Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանային Արկածախնդրութիւններ` Ողբերգական Հետեւանքներով

March 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատ Օր»

«Էւրոսի սահմանագիծին վրայ պիտի ուղարկենք յատուկ ուժերու 1000 ոստիկաններ` լրիւ զինուած, թրքական հողերէն դուրս պահելու համար գաղթականներու հոսանքները, որոնք Յունաստանին կողմէ կը կասեցուին սահմաններուն վրայ», անցեալ հինգշաբթի յայտնեց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու:

Ակներեւ է, որ Թուրքիա այլեւս պատերազմական թատերաբեմի կը վերածէ Էւրոսի սահմանագիծը` աննախադէպ հետեւանքներով:

Հազար թուրք ոստիկանները պիտի տարածուին Էւրոս գետի թրքական ցամաքին վրայ` զանազան միջոցներով դիւրացնելու համար գաղթականներու ապօրինի մուտքը Յունաստան:

Պահ մը մտաբերենք հետեւեալ պատկերը:

Թուրքերը լաստերու մէջ կը տեղաւորեն գաղթականները, որոնց կը ստիպեն անցնիլ յունական ցամաքամաս:

Բնականաբար յունական ուժերը ձեռնածալ պիտի չմնան, գաղթականները ետ պիտի մղեն դէպի Թուրքիոյ ցամաքը:

Նախարարին համաձայն, թուրքերը պիտի կասեցնեն վերադարձը` քիմիական եւ արցունքաբեր ռումբեր նետելով գաղթականներուն վրայ, հաւանաբար` կերպընկալէ փամփուշտներ պիտի արձակեն, իսկ գիշերները, մութին մէջ հաւանական է, որ իրական փամփուշտներ եւս գործածուին:

Թուրքիոյ ծրագիրը աւելի քան յստակ կը դառնայ:

Գաղթականները կա՛մ խեղդամահ պիտի ըլլան` Յունաստանը ամբաստանելով, որ անմեղ մարդիկ կը սպաննէ, կա՛մ ալ թրքական ուժերը պիտի փորձեն առանց որեւէ հակակշիռի` իրարանցում ստեղծել գետի յունական ափին վրայ, որպէսզի գաղթականները ի վերջոյ կարողանան ոտք դնել Յունաստան:

Իսկ յունական ապահովական ուժերը կրնա՞ն արդեօք ձեռնածալ մնալ: Աշխարհի վրայ չկայ զօրք կամ ոստիկանական ուժ, որ անպատասխան կրնայ ձգել կատարուած ոտնձգութիւնը: Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ յունական կողմը իր ազդու պատասխանը տայ®

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան վտանգաւոր խաղերու մէջ մտած է: Ան կրակով կը խաղայ, որուն մէջ կը ներքաշէ Յունաստանը եւ տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին Սուրիոյ գաղթականութեան հետ, այլ Թուրքիա հասած են Ասիոյ զանազան երկիրներէ®

Յունաստան պարտի ցուցաբերել պաղարիւնութիւն եւ կատարել զգուշաւոր եւ նուրբ շարժումներ, որոնք սակայն բաւարար չեն:

Եւրոպան պարտի գործնապէս զօրակցիլ Յունաստանին: Ազնիւ խօսքերով եւ մաղթանքներով կարելի չէ կացութիւնները շրջել: Գերմանիոյ նման երկիր մը, կարծէք, անտարբեր կը դիտէ ստեղծուած իրավիճակը եւ որեւէ յանձնառութեան տակ չի մտներ գաղթականներու հարցին լուծման համար: Յունաստան մինակ կանգնած կը թուի ըլլալ «սուլթան»-ին կողմէ միջազգային օրէնքին ու կանոններուն կոպիտ խախտումներուն եւ ոտնահարումներուն դիմաց:

Յունաստանի սահմանները նաե՛ւ եւրոպական սահմաններ են: Եւրոպան պարտի իր սահմաններուն տէր կանգնիլ:

9 մարտ 2020

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Հակառակորդները Կը Միանան

Յաջորդը

Ընկերական Մտորումներ. ՏԵՍԱԿԸ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.