Հանդիպում` Յունահայ Կառոյցներու
Ներկայացուցիչներուն Հետ
Աշխատանքային այցելութեամբ Յունաստան գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ, 6 մարտին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեսակցեցաւ յունահայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Երեկոյի բացումը կատարեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան, որ հակիրճ կերպով տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւնները` յատուկ անդրադարձ կատարելով Յունաստանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին ստեղծուած ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտին ու արծարծուած հարցերուն: Յաջորդաբար ան կարեւորեց յունահայ կառոյցներուն հետ հանդիպումը, որ առիթ կը ստեղծէ գաղութային գործօններուն անմիջական կերպով իրազեկ ըլլալու ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան` հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութեան մէջ Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան մասին` նշելով այն բոլոր հարցերը, որոնց համար կուսակցութիւնը դիմած է գործնական քայլերու, կամ` յստակ քաղաքական կեցուածքներու եւ առաջարկներու ներկայացումին:
Ան ծանրացաւ Արցախի մէջ եւ անոր համար կատարուած քաղաքական գործունէութեան, Արցախի հիմնախնդիրի լուծման ներկայ զարգացումներուն վրայ, ապա ներկայացուց Դաշնակցութեան մասնակցութեան առաջադրանքները` նախագահական եւ խորհրդարանական զոյգ ընտրութիւններուն:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ դատի աշխատանքներուն` աշխարհասփիւռ ՀՅԴ Հայ դատի յաձնախումբերուն կողմէ իրականացուող, կարեւորելով տարբեր ցամաքամասերուն մէջ տասնեակ տարիներ գործող կեդրոնական գրասենեակներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ նշանակալից նուաճումները:
Իր խօսքի աւարտին Յ. Տէր Խաչատուրեան մասնաւորեց ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման համար եւ սփիւռքի դիմագրաւած հարցերուն անդրադարձաւ, հայրենիքէն հեռու հայու ինքնութեան եւ հայեցի կրթութեան տագնապներու դիմագրաւումին, Հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, հայրենադարձութեան եւ սփիւռքի ներուժը հայրենիքի ի սպաս դնելու կարելիութիւններուն:
Լայն եւ բովանդակալից զեկոյցի աւարտին ներկաները բազմաթիւ հարցումներով եւ տեսակէտներու արտայայտութեամբ հետաքրքրական եւ շինիչ զրոյց մը ծաւալեցին Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ:
Հանդիպում` Թեսաղոնիկէի Մէջ
Կիրակի 8 մարտ 2020-ին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Թեսաղոնիկէ, հանդիպում ունեցաւ շրջանի հայութեան հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցաւ հիւսիսային Յունաստանի կոմիտէութիւններու ժողովին:
Հայութեան հետ հաւաքին բացումը կատարեց ՀՅԴ «Գասապեան» կոմիտէին կողմէ Յովիկ Գասապեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մանրամասն կերպով ներկայացուց Դաշնակցութեան գործունէութիւնը հայրենիքի մէջ` իր քաղաքական եւ հասարակական երեսներով, անդրադարձ կատարեց Դաշնակցութեան հիմնական կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն` Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին առնչութեամբ, ապա լայնօրէն խօսեցաւ Արցախի, Հայ դատի աշխատանքներուն եւ սփիւռքեան իրականութեան մէջ անոր հիմնական գործունէութեան մասին: Ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներու ճամբով ստանալ յաւելեալ բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ զրոյցը ընթացաւ յատկապէս Հայաստանի ներքաղաքական իրականութեան շուրջ: Ամփոփելով ժողովրդային հաւաքի ընթացքին արտայայտուած միտքերը` Սերգօ Գույումճեան մատնանշեց, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին այցելութիւնը Յունաստան կը միտէր հայորդիները աւելի հաղորդ դարձնել ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական օրակարգերուն եւ գործունէութեան` մասնաւորելով Դաշնակցութեան կենսական դերակատարութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին:
Աթէնքի Մէջ 6 Նորագիրներ
Միացան ՀՅԴ Շարքերուն
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի կնքահայրութեամբ, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին 6 նորագիրներ մուտք գործեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը: Նորագիրները կատարեցին իրենց երդումը` հաւատարիմ մնալու հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան վսեմ սկզբունքին եւ յանձնառութեան: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նորագիրներուն ուղղած խօսքին մէջ մատնանշեց Դաշնակցութեան 130-ամեայ ծառայութեան մեծութիւնը եւ յորդորեց նորագիրները` ծառայել հայ ժողովուրդին, կառչիլ հայրենիքի գաղափարին եւ հաւատարմօրէն նուիրաբերել իրենց ամբողջ ուժը հայութեան արդար դատի իրականացման:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ ընկերական ժողովի ընթացքին լայնօրէն զեկուցեց ՀՅ Դաշնակցութեան հայրենի եւ աշխարհասփիւռ գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մասին:
Յունաստանի Մէջ
Հայաստանի Դեսպանին Հետ
5 մարտին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի, որուն հետ քննարկեց յունահայ գաղութի իրավիճակը, Հայաստան-Յունաստան յարաբերութիւնները, Արցախի հիմնահարցը, Հայ դատի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմանի համաձայնագիրէն թելադրուած աշխատանքներու նիւթեր:
Զրուցակիցները անդրադարձան Յունաստանի սահմանին վրայ ստեղծուած բարդ իրավիճակին եւ Թուրքիոյ բացասական դերակատարութեան ու կանխատեսելի զարգացումներուն:
Այցելութիւն`
Ազգային Առաջնորդարան
ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց նաեւ յունահայոց ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ թեմակալ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն հետ,
Զրոյց ծաւալեցաւ յունահայ գաղութի իրավիճակին, ազգային, հոգեւոր ու կրթական կեանքին մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի հայ գաղութներուն դիմագրաւած հարցերուն, ապագայ մարտահրաւէրներուն նկատմամբ զգօն գտնուելու եւ համախումբ աշխատելու կարեւորութեան:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան գնահատեց յունահայ գաղութին մէջ մեծ թափով ու մղումով տարուող բոլոր աշխատանքները` կարեւոր նկատելով բոլորին ներդրումը այս ընթացքին մէջ: