Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Էրտողանեան Ներխուժումներ

Մարտ 12, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յատուկ բացատրութեան կը կարօտին Անգարայի սուլթանամէտ ղեկավար Էրտողանի կազմակերպած ներխուժումները:

Առաջին ներխուժումը, Սուրիոյ սահմանին մօտակայքը, Իտլիպի շրջանին վրայ կատարուած յարձակումն է Թուրքիոյ բանակին կողմէ: Յարձակում մը, որ ըստ նոյնինքն Էրտողանին, իր երկրի հարաւարեւմտեան սահմանին շուրջ ապահովութիւն ստեղծելու նպատակով կատարուած է:

Իսկ երկրորդը դէպի արեւմուտք ներխուժումն է, որ կը կատարեն Թուրքիա փախուստ տուած հազարաւոր գաղթականներ: Արեւմուտք ըսելով` խօսքը սահմանակից Յունաստանի մասին է, որ ահաւոր վիճակի մէջ կը գտնուի:

Եթէ առաջինի պարագային յարձակողը Թուրքիոյ բանակն է, բան մը, որ տրամաբանական կարելի է նկատել, մանաւանդ որ կը ցոլացնէ Էրտողանի որդեգրած ծաւալապաշտ գործելաձեւը, վերոնշեալ երկրորդ ներխուժումն է, որ իսկապէս հարցադրումի տակ կ՛առնէ սուլթան Էրտողանին նենգամիտ ու սնոտի ընթացքը:

Կրկին անգամ նշենք, որ Սուրիոյ վրայ յարձակողները… Թուրքիոյ տարածաշրջանի պաշտպանութեան համար հրահանգի ենթարկուող զինուորներն են: Այս մէկն ալ հասկնալի է, մանաւանդ երբ պահ մը նկատի ունենանք, որ անոնք իսկապէս համոզուած են իրենց վստահուած պարտականութեան կամ աւելի ճիշդը` ուղեղալուացքի ենթարկուած են:

Սակայն, ինչպէ՞ս բացատրել Եւրոպա ներխուժումը, որուն համար ո՛չ մէկ թուրք բանակային գործուղուած է, այլ` անմեղ գաղթականներ, ըլլան անոնք ալեհեր, երիտասարդ, պատանի կամ նոյնիսկ նորածին: Ահաւասիկ իւրայատուկ օրինակ մը` ռազմական բնագաւառէն ներս outsourcing-ի, որ բոլորովին հեռու է օտար լեգէոնական ըլլալու կամ նոյնիսկ վարձկան զինուոր ըլլալու գաղափարէն:

Արդեօք տրամաբանակա՞ն է վայրկեան մը երեւակայել, որ անզէն եւ նոյնիսկ անօթի գաղթականը հրահանգ ստացած է ներխուժելու, յաչս Թուրքիոյ պաշտպանութեան կամ աւելի ճիշդը` Անգարայի նախագահական Սպիտակ տան բնակիչի մութ հաշիւներուն:

Բնականաբար այս հազարաւոր անմեղներուն մէջ, դիտմամբ ներմուծուած են նաեւ մեղաւորներ, չըսելու համար` պատրաստուած ահաբեկիչներ, միշտ ալ Անգարայի հայեցողութեամբ:

Թրքական իշխանութիւններու փոխադրակառքերով եւ նաւերով այս գաղթականները կը հասնին սահման, ուր այս անգամ կը թուի թէ Եւրոպան միասնաբար գործի լծուած է դէմ դնելու:

Դեռ անցեալ Օգոստոսին էր, երբ Էրտողան քեմալական շարժման եւ Զմիւռնիոյ աղէտին մասին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին լուսանկարուած էր քարտէսով մը, ուր Թուրքիոյ տարածութենէն ներս նկատի առնուած էին նաեւ Եգէական ծովու գրեթէ կէսը, անոր արեւելեան եւ միջին մասերու յունական կղզիները, նոյնիսկ` Կրետէի արեւելեան ծովային մասը:

Եւ դեռ արտայայտուիլ, զրուցել ու բանակցիլ` Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամակցելու նիւթին առնչութեամբ…

Արեւելեան ճակատը հանդարտ չի թուիր ըլլալ, հետեւաբար արեւմտեան ճակատէն ներս կը սպասուի, որ Անգարա լայն բանայ սահմանի դռները` գաղթականներու ճամբով, քաոս ստեղծելով:

Նախորդը

Ախալցխայի Մանկապարտէզների Հայկական Բաժիններում Ուսուցումը Այլեւս Հայերէն Չէ

Յաջորդը

Լրատուական Կամուրջ Արաբական Երկիրներու Հետ. Արմէնփրես»-ը Կ՛ընդլայնէ Համագործակցութիւնը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?