Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցի Արմենակի Կլուունադան

Մարտ 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Հակառակ առողջապահական սպասարկութիւններու զգուշութեան թելադրութիւններուն, որ երէցները տունը մնան խուսափելու համար պսակաձեւ ժահրով (coronovirus) վարակումէ, Արմենակ, երբ ըսելիք ունի, տունէն կ’ելլէ, հանրային փոխադրութեանց միջոցներով քաղաքի հեռու եւ մօտ տեղերը կ’երթայ, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն` կիսուելու համար:

Ընկեր-բարեկամ չեն զարմանար, երբ Արմենակ դրան զանգը հնչեցնէ: Մարտի այս անձրեւոտ կիրակին առանձին եկաւ: Էլպիս ողջմիտ կին է, չէր ընկերակցած: Կեդրոնականցին եկաւ, ըսաւ, որ երկար պիտի չմնայ: Աւելցուց, որ եթէ չգար, աշխարհ չէր քանդուեր:

Մակարուհին սուրճ բերաւ եւ ամառուընէ պահած թուզի անուշ` կասիայի զգլխիչ բոյրով:

– Մակա՛ր, սիրելի՛ս, ամէն անգամ կ’ըսեմ, որ այլեւս պիտի չլսեմ եւ չկարդամ Հայաստանի հեռատեսիլի խօսնակներու եւ պետական մարդոց ըսածը, թերթերու գրածը, բայց երկրի կացութենէն տեղեկանալու հետաքրքրութիւնս հանգիստ չի տար:

– Լաւ կ’ընես, Արմենա՛կ, հայրենիքը հայրենիք է, միշտ ջերմ պէտք է ըլլալ անոր նկատմամբ: Հետաքրքրութիւնն ալ օգտակար է, որ առանձին չզգանք ո՛չ հոն, ո՛չ ալ հոս:

– Ճիշդ ես, բայց Հայկական Բարձրաւանդակի վրայ հազարաւոր տարիներու պատմութիւն եւ հարազատութիւն ունեցող հայերէնին հանդէպ ինչո՞ւ սէր եւ հաւատարմութիւն չունինք: Ան հողին չափ կարեւոր է մեր միութեան եւ միացման համար: Պայման է, որ հայերէնը հայերէն մնայ: Յաճախ կը պատահի, որ եթէ ֆրանսերէնէ, անգլերէնէ, երբեմն ալ թրքերէնէ տեղեակ չըլլամ, չեմ հասկնար, թէ ի՛նչ կ’ըսեն:

Ապա Կեդրոնականցին գրպանէն թղթիկ մը հանեց եւ հատիկ հատիկ կարդաց. «էտալոն, դոմինանտ, կլաս, կոնցեպցիան, գեներալախրանիկ, դիրեկտիվներ, ուլտիմատում, ֆիկտիվ, դիվերսիոն, բանդիտիզմ, կլոունադա®» եւ շարունակեց.

– Տառադարձելով հայերէն բառ կը թխեն եւ ցեցի պէս կը կրծեն Նարդունիի ոսկեղենիկը: Դուրսը հայերէնը ամէն օր կը խեղճանայ: Բայց Հայաստան լեզուագէտներ կան, բանասիրութեան համալսարան եւ դասախօսներ, նախարարութիւններ: Ամէ՞նքն ալ պիզնեսով կը զբաղին, հայերէնն ալ զեղչով ծախելու պիզնե՞ս կ’ընեն:

– Արմենա՛կ, Հայաստան դժուարութիւններ կան, պատերազմ կայ: Երբ կացութիւնը հանդարտի, մարդիկ ժամանակ կ’ունենան լեզուով ալ զբաղելու:

– Եթէ մինչ այդ լեզու մնայ: Այսօր, մեծով պզտիկով, ինչպէս կ’ըսէ նորահնար բառը, կլոունադա կ’ընենք: Երկար մտմտացի հասկնալու համար, թէ ի՞նչ կը նշանակէր կլոունադա:

– Եւ ի՞նչ էր այդ կլոունադան:

– Հտպիտութիւն: Հտպիտները խայտաբղէտ դիմակներ կը դնեն: Հայերէնը կրկէսի խաղ է, բայց զո՞վ զուարճացնելու համար:

Կեդրոնականցին գլխարկը առաւ եւ կլոունադա, կլոունադա կրկնելով` գնաց:

Տիտղոսաւորներ ալ կան, որոնք կլոունադան յառաջդիմութիւն կը համարեն, կը կարծեն դասակարգ փոխել: Clown®

Հայկական վերջին մոհիկան Կեդրոնականցին անյոյս պայքար կը մղէ clown չըլլալու համար: Կլոունադա® Տոն Քիշոթ կամ դոմինանտ էտալոն:

9 մարտ 2020

Նախորդը

Վահէ Օշականի Շարունակական Ահազանգը

Յաջորդը

Մեր Ոսկեղենիկը ( Բ.)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?