերանուններու հոլովումները, հոմանիշներ, հականիշներ եւ այլ յատկանիշեր` ներառելով գլխաբառերէն կազմուած ասոյթներն ու դարձուածքները, եւ օժտուած պիտի ըլլայ ուղղագրական ու քերականական ստուգիչ յայտագրերով: Նաեւ բառարանէն օգտուողները պիտի ունենան հնարաւորութիւնը` յարաբերելու իրարու եւ խմբագրութեան հետ, ստեղծելու իրենց սեփական անկիւնը:

Բառարանի համակարգչային կառոյցը պիտի տայ` ապագային բառարանը նկարազարդելու, այլազան նոր բաժիններ աւելցնելու, օտար լեզուներու թարգմանական յղումներ կատարելու, բառապաշարը հարստացնելու եւ բովանդակութիւնը յարատեւ նորոգելու հնարաւորութիւնները:

Բառարանէն պիտի կարենան օգտուիլ` աշակերտ թէ ուսանող, ընթերցող թէ գրող, լրագրող, ուսուցիչ թէ եկեղեցական, իւրաքանչիւրը` ըստ իր որոնած մանրամասնութեան ու մակարդակին:

Այս գործի իրականացումը կը հետապնդէ յատուկ մարմին մը` իր լեզուական եւ տնտեսական յանձնախումբերով,  որ ստանձնած է նաեւ անհրաժեշտ նիւթական կռուանները գոյացնելու պարտականութիւնը եւ մօտ օրէն պիտի դիմէ հանրութեան` նիւթապէս մասնակից ըլլալու համար այս աննախընթաց բառարանի իրականացման:

Բառարանի պատրաստութեան լեզուական ու համակարգչային երեսները վստահուած են Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի հայոց լեզուի ամպիոնին (վարիչ` Եուրի Աւետիսեան, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր) եւ Տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու կրթական և հետազօտական կեդրոնին (գիտական ղեկավար` Սամուէլ Շուքուրեան, ֆիզ.-մաթ. գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս): Անոնց կողմէ պաշտօնի կոչուած է հմուտ մասնագէտներէ բաղկացած անձնակազմ մը:

Երկու կողմերու մասնակցութեամբ յառաջացած կառավարման մարմինը, որուն մաս կը կազմեն վերոնշեալ զոյգ պատասխանատուները` ԵՊՀ-ի կողմէ եւ Ժան Մկրտիչեան ու Վրէժ-Արմէն Արթինեան` Բաբգէն արք. Չարեանի կողմէ նշանակուած, պիտի հսկէ գործի բարեյաջող ընթացքին վրայ:

Նախատեսուած է սոյն աշխատանքը իր լրումին հասցնել մինչեւ 2024 թուականը:

Համոզուած ենք, որ մեր այս աննախընթաց նախաձեռնութեան ներգործութիւնը լեզուականէն-գիտականէն շատ աւելի անդին կ՛երթայ` նպաստելով հայակերտման, հայեցի կրթութեան մակարդակի ու գրագիտութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ մեր զոյգ լեզուաճիւղերու` արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի եւ զանոնք խօսող հատուածներու մերձեցման: Ան պիտի դառնայ հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան կարեւոր օղակ մը եւ բացառիկ միջոց մը` մեր ազգի զարգացման ու մանաւանդ մեր ինքնութեան ամրակայման տեսակէտէն: Անոր բարերար ազդեցութիւնը պիտի զգացուի երկար ժամանակ:

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱԻԷԼԵԱՆ
Առաջնորդ ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ԱռաջնորդԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆ
Առաջնորդ Քանատայի Հայոց թեմի

12 մարտ 2020

 

Նախորդը

Յաւերժութեան Սեմին (Քարէն Եփփէի Մահուան 85-ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.