Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռչակագրի Նախագիծը

Մարտ 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

11 մարտ 2020-ին վարչապետ Փաշինեան Գորիսի իր հանրահաւաքի ընթացքին կը բացայայտէր նախագիծը հռչակագրի մը, որ պիտի յաջորդէ ապրիլ 5-ի ժամկէտով նախատեսուած հանրաքուէին: Նախագիծը արդէն լայնօրէն հրապարակուած է պետական լրատու համակարգին կողմէ` ինքնաբերաբար նախապաշարելով Հայաստանի ընտրազանգուածը ամէնուրեք:

Մէկդի թողնելով այն հանգամանքը, որ համապետական հռչակագիր մը պէտք է բխի ներկայացուցչական ժողովի մը (այս պարագային` Հայաստանի Ազգային ժողովին) իրաւասութենէն միայն եւ հաստատուած ընթացակարգի լիարժէք կիրարկումով, կարեւոր է հարց տալ, թէ պր. վարչապետը իր այս նախագիծը կը հրապարակէ յանուն որո՞ւ եւ ի՞նչ հանգամանքով: Ո՞վ կը ներկայացնէ ինք եւ ո՞րն է պաշտօնական հանգամանքը այն հաւաքին, որուն կը ներկայացուի յիշեալ նախագիծը:

Հանրութեան յիշողութեան մէջ դեռ շատ թարմ են այն օրերը, երբ պր. վարչապետը «զօրակոչ»-ի կ՛ենթարկէր փողոցը` ընդդէմ Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ կը յայտարարէր, որ փողոցի հաւաքականութիւնն էր իրեն համար միակ ընդունելի խորհրդարանը® Ինք այդ հաւաքականութիւնը կը կոչէր «ժողովուրդ»` քաջ գիտնալով, որ այդ «ժողովուրդ»-ը որեւէ ձեւ եւ հմտութիւն, եւ որեւէ օրինական ձեռնհասութիւն,  եւ չէր կրնար ունենալ օրէնսդիր իշխանութիւնը փոխարինելու, եւ որ` այդ սուտ հռետորաբանութիւնը ընդամէնը կոչուած էր երկրին մէջ մենատիրութիւն հաստատելու: Հանրութեան յիշողութեան մէջ նոյնքան թարմ են այն օրերը, երբ պր. Վարչապետը «զօրակոչ»-ի կ՛ենթարկէր նոյն փողոցի հաւաքականութիւնը, այս անգամ ճնշման տակ առնելով երկրի դատարանները:

Եւ ահաւասիկ, կրկին կը գտնուինք օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու իրաւասութիւններէն ներս ոտնձգութիւն կազմակերպելու նոյն յանցաւոր արարքին առջեւ: Հռչակագրի նախագիծը, իր էութեամբ, ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ նորօրինակ միջամտութիւն մը` եռեակ իշխանութիւններու տարանջատութեան սկզբունքի սահմաններէն ներս: Նախագիծը յստակօրէն կը բացայայտէ գործադիր իշխանութեան իսկական դիտաւորութիւնները:

Բոլոր անոնք, որոնք իրենց գրաւը դրած են այս իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած այս խաբուսիկ հանրաքուէին վրայ, պէտք է բաց աչքերով կարդան այս նախագիծը: Ամէն ինչ ըսուած է հոտ: Ամէն ինչ` յստակօրէն նախագծուա՛ծ: Հիմա է իրականութիւնը տեսնելու ժամանակը: Եւ հիմա է ժամանակը աննախապաշար եւ ազգին գերագոյն շահերէն բխող վճռական գործի:

Կը գտնուինք հրամայական կացութեան մը առջեւ: Իմ կոչն է պր. նախագահին, պր. վարչապետին եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պր. նախագահին, որ միասնաբար եւ անյապաղ առնեն անհրաժեշտ քայլերը այս հանրաքուէն չեղեալ յայտարարելու (քանի դեռ ուշ չէ) եւ սկիզբը դնելու մէկ նոր եւ իսկական, համազգային գործընթացի Հայաստանի Սահմանադրութեան բարելաւման խնդիրները հանրութեան սեղանին բերելու` լիովին յարգելով սահմանադրութեան տառն ու ոգին եւ նախանձախնդրօրէն պահպանելով եռեակ իշխանութիւններու հաւասարազօրութեան եւ անկախութեան հիմնարար սկզբունքը:

12 մարտ, 2020

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1970)

Յաջորդը

Թուրքիոյ Նախագահը Փոքրամասնութիւններու Ղեկավարներուն Կը Հրամայէ Ստորագրել Քարոզչական Նամակ Մը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?