Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ոսկեղենիկը ( Բ.)

Մարտ 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Արեւմտահայ թատրոնի եւ առհասարակ հայ թատրոնի գագաթներէն է անզուգական Պետրոս Ադամեանը, որուն թաղման ընթացքին, 5 յունիս 1891-ին, Եղիա Տեմիրճիպաշեան իր դամբանականին մէջ նշեց, որ` «Պետրոս Ադամեան աշխարհ եկեր էր միաժամանակ երեք մեծութիւններ աշխարհին ճանչցնելու համար: Շէյքսփիրի մեծութիւնը, որ այնքան ժամանակ անտես առնուած էր: Մեր մայրենի լեզուին մեծութիւնը, որ այնքան ժամանակ նոյնիսկ արհամարհուած էր, եւ հայ հանճարին մեծութիւնը, որ այնքան ժամանակ անշքացեալ մնացած էր»:

Արեւմտահայերէնին մասին մեր մտորումներուն նուիրուած երկրորդ յօդուածը այս տեղեկութեամբ սկսելու ընտրանքը անշուշտ պիտի ունենար իր պատճառը: Պետրոս Ադամեան մէկն է այն երրորդութենէն, որ իր օրին, երբ պոլսահայ թատրոնը կը գտնուէր իր փառքի գագաթնակէտին, այլ նուիրեալներու կողքին, ամէն կերպ ջանաց Պոլսոյ հայեվարէն ձեւ, կեանք եւ ոգի ստացած արեւմտահայերէնը տարածել, խօսիլ, ծանուցել եւ զայն դարձնել զանգուածներուն սեփականութիւնը: Երրորդութեան միւս անդամները կը կոչուին Յակոբ պէյ Պալեան եւ արեւմտահայ բեմին շողշողուն աստղը` Ազնիւ Հրաչեայ:

Արուսեակէն եւ Երանուհի Գարագաշէն ետք,  արեւմտահայ մեծագոյն դերասանուհին` Ազնիւ Հրաչեայ, որուն ժամանակակից է նաեւ այլ գագաթ մը` Սիրանուշ, չափազանց շահեկան տեղեկութիւններ կը փոխանցէ մեզի Պոլսոյ Միջագիւղ թաղի այն մթնոլորտին մասին, որ կը տիրէր 1872-ին: Պոլսոյ հայեվարին արդէն որոշ բարեկարգումներու ենթարկուած է, եւ արեւմտահայերէնը բաւական մը ձեւաւորուած է` նոր բառերու, ըսելաձեւերու, դարձուածքներու եւ ոճի իմաստով: Սակայն բուռն պայքարի մը սկիզբն է նաեւ` գրաբարի եւ արեւմտահայերէն աշխարհաբարի ջատագով հոսանքներուն միջեւ, որոնք կը գլխաւորուէին մէկ կողմէ Էմանուէլ Եսայեանի եւ միւս կողմէ` Արեւմտահայերէնի ճակատը կը գլխաւորէին Յակոբ պէյ Պալեան եւ Նահապետ Ռուսինեան:

Ազնիւ Հրաչեայ եւ Պետրոս Ադամեան այդ տարի մաս կը կազմէին Մաղաքեան թատերախումբին եւ Յակոբ պէյ Պալեան երկուքին խոստացած էր մէկական հնչուն ոսկի տալ, ամէն անգամ որ բեմէն պարոնի փոխարէն տիար արտասանէին: Ներկայացումներու ընթացքին Պալեան եւ Ռուսինեան, թուղթ եւ մատիտ բռնած, կը նշէին արտասանուած տիարներուն թիւը, եւ իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք, ինչպէս Ազնիւ Հրաչեայ կը հաստատէ իր յուշերուն մէջ, Ադամեան եւ ինք 50-ական հնչուն ոսկի կը ստանային, որովհետեւ ամէն անգամ անընդհատ կը կրկնէին տիար բառը:

Ասիկա հեքիաթ մը չէ, եւ թէ՛ Նշան Պէշիկթաշլեան, թէ՛ Շարասան, թէ՛ ալ Յակոբ Սիրունի կը հաստատեն, որ Յակոբ պէյ Պալեան նման քայլի դիմած էր արեւմտահայերէնը տարածելու համար: Անշուշտ պայքարը, որ մղուեցաւ գրաբարի պաշտպան ճակատին դէմ, շատ արագ իր թափը կորսնցուց, որովհետեւ պոլսահայ զանգուածը դպրոցներու, թատրոնի, մամուլի, նաեւ առօրեայ ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ շատ աւելի արագ իւրացուց արեւմտահայերէնը, որ կառուցուած էր իր խօսած պոլսական հայեվարին վրայ:

Արեւմտահայերէն գրականութեան երեք ժամանակաշրջանները` ռոմանթիկ, իրապաշտ եւ գեղապաշտ, տուին մեր գրականութեան մեծագոյն եւ անկրկնելի բանաստեղծները, երգիծաբանները, վիպագիրները, արձակ գրութիւններու վարպետները: Անուններ, ինչպէս օրինակ, Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան, Ինտրա, Երուխան, Գրիգոր Զոհրապ, Զապէլ Եսայեան, Սիպիլ, Պետրոս Դուրեան ու մանաւանդ Միսաք Մեծարենց, Դանիէլ Վարուժան,  Սիամանթօ եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք արեւմտահայերէնը հասցուցին իր կատարելութեան` յղկելով, նորարարելով, դարմանելով եւ ադամանդեայ իր վերջնագոյն վիճակին հասցնելով: Երբ գեղապաշտ շրջանը կասեցուեցաւ այնքան վայրագօրէն` Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրին պատճառով, արեւմտահայութեան մնացորդացը` ցիր ու ցան ըլլալէ ետք, ահա Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս, ինչպէս Ֆրանսա, միջինարեւելեան ոստաններ, մեծութիւններ լծուեցան աշխատանքի եւ գլուխ գործոցներ իրարու յաջորդեցին:Արամ Հայկազ, Բենիամին Նուրիկեան, Համաստեղ եւ իրենց սերնդակից գրողները լաւապէս հասկցած էին, որ ամերիկեան ափերուն վրայ հայը ենթակայ է ձուլման, եւ ասոր դէմ դնելու լաւագոյն զէնքը լեզուն էր, այն հիանալի ոսկեղենիկը, զոր ժառանգած էին պոլսահայ մեծութիւններէն: Եւ մամուլ, գիրք ու դասագիրք, ամերիկեան տարբեր քաղաքներու մէջ տարիներ ու տարիներ պահեցին ու պահպանեցին արեւմտահայերէնը` պաշտամունքի հասնող գուրգուրանք մը տածելով անոր հանդէպ:

Արեւմտահայերէնի կտրած ուղին` պոլսահայ իրականութենէն մինչեւ մեր օրերը, բնաւ դիւրին եւ հեզասահ չեղաւ: Եւ երբ տեղական պայմաններ` կենցաղ, լեզու, բարքեր եւ սովորութիւններ, սկսան խուժել եւ բազմիլ մեր առօրեային մէջ, ամէնուրեք զգացուեցաւ արեւմտահայերէնի սպառնացող վտանգ մը: Այսօր այդ վտանգը ոչ թէ չքացած է, այլ գաղտնիք մըն ալ չէ, որ առաւել շեշտուած է: Այնպիսի ուժգնութեամբ, որ կտրուկ, ազդեցիկ եւ իրական քայլերու ու ծրագրերու կը կարօտի, որպէսզի վերադարձուի անոր երբեմնի փառքը: Այն օրերու փառքը, երբ Պոլսոյ մէջ սիամանթոներու, վարուժաններու, զարդարեաններու, սեւակներու եւ անոնց ժամանակակիցներուն ամբողջական ուշադրութեան եւ նուիրումին շնորհիւ` կը բոցավառէր եւ կը մաքրագործէր թէ՛ ինքզինք, թէ՛ իրմով հաղորդակցողները:

 

 

Նախորդը

Կեդրոնականցի Արմենակի Կլուունադան

Յաջորդը

Յաւերժութեան Սեմին (Քարէն Եփփէի Մահուան 85-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?