Կարպիս Գույումճեանի Յիշատակին
Գիտէի, որ հիւանդութենէ կը տառապէր եւ փորձեցի քանի մը անգամ տեսնուիլ։ Հեռաձայնեցի․ Պուրճ Համուտ էր։ Խօսեցանք․ շատ հանգիստ չէր։ Տեսնուեցանք, զրուցեցինք։ Յետոյ իմացայ, որ հիւանդանոց փոխադրուած է։ Նոյն օրերուն, ծանր դէպք մը անցընելով, ես կը մնայի տունը՝ շարժելու անկարող։ Հազիւ հանգստացած՝ փափաքեցայ այցելել։ Իմացայ, որ փոխադրուած է Այնճար։ Ժամանակին նեղուած էինք իրարմէ, եւ մարդիկ փորձած էին աւելի խորացնել այդ նեղութիւնը։...



















