«Հարսանիք Լեռներում»
Բժիշկ ՏԻԳՐԱՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Գարունը իր իրերայաջորդ երկու՝ ապրիլ ու մայիս ամիսներով հակասական ապրումներու ու մտորումներու տեղիք կու տայ։ Մեր ազգի ցաւն ու տառապանքը մարմնաւորող ապրիլը, չսպիացող վէրք հանդիսանալով հանդերձ, չվերածուեցաւ ազգի ինքնակործանման ու ինքնաոչնչացման ազդակի, այլ եղաւ յառաջիկայ հայկական մայիսներու կերտման խորհրդանիշ։ Կարելի չէ անջատաբար դիտարկել 1918 թուականի Մայիսեան Արարատեան դաշտավայրի եկեղեցիներու թախծող ու արիւնաքամ, բայց միաժամանակ վճռական ու պարտաւորեցնող...


















