Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. 1839-ին Հնչած Այժմէական Զգուշացում Մը

Մարտ 12, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Դեմոկրատական Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ 1932-ին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` ապահովելով քուէներուն 57 առ հարիւրը: 1933-ին անոր երդման արարողութեան ժամանակ աշխատաւորներուն մէկ չորրորդը անգործ էր եւ երկրին արտադրութիւնը 1929-ի Տնտեսական մեծ ճգնաժամին պատճառով նուազած էր կէսի:

Ռուզվելթ ուզեց կացութիւնը դարմանել`  առաջարկելով «Նիւ տիլ»-ը, սակայն 27 մայիս 1935-ին Գերագոյն դատարանը վճռեց, որ ատոր գլխաւոր կէտերէն մէկը` Ազգային ճարտարագիտութեան վերականգնման հրամանագիրը, զոր նախագահը ստորագրած էր 16 յունիս 1933-ին, հակասահմանադրական է եւ ընդգծեց. «Արտակարգ կացութիւններ կրնան արտակարգ դարմաններ պահանջել, սակայն® արտակարգ կացութիւնները սահմանադրական լիազօրութիւն չեն ստեղծեր կամ ընդլայներ»: Այլ խօսքով` կան կարմիր գիծեր, որոնք, առնուազն ժողովրդավարական պետութեան մը մէջ կարելի չէ շրջանցել:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, սակայն, ճիշդ ատիկա կը փորձեն ստեղծել` լուծելու համար քաղաքական խնդիր մը` սահմանադրական դատարանի իրենց հակակշիռէն դուրս ըլլալն ու իրենց համար անախորժ դատաւորներու գոյութիւնը:

Հեգնական է, որ հարցը հանրաքուէի դնելու որոշումը տրուեցաւ 6 փետրուարին` սահմանադրական դատարանի հիմնադրութեան 24-րդ տարեդարձի օրը: Այդ որոշումը տրուեցաւ խնդրոյ առարկայ 7 դատաւորներուն կողմէ իշխանութիւններուն վաղաժամկէտ թոշակի անցնելու եւ աշխատավարձի չափով հետագայ ամբողջ կեանքի ընթացքին կենսաթոշակ ստանալու կաշառք-առաջարկի մերժումէն ետք: Իշխանութիւնները այժմ հսկայական գումար կը ծախսեն եւ կը փորձեն սահմանադրական բարեփոխում կատարել այդ քանի մը դատաւորը գործէ արձակելու համար:

Գործող իշխանութիւնը ներկայիս ունի չափազանց մեծ իշխանութիւն եւ կը ձգտի այդ իշխանութեան ոլորտին մէջ եղող միակ «արատ»-ին` Սահմանադրական դատարանի «խնդրայարոյց» դատաւորներէն ամէն գնով ձերբազատիլ` այդպիսով իրողապէս ունենալով բացարձակ, անսահմանափակ, չհաւասարակշռուած, որեւէ բանով չկաշկանդուած իշխանութիւն: Այդ չարիքը կ՛իրագործուի նախկին իշխանութիւններու մնացորդացէն ձերբազատուելու բարեգործութեան կարգախօսին տակ:

Այս երեւոյթին վերաբերեալ գոյութիւն ունի այժմէական զգուշացում մը: Մարքի Ասթոլֆ տը Քուսթին 1839-ին հրատարակուած իր «Նամակներ Ռուսիայէն» գիրքին մէջ կը նշէ. «Մենատիրութիւնը յոռեգոյնն է, երբ իր պնդումով բարիք կը գործէ, որովհետեւ այդ պարագային իր մտադրութիւններով կ՛արդարացնէ ամէնէն մոլեգին արարքները, եւ դարման նկատուող չարիքը սահման չի ճանչնար»: Պէտք է ականջ տալ անոր զգուշացման կոչին:

 

 

Նախորդը

Ալի Իպրահիմ. «Դրամատուներուն Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը Կարեւոր Է Եւ Անոր Դրական Ազդեցութիւնը Անմիջապէս Պիտի Նկատուի»

Յաջորդը

Վարչապետ Տիապ Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Ներկայ Իրավիճակը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?